Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան Եւ Սարգիս Նաճարեան Այցելեցին «Ազդակ»

06 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
5 յունուարի կէսօրին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ «Մասիս» ամսաթերթի խմբագիր Սարգիս Նաճարեան:

Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին եւ քրիստոնեաներուն զգացած անապահով ու անորոշ կացութեան լոյսին տակ եւ Ս. Ծննդեան առիթով սրտի խօսք-մաղթանք փոխանցելով` Գէորգ եպս. Ասատուրեան «Ազդակ»-ին ըսաւ. «Հայերս խաչը կը սիրենք եւ միշտ խաչքարը մեր աչքին առջեւ դրած ենք, որովհետեւ կը հաւատանք յարութեան, հակառակ հալածանքներուն եւ ջարդերուն, միշտ ոտքի մնացած ենք: Դժբախտաբար այս օրերուն հայութիւնը եւ քրիստոնեաները վտանգի մէջ կը գտնուին, շատեր կը մտածեն լքել այս գեղեցիկ Միջին Արեւելքը: Մաղթանքս է, որ հայերը քաջ մնան իրենց դիրքին վրայ: Կը մաղթեմ, որ Աստուած, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր ղեկավարները թիկունք կանգնին մեր ժողովուրդին, որ տառապանքներու մէջ կը գտնուի` թէ՛ Միջին Արեւելքի` Սուրիա, Իրաք, Լիբանան, եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: Կ՛աղօթեմ, որ մեր վրայ գտնուող ամպերը շուտ անցնին, որպէսզի լաւագոյն կերպով ծրագրենք, մտածենք հայկական ապագային մասին, որպէսզի անիկա ըլլայ փայլուն, առողջ ու յաջող: Ի վերջոյ, մենք կանչուած ենք եւ ի վերջոյ կոչում ունինք միշտ միւս ժողովուրդներուն, ազգերուն քաջութեան, համբերութեան եւ յաղթանակի դասեր տալու: Թող մանուկ Յիսուսը, որուն ծնունդը նորէն պիտի տօնենք մենք վաղը, գայ մեր դիմաց, մեզի տալու գեղեցիկ նուէրներ` ազգասիրութիւն, նուիրում եւ յարատեւութիւն` մեր ազգը, լեզուն եւ եկեղեցին պահելու»:

Սարգիս Նաճարեան իր կարգին խօսեցաւ «Ազդակ»¬ի առաքելութեան մասին. անդրադառնալով բացառիկներուն, ան դիտել տուաւ, որ անոնք աւանդութիւնը շարունակելու ու լիբանանահայ մամուլին համար հաշուեկշիռ ընելու առիթներ են: «Այս հաշուեկշիռը դժուար է ճշգրիտ կերպով գնահատել, որովհետեւ ընդհանրապէս տպագիր մամուլին եւ անոր ապագային մասին շատ մեծ կասկած կայ ընդհանուր առմամբ: Այն, ինչ որ բազմաթիւ այլ առաւելութիւններու շարքին եւ անոնցմէ առաջ «Ազդակ»-ի պարագային նկատած եմ, հետեւեալն է. «Ազդակ»-ը կառչած է դասական մամուլի աւանդութեան, տպագիր մամուլը շարունակելու, կայուն պահելու աւանդութեան, բայց միաժամանակ` քաջատեղեակ նոր սերունդի նախասիրութիւններուն, նաեւ մրցումի մէջ է օրուան ելեկտրոնային մամուլին հետ: Ուրեմն այս երկու հոսանքները հաւասարակշիռ ձեւով զարգացնելու ճիգն է, որ մեծապէս գնահատելի է «Ազդակ»-ի պարագային», ըսաւ ան:

«Ազդակ»-ի տարեվերջի թիւի խմբագրականին մէջ տեղ գտած միտքերէն մեկնելով` Սարգիս Նաճարեան ըսաւ, որ անիկա սրտբաց էր, հոն նշումներ կային նաեւ բացթողումներուն: Ասկէ մեկնելով ան կարեւոր նկատեց հոն կատարուած այն մատնանշումը, որ կը վերաբերի երիտասարդութեան բացակայութեան: «Դժբախտաբար մոգական գաւազանով կարելի չէ լուծում տալ այս հարցին, բայց, կը կարծեմ, թէ այս գծով համազգային մտածողութիւն պէտք է ձեւաւորել` ինչպէ՞ս երիտասարդութիւնը մղել սիրելու մեր մշակոյթը եւ ատոր զարգացման նպաստող հիմնական կառոյցներէն եղող մամուլը: Եթէ սիրեն, ինքնաբերաբար պիտի գան: Մաղթանքս է, որ «Ազդակ»-ի այդ հաւասարակշիռ մրցումը` տպագիրին եւ ելեկտրոնայինին միջեւ, հոսանքն է վեր թիավարելու գնով շարունակուի, շարունակողներ ըլլան, հակառակ անոր որ այս թիավարումը դիւրին չէ»:

http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail