Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Քրիստոսի Ծնունդը` Վերածնունդը Մարդուն

aram-12
Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ Յակոբոս առաքեալ կը բնորոշէ որպէս` վերածնունդը մարդուն. «Աստուած կամեցաւ մեզ վերստին ծնիլ» (Յկ. 1.18): Քրիստոնէական հաւատքին առանցքը կազմող առաքեալին այս վկայութեան լոյսին տակ, սիրելի՛ հայորդիներ, եկէք նայինք Աստուածաշունչին:

Արդարեւ, Աստուծոյ կամքը սկիզբն է ու մղիչ ուժը Աստուծոյ յայտնութեան: Աստուած կամեցաւ տիեզերքը ստեղծել. եւ ստեղծեց: Աստուած կամեցաւ ստեղծել մարդը` իբրեւ տիեզերքի պահապան եւ իրեն գործակից. եւ ստեղծեց` մարդը օժտելով բանականութեան ու ինքնիշխանութեան շնորհներով եւ միաժամանակ յիշեցնելով անոր իր ապրած կեանքին ու կատարած գործերուն համար իր Արարիչին համարատու ըլլալու պարտաւորութիւնը:

Հակառակ այն իրողութեան, որ մարդը շահագործեց Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած լայն կարելիութիւնները` զանոնք օգտագործելով իր փառքին ու հաճոյքին համար. ինչպէս նաեւ հակառակ այն իրողութեան, որ մարդը իր կեանքին ու կատարած գործին համար մերժեց հաշուետու դառնալ Աստուծոյ, սակայն Աստուած, իբրեւ գթասիրտ հայր, միշտ բարին կամեցաւ մարդուն համար: Աստուած իրմէ հեռացած մարդուն մօտեցաւ, իր սէրը մերժած մարդը սիրեց, եւ մոլոր ճամբաներէն քալող մարդը հրաւիրեց քալելու ճշմարիտ ճամբէն:

Սակայն, հակառակ մարդը իր անկեալ վիճակէն ազատագրելու Աստուծոյ բարի կամեցողութեան, մարդը շարունակեց մնալ մեղանչական ու մերժողական ընթացքի մէջ: Եւ երկնային ի՜նչ պարգեւ եւ անհո՜ւն սէր. մարդուն Երկնաւոր Հայրը այնքա՜ն սիրեց իր անառակ զաւակը, որ նոյնի՛սկ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի մեղաւոր մարդը վերստին ծնելու երկնային շնորհքին արժանացնէ (Յհ. 3.3,16):

Անհրաժեշտ է հետեւեալ ընդգծումները կատարել.-

Ա) Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդին նպատակը մարդուն վերածնունդն է: Քրիստոսի ճամբով Աստուած դարձեալ, եւ այս անգամ մարդկային բնութիւնը իւրացնելով, մօտեցաւ մարդուն, որպէսզի Աստուծմէ հեռացած մարդը Աստուծոյ մօտեցնէ, անառակ դարձած մարդը իր երկնաւոր Հօր որդեգիր զաւակը դարձնէ: Քրիստոսի ճամբով Աստուած մարդ դարձաւ, որպէսզի, եկեղեցւոյ հայրերուն բացատրութեամբ, մարդը աստուածանայ, այլ խօսքով` իր աստուածատուր բնութիւնը վերականգնէ: Բեթղեհէմը Աստուծոյ էջքն է մարդուն եւ մարդուն ուղղուած երկնային հրաւէր` բարձրանալու առ Աստուած: Բեթղեհէմը Աստուծոյ ու մարդուն հանդիպումն է: Բեթղեհէմը Որդւոյն ծնունդն է ու միաժամանակ մարդուն ուղղուած կոչ մը` վերստին ծնելու աստուածային միջամտութեամբ, այլ խօսքով` վերամարդանալու:

Բ) Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդին նպատակը մարդուն փրկութիւնն է: Դրախտէն վտարուած մարդը շարունակած էր իր մեղապարտ կեանքը, հակառակ Աստուծոյ մարգարէներուն բազմիցս յիշեցումներուն: Մարդը դարձած էր իր փառքին ու հաճոյքին, իր անձին գերին: Անձնակեդրոն կեանքը մերժումն է աստուածակեդրոն կեանքին: Առանց Աստուծոյ ներկայութեան մարդու կեանքը դատապարտուած է մահուան: Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ Որդին կը մարդեղանար մարդուն կեանքը Աստուծոյ ներկայութեամբ իմաստաւորելու ու մարդը առաջնորդելու դէպի փրկութիւն տանող ճամբան: Արդ, Քրիստոսի ծնունդը մարդուն վերածննդեան աւետիսն է եւ հրաւէրը: Եւ մարդուն վերստին ծնունդը` մարդը դէպի փրկութիւն առաջնորդող երաշխիքը:

Ահա վկայութիւնը Աստուածաշունչին: Ի՞նչ է այս անհերքելի վկայութենէն եկող պատգամը մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ի՞նչ կ՛ըսէ այսօր` մարդուն վերածնունդ պարգեւելու առաքելութեամբ Բեթղեհէմի մէջ ծնած աշխարհի Փրկիչը: Եկէ՛ք, լսենք խօսքը Աստուծոյ Որդւոյն.-

Քրիստոս կ՛ըսէ` ես աշխարհ եկայ, որպէսզի կեա՛նք ունենաք (Յհ. 14.6) վաւերական ու յաւիտենական կեանք, Աստուծոյ ներկայութեամբ շաղախուած կեանք, քրիստոսատուր ու քրիստոսակեդրոն կեանք: Ինքնաքննութեան ճամբով հարց տանք մեր անձերուն. արդեօք ունի՞նք այդ կեանքը: Քրիստոսի աշխարհ բերած կեանքը ունենալու համար ի՞նչ կ՛ընենք. հաւատքով, սիրով ու ծառայութեամբ թրծա՞ծ ենք մեր կեանքը: Առաքեալը կ՛ըսէ` «ինծի համար կեանքը Քրիստոս է» (Փլպ. 1.21), հետեւաբար, «ես չէ որ կ՛ապրիմ, այլ` Քրիստոս է, որ կ՛ապրի իմ մէջս» (Գղ. 2.20): Քրիստոս կ՛ապրի՞ մեր մէջ. ներկա՞յ է Ան մեր մտածումներուն, խօսքերուն ու գործերուն մէջ…

Խաւար աշխարհին դիմաց Քրիստոս կ՛ըսէ` ես եմ լոյսը աշխարհին (Յհ. 8.12): Մարդը դէպի խաւարային մտածումներ ու գործեր առաջնորդող եւ մարդուն կեանքը խաւարով շրջապատող ներկայ «լուսաւոր» աշխարհին մէջ կ՛անդրադառնա՞նք արդեօք, որ Բեթղեհէմէն ճառագայթող լո՛յսն է աշխարհի ճշմարիտ լոյսը, կենարար լոյսը: Պատրա՞ստ ենք Քրիստոս-լոյսով լեցուելու ու լուսաւորելու մեր կեանքն ու շրջապատը: Առանց Քրիստոսի լուսափայլ ներկայութեան խաւար է մեր կեանքը:

Նիւթեղէն առաւելութիւններով յղփացած ներկայ ընկերութեան Քրիստոս կը յիշեցնէ, թէ ի՛նքն է աշխարհի ճշմարիտ հացը, կեանքի հացը (Յհ. 6.35), ոգեղէն հացը: Իր արիւնը թափելով խաչին վրայ եւ յարութեամբ մահուան յաղթելով Քրիստոս աշխարհին ճշմարիտ հացը դարձաւ: Արդեօք երկիւղածութեամբ ու ապաշխարութեամբ մօտենալով կը ճաշակե՞նք Քրիստոս-հացը, անով պաշտպանուելու կեանքի վտանգներուն դիմաց, անով զինուելու չարի յարձակումներուն դիմաց:

Մեր կեանքին առջեւ բացուած բազմազան ճամբաներուն դիմաց Քրիստոս կ՛ըսէ` ես եմ ճշմարիտ ճամբան (Յհ. 14.6): Իր կեանքի ճշմարիտ ճամբան կորսնցուցած մարդուն, Քրիստոս ցոյց կու տայ դէպի վերստին ծնունդ ու փրկութիւն տանող ճամբան: Արդեօք հաւատարմօրէն կը քալե՞նք Քրիստոս-ճամբայէն` խաչը մեր ուսին հետեւելով իր թելադրութեան (Մտ. 10.38):

Ներկայ աշխարհին մէջ մեր դիմաց գտնուող այլազան դռներուն դիմաց Քրիստոս կ՛ըսէ` ես եմ դուռը. ան որ այս դռնէն ներս մտնէ, պիտի փրկուի (Յհ. 10.9): Պատրա՞ստ ենք մեր քայլերը հաւատքով ամրացած ուղղելու դէպի Քրիստոս-դուռը ու զայն թակելու ըսելով` «բա՜ց մեզ Տէր…»:

Այո՛, սիրելի՛ հայորդիներ, Բեթղեհէմի ճամբով Քրիստոս մեզի համար յաւիտենական կեանք է, ճշմարիտ լոյս, կենարար հաց, վաւերական ճամբայ ու կեանքի դուռ` մեզ դէպի վերստին ծնունդ առաջնորդող: Քրիստոսը հալածած եւ ապա Քրիստոսի հաւատքով հզօրացած ու անոր Աւետարանին մեծագոյն քարոզիչը դարձած Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ մեզի, թէ` ան որ «Քրիստոսի միացած է` նոր արարած է» (Բ. Կր. 6.17): Քրիստոսի միանալու, Քրիստոսով վերստին ծնունդին արժանանալու համար պէտք է Բեթղեհէմի մէջ ծնող Աստուծոյ Որդին ընդունիլ եւ մեր կեանքով ու գործով զինք դաւանիլ իբրեւ մեր կեանքին լոյսը, հացը, ճամբան, դուռը, այլ խօսքով` մեր կեա՛նքը:

***

Աստուածայայտնութեան հոգեպարար տօնին առիթով հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Սերժ Սարգսեանը` մաղթելով իրեն արդիւնաշատ հայրենանուէր գործունէութիւն: Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը` հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն: Նո՛յն սիրով կ՛ողջունենք Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը, մաղթելով իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեամբ լեցուն գահակալութիւն: Հայրական անհուն սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ենթակայ մեր թեմակալ առաջնորդները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութեանց մարմինները եւ մեր սիրելի ժողովուրդին զաւակները` աղօթելով, որ Բեթղեհէմի Փրկիչը առաջնորդ ու պահապան ըլլայ իրենց:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
6 յունուար 2016
Անթիլիաս, Լիբանան
ԵՌԱԳՈՅՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail