150,000 Հայորդիներ Մասնակցեցան «Յաղթանակի Քայլարշաւ»ին

150,000 Հայորդիներ Մասնակցեցան «Յաղթանակի Քայլարշաւ»ին

150,000 Հայորդիներ Մասնակցեցան «Յաղթանակի Քայլարշաւ»ին

13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 11 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդին կազմակերպած «Յաղթանակի քայլարշաւ» բնաբանով բողոքի հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտաւորապէս 150,000 հայորդիներ՝ դատապարտելով Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ատրպէյհճանի եւ Թուրքիոյ համակարգուած յարձակումները։

Քայլարշաւը սկսաւ կ.ե. ժամը 3ին, Լոս Անճելըսի «Փեն Փըսիֆիք» զբօսավայրէն, ուրկէ ցուցարարները քալեցին դէպի Պեվըրլի Հիլզ փոխադրուած թրքական հիւպատոսարանը։

«Արցախը Հայաստան է», «Հայաստանը խաղաղութիւն կ՛ուզէ», «Թուրքիան պատերազմական ոճիրներ կ՛իրականանցէ» եւ այլ կոչեր կատարող ցուցարարները բարձրացուցած էին Հայաստանի եւ Արցախի տասնեակ հազարաւոր դրօշակներ։

Համայնքային ղեկավարներ եւ պետական պաշտօնատարներ թէ՛ զբօսայգիին եւ թէ հիւպատոսարանին առջեւ ելոյթներ ունեցան ցուցարարներուն առջեւ, զօրակցելով Արցախի ժողովուրդին մղած ինքնոշման պայքարին եւ դատապարտելով Պաքուի եւ Անգարայի կողմէ զինադադարէն ետք իսկ շարունակուող ոճիրները։

asbarez.com/arm/377921/150000-հայորդիներ-մասնակցեցան-յաղթանակի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail