Եգիպտացի Քաղաքական Մեկնաբան Մակտի Խալիլի Ողջոյնի Խօսքը Հայ Ժողովուրդին
Եգիպտացի քաղաքական մեկնաբան Մակտի Խալիլ երէկ ողջոյնի հետեւեալ խօսքերով հանդէս եկաւ դիմատետրի էջին վրայ արձանագրած իր գրառումով:
«Ողջո՛յն եւ զօրակցութի՛ւն տոկացող ու դիմադրող սքանչելի հայ ժողովուրդին, որ իր հաւաքական յիշողութեան մէջ պահեց իր ինքնութիւնը, լեզուն եւ դատը:
Որքան ալ ժամանակը անցնի, մեծն Հայաստանը պիտի վերականգնի:
Պատմութիւնը շարունակ դարձող գունտ մըն է, եւ որքան ալ երկարի ժամանակը իրաւունքը պիտի վերադառնայ զայն հետապնդող ու պաշտպանող իրաւատէրերուն»:
aztagdaily.com/archives/485786