Ազրպէյճանը Հրետակոծած է Արցախի Տողը, Տիգրանավանը, Այգեհովիտը. Հայկական Կողմը Բնակավայրերը Չի Թիրախաւորեր

Ազրպէյճանը Հրետակոծած է Արցախի Տողը, Տիգրանավանը, Այգեհովիտը. Հայկական Կողմը Բնակավայրերը Չի Թիրախաւորեր

16 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020

Ազրպէյճանը կը շարունակէ կրակի տակ պահել Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, խախտելով միջազգային պայմանագրերու բոլոր դրոյթները։

ԱՀ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Հոկտեմբեր 15 լոյս 16-ին, յատկապէս լուսադէմին, թշնամին հրետանիի կիրառումով կրակ բացած է Մարտունի քաղաքի եւ Կարմիր Շուկա բնակավայրին ուղղութեամբ, իսկ առաւօտեան` Բերդաշէն համայնքի ուղղութեամբ։ «Հրետակոծուած են Հադրութի շրջանի Տող, Քաշաթաղի շրջանի Տիգրանավան, Այգեհովիտ եւ Աղաւնօ բնակավայրերը։ Տուժածներու եւ վնասներու մասին տեղեկութիւնները կը ճշտուին»,- նշած են ԱԻ պետական ծառայութենէն։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան մէկ անգամ եւս վերահաստատեց՝ ՊԲ ստորաբաժանումները բնակավայրերու ուղղութեամբ թիրախաւորուած կրակ չեն վարեր, միայն` ռազմական նշանակէտերու:

yerakouyn.com/2020/10/16/ազրպէյճանը-հրետակոծած-է-արցախի-տողը-տ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail