33 Տարի Ետք ԱՍԱԼԱ-ի Մարտիկին Աճիւնները Փարիզ Փոխադրուեցան

Լեւոն ԷքմէքճեանիԼեւոն Էքմէքճեան
05 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
ԱՍԱԼԱ-ի (Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ) անդամ Լեւոն Էքմէքճեանի աճիւնները Փարիզ փոխադրուած են: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն: Նշենք, որ աճիւններու փոխադրութիւնը կատարուած է Փարիզ բնակող Էքմէքճեանի հարազատներուն ցանկութեամբ:

Այս մասին նաեւ գրառում մը կատարած է պոլսահայ լրագրող Հրանդ Գասպարեան: Գասպարեան իր Ֆէյսպուքեան էջին գրառում մը ընելով հաստատած է աճիւններու փոխադրութեան լուրը ու նաեւ հաղորդած ,թէ աճիւններու փոխադրութեան հանգամանքներուն մասին մամլոյ ասոպւլիս պիտի կայացուի յառաջիկայ 7 Յունուարին Պոլսոյ մարդկային իրաւանց գրասենեակին մէջ:

Նշենք, որ Էքմէքճեան 1983 թուականին Զօհրապ Սարգիսեանի հետ յարձակում գործած էր Անգարայի էսէնպողա օդակայանին մէջ գտնուող թուրք զինուորներու կեդրոնի մը վրայ եւ կրակ բանալով սպաննած 9 ու վիրաւորած են 82 անձեր: Դէպքին վայրը սպաննուած է նաեւ ԱՍԱԼԱ-ի անդամ Զօհրապ Սարգիսեան, մինչ Էքմէքճեան ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք կալանաւորուած է: Պէյրութ ծնած Էքմէքճեան վեցամսեայ տանջանքներ կրելէ ետք մահապատիժի կ’ենթարկուի: ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկը արդի Թուրքիոյ պատմութեան մէջ եղաւ վերջին բանտարկեալը, որ մահապատիժի կ’ենթարկուի:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները հայ մարտիկին մահապատիժի ենթարկած են 33 տարի առաջ ՝ 23 Յունուար 1983-ին:

http://www.arevelk.am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail