Մատղաշներու Կտակը. «Հայրենիք» – Դաժան կռւում դուք ընկաք, Ջահել ջիւան տղաներ…
09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 –
Խմբագրական
«Դաժան կռւում դուք ընկաք,
Ջահել ջիւան տղաներ…»
2000 – 2020․․․
Եւ այս թուականներուն դիմաց՝ անուններ։ Անոնք այդ հերոսներն են, որոնք որդեգրած են տարբեր ճանապարհ, տարբեր ուղի, կամ, նկատի ունենալով իրենց տարիքը՝ տարբեր մասնագիտութիւն։
Փոխանակ իրենց երիտասարդութիւնը վայելելու, ուսանելու, ընտանիք կազմելու, անոնք մեկնած են ճակատ, նետուած են պատերազմի դաշտ, սուր եւ սրբազան պատերազմի․․․։
Պարզ սակայն գիտակից երիտասարդներ են անոնք, համալսարան յաճախող կամ աշխատաւոր ու ճակտի քրտինքով իրենց կեանքը վաստակող երիտասարդներ, որոնք իրենց գիտակցական տարիքը թեւակոխելէն ասդին, ամէն օր հետեւեցան ու համտեսեցին Արցախի ժողովուրդի տագնապներն ու տառապանքը։
Նոյնիսկ 2001-ի եւ 2002-ի ծնունդներ կան ժամանակակից հայոց պատմութեան էջերուն ոսկեայ տառերով քանդակուած հերոսներուն շարքին։ Կան նաեւ աւելի երէցներ, միջին տարիքի մօտեցողներ…
2000 – 2020․․․ Երկու թուականներ՝ պարզապէս գիծո՞վ մը բաժնուած։
Ո՛չ. կարելի չէ արագ ու անտարբեր անցնիլ այս թուականներուն վրայէն, կարելի չէ չափսոսալ մեր մատղաշ նահատակներուն, աւելի՛ն՝ չնախանձիլ անոնց։
Շատ անարդար է 2000-ին քով դրուած գիծն ու անոր յաջորդող թուականը։
Այս տղաքը ապագայ ունէին իրենց դիմաց, կրնային արտագաղթել, հայրենիքէն ու ժողովուրդէն հեռանալ, բռնել օտարացումի ճամբան։ Բայց անոնց «պունիաթը» տարբեր էր։ Անոնք պիտի բարձրանային գագաթ, ո՛չ թէ Արարատ կամ ալ Արագած, այլ Մռաւ եւ Խուստուփ։ Անոնք հազիւ թէ փոքր անցեալ մը կազմած էին, սակայն ահա կերտեցին ամբողջ ներկայ մը եւ յաւերժացան անսահման ապագային մէջ:
Քաջութիւն եւ խիզախութիւն կ՛ուզէ անոնց սխրանքը։ Անոնք «իմացեալ մահուան» ճամբան ընտրեցին արիաբար, քաջ գիտնալով, որ ընդհատելով իրենց «կեանքի գիծ»-ը, յոյս պիտի առթէ իրենց նմաններուն եւ ողջ հայութեան: Անոնք մարմին տուին «ամենայն տեղ մահը մի է… Բայց երանի որ իր ազգի ազատութեան կը զոհուի» տողերուն:
Մատղաշ հերոսները հազիւ երկու տասնեակ տարի ապրեցան, սակայն անոնց անունները պիտի մնան յաւիտեան, պիտի արձագանգեն ու շարունակ պիտի կրկնուին։
Անոնք չէին ծնած, երբ Արցախը բազում նահատակներով շահեցաւ իր ազատութիւնը: Միայն կարդացած էին կամ լսած՝ այդ օրերու սխրանքներուն մասին։ Սակայն այդչափն ալ բաւարար էր այս վիթխարի հերոսներուն՝ տիտաններուն, որպէսզի ժառանգեն Արցախեան ազատամարտի հերոսներուն ոգին, հետեւին Հայկի, Արամի եւ բոլոր դարերու մեր անմահ նախահայրերու օրինակին։
«Լեռներու հարսանիք»-ին նորագոյն աստղերն էին, փեսանե՛րը՝ այս երիտասարդ հերոսները։
Կար ժամանակ, երբ կ’երգէինք՝ «Տօ՛, լա՛ճ տնաւեր»: Այսօր, հայրենիքի պահպանման մարտերուն ինկած այս տղաքը շահած են «տնաշէն»-ի փառքն ու պատիւը։
«Դաժան կռւում» ինկած պաշտելի՛ հերոսներ. դուք արհամարհեցիք եւ ոտնակոխեցիք ձեր «ես»-ը։ Հաւանաբար քմծիծաղով մէկդի շպրտեցիք ձեր շահերը։ «Եարի փոխան զէնք» գրկեցիք եւ այդ զէնքով նահանջի մատնեցիք վիշապ ազերին, թուրքն ու անոնց վարձկանները։ Ձեր գործը կը շարունակուի տակաւին:
Դուք երկա՜ր պիտի ապրիք, տղա՛ք, շա՜տ երկար։ Արցախի ու Հայաստանի սուրբ հողին իւրաքանչիւր հիւլէն հպարտ է ձեր հերոսութեամբ, ձեր սիրտերը կը բաբախեն ու անվերջ պիտի բաբախեն իւրաքանչիւր հայու կուրծքին տակ: Նորածիններ պիտի ժառանգեն ձեր անունները…
Լուսաւոր պատգամ մըն է ձեր ՄԱՏՂԱՇ ԿՏԱԿԸ. ծնեալ՝ 2000-ի եւ անմահացած՝ 2020-ին:
yerakouyn.com/2020/10/09/մատղաշներու-կտակը-հայրենիք/