ՆՇՄԱՐ.- Այո՛ Ճանաչումին, Բայց Նաեւ Կ(ո)տրել Ոճրագործին Ձեռքը… Ս․ Մահսէրէճեան
12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
27 Սեպտեմբերին, թուրք-ազերիական զինակցութեան շղթայազերծած յարձակումէն ի վեր, Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչման պահանջը նոր շեշտաւորում ստացած է եւ իր շուրջ համախմբած՝ Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւնները, քաղաքական շրջանակները, արձագանգներ կը գտնէ մեր սահմաններէն անդնին:
Պէտք չունինք երկար խօսելու եւ մեկնաբանութիւններ կատարելու, թէ ինչպիսի՛ կարեւոր իրագործում պիտի ըլլայ այլ պետութիւններու կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը: Անիկա անփոխարինելի յենարան պիտի ապահովէ Արցախի դատին արդար լուծման համար, ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ անոր զինակից Թուրքիոյ այն տեսակէտին, թէ Արցախը պէտք է վերադառնայ Ազրպէյճանի կազմին: Աւելորդ է նաեւ արձանագրելը, թէ ինչո՛ւ ճանաչումի պահանջը դրուած է տաք կրակի վրայ: Փաստօրէն, ճանաչում ունեցող երկիր մը միջազգային բեմին վրայ շատ աւելի ուժեղ կերպով կրնայ յառաջ տանիլ Արդարութեան ջահը, քաղաքական ու դիւանագիտական յաղթանակ արձանագրել:
***
Արցախի անկախութեան ճանաչումը կարեւոր է եւ անփոխարինելի: Վերջակէտ, նոր տող:
Արդ, ճանչնալով մեր երկուորեակ թշնամին եւ անոր կողքին կանգնողները, սկսելով տմարդի ահաբեկիչներէն մինչեւ եռեակը զինող երկիրներն ու խմբաւորումները, կարեւոր է աչքերը սեւեռել նաեւ ճանաչումի պահանջէն անդին, աշխատիլ կ(ո)տրել ոճրագործ ձեռքերը, որովհետեւ՝
Թուրքն ու ազերին բացայայտ դարձուցած են, որ զէնքի ընտրանքէն այլ ուղի չեն ճանչնար, տրամադիր չեն անսալու զինադուլի կոչերուն ու նախաձեռնութիւններուն: Փա՞ստ. 10 Հոկտեմբերի «մարդասիրական զինադուլ»-ը ոտնակոխուեցաւ ճշդուած ժամէն քանի մը վայրկեան ետք: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ո՛չ միայն բաց մարտահրաւէր կ’ուղղեն Ռուսիոյ, այլ նոյնինքն Մինսքի խումբին, անոր ճամբով՝ աշխարհի բոլոր մեծերուն ու փոքրերուն:
Մեր աշխարհին մէջ, բազմաթիւ են ճանաչում վայելող անկախ երկիրներ (Սուրիան, Իրաքը, Իրանն ու Լիբանանը՝ մեզի ամէնէն մօտիկներն ու ծանօթները), որոնց հողերն ու իրաւունքները ամենաբիրտ ոտնակոխումի կ’ենթարկուին տասնամեակներէ ի վեր, իսկ միջազգային ընտանիքը, Մ.Ա.Կ.-էն սկսեալ մինչեւ շրջանային խմբակցութիւններ, լաւագոյն պարագային դատապարտումի եւ ցաւակցութեան խօսքերով կը բաւարարուին առաւելաբար: Թուրքիոյ զէնք չծախելու Քանատայի որոշումը ցարդ ամէնէն ակներեւ՝ գործնական քայլն է, սակայն բաւարար չէ (այս տողերը չենք արձանագրեր մեր արդար առաջադրանքին պաղ ջուր խառնելու մօտեցումով, այլ ժամանակակից աշխարհի իրականութիւնները աչքի առջեւ բերելու տրամաբանութեամբ):
***
Պէտք է արմատախիլ ընել ոճրագործներուն եւ անոնց վարձկաններուն ձեռքերը:
Արցախի բանակն ու անոր կողքին կանգնող Հայաստանն ու ամբողջ հայութիւնը ցարդ առանձինն կը տանին այս վսեմ առաքելութիւնը: Բարեմիտներէն կը սպասուի միանալ վիրաբուժական գործողութեան, միասնաբար դիմագրաւել ոճրային մարտահրաւէրը:
Yerakouyn.com/2020/10/12/նշմար-այո՛-ճանաչումին-բայց-նաեւ-կոտր/