Հայաստանի Տարածքէն Որեւէ Հրթիռ, Արկ Կամ Գնդակ Չէ Արձակուած Ազրպէյճանի Ուղղութեամբ. ՀՀ ՊՆ-ի Զգուշացումը
14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
Ազրպէյճանական զինուժը Հոկտեմբեր 14-ին թիրախաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, Քարվաճառի հետ սահմանակից գօտիին վրայ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող մարտական սարք: Այս առնչութեամբ յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Ազրպէյճանական զինուժը Հոկտեմբեր 14-ին թիրախաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, Քարվաճառի հետ սահմանակից գօտիին վրայ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող մարտական սարք՝ ընդամէնը ենթադրութիւններու հիման վրայ, թէ, իբր, այդ սարքը պատրաստ եղած է հարուածելու Ազրպէյճանի խաղաղ բնակավայրերը։
Աւելորդ է նշել, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այդ պնդումը չի կրնար որեւէ հիմնաւորում ունենալ։ Փաստացի, այդ երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ինքն իրեն կ՝արտօնէ թիրախաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ գտնուող եւ բնականոն մարտական հերթապահութիւն իրականացնող մարտական սարք՝ ընդամէնը ենթադրութիւններու հիման վրայ։
Վերահաստատելով, որ մինչեւ այս պահը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն որեւէ հրթիռ, արկ կամ գնդակ չէ արձակուած Ազրպէյճանի ուղղութեամբ, միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարենք, որ այսուհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը իրենց իրաւունք կը վերապահեն նոյն տրամաբանութեամբ թիրախաւորելու Ազրպէյճանի տարածքին գտնուող ցանկացած ռազմական սարք կամ ռազմական տեղաշարժ։
Մարտական գործողութիւններու գօտին եւ տրամաբանութիւնը փոխելու գործընթացի ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։
Բարեբախտաբար, զոհեր եւ վիրաւորներ չկան»,- նշած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Yerakouyn.com/2020/10/14/հայաստանի-տարածքէն-որեւէ-հրթիռ-արկ-կա/