Մոսկուայի Մէջ Բանակցութիւններ` Մարդասիրական Զինադադար Հաստատելու Հարցով. Թշնամին Կը Շարունակէ Թիրախաւորել Արցախի Մայրաքաղաքը

The entrance of the enemy to hell

Մոսկուայի Մէջ Բանակցութիւններ` Մարդասիրական Զինադադար Հաստատելու Հարցով. Թշնամին Կը Շարունակէ Թիրախաւորել Արցախի Մայրաքաղաքը

10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020

The entrance of the enemy to hell

Երէկ, արցախեան նորօրեայ գոյամարտին, 14-րդ օրն ըլլալով, թշնամի Ազրպէյճանը, Թուրքիոյ անմիջական եւ ուղղակի աջակցութեամբ, շարունակեց Արցախի բնակելի շրջաններու եւ մանաւանդ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ռմբակոծումը:

Միւս կողմէ, կանուխ առաւօտեան Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ 10 ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հաստատուած է մարդասիրական զինադադար:

Թշնամին Կրկին Հրթիռային Հարուած
Հասցուցած Է Ստեփանակերտին

 Թշնամին երէկ կրկին հրթիռային հարուած հասցուցած է Ստեփանակերտին: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին երէկ` ուրբաթ, 9 հոկտեմբերին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան  նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ըստ անոր, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները վերլուծելով, կասկածներ ունի, որ այդ երկրին մէջ ռազմավարական կառավարման համակարգը խաթարուած է:

«Առնուազն քանի մը անգամ պատերազմի ընթացքին տեսած ենք, որ Ալիեւը կը կատարէ բաներ, որոնք ընդհանրապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան: Շատ կասկածներ եւ մտահոգութիւններ կան այդ առնչութեամբ, որ Ազրպէյճանի մէջ ռազմավարական կառավարման համակարգը խաթարուած է: Ես կ՛ըսեմ ասիկա` վերլուծելով վերջին իրադարձութիւնները», նշեց ան:

Ան դիտել տուաւ, որ ռազմական պատմութեան մէջ յաճախ եղած են դէպքեր, երբ անյարմար բաները, անյաջողութիւնները վերադասին չեն զեկուցուած: «Հետեւաբար, խաթարուած է ռազմավարական կառավարման համակարգը եւ շատ հաւանական է, որ Ալիեւը յայտնուած է այդ ծուղակին մէջ», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Ան շեշտեց, որ հայկական կողմը նոյն վանտալութեամբ չի պատասխաներ Ազրպէյճանի կատարած վանտալութեան` անդրադառնալով թշնամիին կողմէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ հրթիռակոծութեան պատասխանը տալուն: «Զինուորականները շատ լաւ գիտեն իրենց ընելիքը, գիտեն, թէ ո՛ր փամփուշտը, արկը ո՛ւր օգտագործեն, որպէսզի ըլլայ աւելի  արդիւնաւէտ: Եթէ պատասխանը ոմանք կ՛ակնկալեն նոյնպիսի վանտալիզմ, միանշանակ ատիկա պիտի չընենք, որովհետեւ մեր ձեռագիրը չէ», նշեց Յովհաննիսեան:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Յովհաննիսեան անդրադարձաւ պատերազմին ընթացքին կին զինուորներու սխրանքներուն: Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը նշեց, որ նախորդող օրերուն հանդիպած է արձակազէն կիներու, հրետանաւոր կիներու, շատ լսած է վաշտի հրամանատար աղջկայ մը մասին:

Հայկական Բնակավայրերու Ռմբակոծումն Ու
Հայկական Կողմի Լիարժէք Պատասխանը Կը Շարունակուին

Արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ 8-9 հոկտեմբեր լուսցող գիշերը իրադրութիւնը եղած է յարաբերականօրէն կայուն-լարուած: Ռազմական -մարտավարական իրադրութիւնը մնացած է անփոփոխ:

Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան նշեց, որ ծանր մարտերու ընթացքին թշնամին մարտադաշտին մէջ կենդանի ուժի մեծաքանակ կորուստներ կը կրէ` պակասը փորձելով լրացնել հիմնականին մէջ արցախեան առաջին պատերազմին պարտուած վեթերաններով:

Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան դիտել տուաւ, որ Մինկեչաուրի եւ Աղջաբադի ուղղութեամբ հայկական ուժերու, իբր թէ հարուածելու մասին ազրպէյճանական յայտարարութիւնները հերթական կեղծիք են:

Ան նշեց, որ մարտական գործողութիւններու ծիրին մէջ բանակի ստորաբաժանումներուն համար առկայ են խոցման բաւարար թիրախներ: «Կը նախազգուշացնենք, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ բնակավայրերու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու հանդէպ որեւէ սադրանքի պարագային Արցախի պաշտպանութեան բանակին   պատասխանը պիտի ըլլայ անհամարժէք կարծր», գրեց Ստեփանեան:

Հատրութը Գրաւելու Մասին Ալիեւի
Յայտարարութիւնը` Բացարձակ Սուտ

Արցախի Հատրութ քաղաքը գրաւելու մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը բացարձակ սուտ է: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան` աւելցնելով, որ Ազրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները ոչ գիտական երեւակայութեան տեսակէն են:

«Իլհամ Ալիեւի հերթական ցնդաբանութիւնը, իբրեւ թէ Հատրութը գրաւուած է, իրականութենէ հեռու է այնքան, որքան ազրպէյճանական ահաբեկուած զօրքը` Հատրութէն: Այսինքն` տասնեակ քիլոմեթրեր», նշած է Պօղոսեան:

Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին
Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը` Մոսկուայի Մէջ

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցութիւնները` մարդասիրական զինադադարի հաստատման վերաբերեալ` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կոչով:

Հանդիպումի օրակարգին վրայ բացառապէս ռազմական գործողութիւններու դադրեցման, մարդասիրական նպատակներով դիակներու եւ գերիներու փոխանակման հարցերն են:

Լրատուամիջոցներուն թոյլատրուած է միայն հանդիպումի մեկնարկի արարողակարգային նկարահանում, ապա քննարկումները շարունակուած են փակ դռներու ետեւ:

Էմանուէլ Մաքրոն Կարեւոր Նկատած Է Զինադադարի
Հաստատումն Ու Բանակցութիւններու Կազմակերպումը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեցին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու  վարչութենէն:

Վարչապետ Փաշինեան զրուցակիցին տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններու եւ այդ ծիրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու մասին:

Էմանուէլ Մաքրոն կարեւոր նկատած է զինադադարի հաստատումն ու տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ բանակցութիւններու  կազմակերպումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի 8 հոկտեմբերի կոչի շրջագիծին մէջ: Ֆրանսայի նախագահը աւելցուցած է նաեւ, որ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ է Ռուսիոյ նախագահին հետ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է ստեղծուած պայմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման կարեւորութիւնը եւ միջազգային հանրութեան կողմէ այդ ուղղութեամբ յստակ քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը:

Մնացականեանը Մայիլեանին Ներկայացուցած Է
Համանախագահ Երկիրներու Ներկայացուցիչներուն Հետ Զրոյցները

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր գործընկերոջ տեղեկացուցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ 8 հոկտեմբերին ունեցած իր զրոյցներու, Ռուսիոյ նախագահի` Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցութիւններու կազմակերպման առաջարկին մասին:

Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդակցութիւններու օրակարգի, ռազմական գործողութիւններու դադրեցման, մարդասիրական նպատակներով դիակներու եւ գերիներու  փոխանակման հարցերուն շուրջ:

Լաքոթ Վերահաստատած Է Ռազմական Գործողութիւնները
Դադրեցնելուն Ուղղուած Ֆրանսայի Պատրաստակամութիւնը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 9 հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ դեսպան Լաքոթ վերահաստատած է ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ կողմերու նստելուն ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը:

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսական կողմին տագնապի լուծման ուղղութեամբ կիրարկուող ջանքերու եւ անկողմնակալ մօտեցումին համար: Դեսպանին խնդրանքով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է ռազմական գործողութիւններու տարածքին մէջ տիրող իրավիճակը եւ հաւանական զարգացումերը:

Փաշինեան. «Հաւատարիմ Ենք Խաղաղ Լուծման Սկզբունքին
Եւ Պատրաստ Ենք Վերսկսելու Խաղաղութեան Գործընթացին»

 

Հայկական կողմը հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման սկզբունքին եւ պատրաստ է վերսկսելու խաղաղութեան գործընթացին` համաձայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու վերջին քանի մը օրուան յայտարարութիւններուն: Այս մասին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդին` ընդլայնուած կազմով հանդիպումին:

«Մենք հաւատարիմ ենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման սկզբունքին եւ պատրաստ ենք վերսկսելու խաղաղութեան գործընթացին` համաձայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու վերջին քանի մը օրուան յայտարարութիւններուն», ըսած է վարչապետը:

Պարգեւ Սրբազան. «Ազրպէյճանական Թիրախաւորումէն
Տուժած Բոլոր Բնակավայրերը Պիտի Վերականգնենք»

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան վստահեցուց, որ Շուշիի եկեղեցին, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական թիրախաւորումէն տուժած բոլոր բնակավայրերը պիտի վերականգնին` յիշեցնելով, որ 90-ականներու պատերազմէն ետք եւս անոնք աւերուած էին եւ վերաշինուեցան:

«Երէկ, հրթիռակոծելով Ղազանչեցոց եկեղեցին` յատուկ փորձած են մեր խաչի նշանը վիրաւորել, մեզ յուսահատեցնել: Միջազգային ահաբեկչութեան, բարբարոսութեան ձեռագիր է ասիկա, մենք շատ լաւ կը հասկնանք: Մենք պիտի վերականգնենք ե՛ւ Ստեփանակերտը, ե՛ւ Շուշին, ե՛ւ միւս բնակավայրերը, ե՛ւ բոլոր ենթակառուցուածքները: Համազգային ուժերով կը վերակագնենք, մէկ է` փիւնիկի պէս պիտի յառնին մեր ազգն ալ, մեր հայրենինքն ալ», ըսաւ սրբազանը:

Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան նշեց, որ հայկական կողմին դէմ թշնամին շատ ուժեղ կը պայքարի:

Ան վստահեցուց, որ պէտք է ազգային միաբանութիւն, համազգային աղօթք, հզօր կամք եւ անսասան ոգի, եւ անգամ մը եւս կոչ ուղղեց մասնակցելու համահայկական դրամահաւաքին:

Aztagdaily.com/archives/485785

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail