Հայուն Յիսուսը. Կոստան Զարեան

ՀԱՅՈՑ ՅԻՍՈՒՍԸ
06 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Յիսուսը հակահրեան է:

Ան ներքին վսեմ փոխակերպութիւնն է, ադամանդեայ հոգին, ժայռ մըն է ան՝ ընդմիշտ հրկիզուած, ովկիանոս մը ոգեղենութեամբ հարբած:

Յիսուս, միեւնոյն ատեն, բացարձակն է եւ մասնաւորը, շարժումն իսկ է ան, վասնզի ան միշտ, առանց յոգնելու կը քալէ:

Յիսուսը ըմբռնելու համար, պէտք է տառապիլ անոր անձին հետ, պէտք է ամուսնանալ անոր խորին պայքարին հետ, մաքրամաքուր աչքով պէտք է նայիլ անոր վրայ եւ ընդունիլ ոչ թէ այն, զոր ըսաւ, այլ այն, զոր ապրեցաւ ըսելու համար:

Ցաւով ըսենք՝ Հայ Հոգւոյն մէջ տուայտանք չկայ:

Այս ժողովուրդը, որ ապրած է հարիւր հազար Գողգոթաներ հարիւր հազար Յիսուսներու, այս ժողովուրդը ապրած չէ երբեք ներքին, բարոյական Գողգոթա մը: Ուշագրաւ է կրօնական տագնապներու փնտռումներու պակասը մեր մէջ. Ուշագրաւ է նաեւ պակասը առաքելութեան եւ արիականութեան գիտակցութեան:

Հոն, ուր չկայ հոգեկան խորին կեանք, մտածումներ ու բուռն պայքար, անիծեալ հարցերու անխուսափելի մրճահարումը՝ հոն արուեստ չի կրնար ըլլալ:

Արուեստը միսթիք արիւնի հրճուանքն է. Հրճուանքն է նաեւ բախտաւոր տեսիլքներու (Gaudium felicissimoe visionis):

Վէրքերուն սրտին մէջ անհրաժեշտօրէն պիտի ծնի նշանաբանը, թէ չէ՝ անէութիւնը կը կլանէ զմեզ:

Ձիւնը եւ Արիւնը ստեղծագործութեան կեդրոնն իսկ են, վասնզի առաջինը՝ նշանաբանն է անարատութեան, իսկ երկրորդը՝ նշանաբանն է զգայավառութեան գինիին:

Յիսուս մանուկ էր եւ ձիւն, եւ զգայավառութիւն (extase) էր ան, վասնզի կը թրթռար հրկիզուած ծաղիկի թերթի մը նման:

Եւ ահա ինչու՛ համար զայն պէտք է դասաւորել ամենամեծ արուեստագէտներու շարքին մէջ:

Բարոյագէտները, փիլիսոփաները, ընկերաբանները դիւրին կերպով կարող են ըմբռնել Սուրբ Պօղոսը, օրինակի համար, բայց Յիսուսը՝ երբեք: Զայն կարելի է հասկնալ միմիայն գեղագիտական համակրանքով, արուեստագէտին յատուկ թափանցումով: Անոր յղացումը բանաստեղծական է. Անգոյն է, երաժշտութիւն, գիծեր:

Արուեստ է ան:

Ուշագրաւ է, որ այն ժողովուրդները, որ կը սիրեն եւ կը տեսնեն Յիսուսը, կը զարդարեն զայն: Ան որ վէրքերը թանկագին քարերով կը փայլեցնեն եւ իր չարչարուած մարմինը կը փաթթեն ոսկեզօծ նկարներով հեռուած, գոյնզգոյն կտաւներու մէջ:

Եւ Յիսուս, հակառակ տաժանակիր չարչարանքներուն, զորս ապրած է, կը ներկայանայ այս ժողովուրդներուն իբրեւ բերկրանք, ոչ թէ իբրեւ մարտիրոս, այլ իբրեւ ստեղծագործ եւ արուեստագէտ:

Յիսուսի հարցը մտերմօրէն կապուած է, հայազգի մտաւորական եւ հոգեկան ապագայ կեանքի բախտին հետ*:

Համարը տանք այն արժէքներուն, զորս ունինք եւ միեւնոյն ժամանակ առանց նկատի առնելով խղճուկ խորհրդածութիւնները, դիւցազնական ճիգով մը գիտակցութիւնը ունենանք այն դատարկութեանը, որ կը շրջապատէ զմեզ եւ կը լեցնէ մեր հոգիները:

Արդարեւ, ստրկացած, մեռած բան մը կայ Հայ Հոգււյն մէջ, որուն դէմ պարտաւոր ենք պայքարիլ:

Յիսուսը զոր դարերէ ի վեր ընդունած ենք կարծես ձեւի համար՝ գոյութիւն չունի ո՛չ մեր արուեստի մէջ, ո՛չ մեր գրականութեան, ո՛չ ժողովուրդին հաւատքին մէջ: Յիսուսը իբրեւ հայ՝ իբրեւ պատկեր, իբրեւ աստուած, որ կ՚ապրի, գոյությիւն չունի:

Ուստի, որպէսզի ապրինք կենդանի կեանքով, հարկ է կա՛մ վերաստեղծել զայն՝ նորէն ապրելով իր անձնական, ներքին պայքարը՝ արիական իտէալին հասնելու համար, կա՛մ պէտք է մարտնչիլ անոր դէմ, տապալել զայն, ստեղծելու համար նոր պատկերը մեր նոր հոգիին:

Վերադառնալ «հին աստուածներուն», ինչպէս ոմանք տգիտօրէն կը խորհին, ըսել է մնալ առանց ոչինչի, վասնզի անոնք իրաւամբ հին են եւ մեռած: «Վերադառնալ» բառն իսկ մտային ծուլութեան նշան է:

Ապրիլ այն հոգեկան աղքատութեան մէջ ինչպէս մենք կ՚ապրինք, կը նշանակէ ոճրագործել մեզի դէմ, եւ տիեզերական խորհուրդին դէմ: Ժողովուրդ մը, որ բարոյապէս չի նորոգուիր, նոր արժէքներ չի ստեղծեր, դատապարտուած է եթէ ոչ մեռնելու, գոնէ ապրելու ամօթալի, դիակի կեանքով մը:

Ես կը հաւատամ, որ այն մտաւորական ազնուականութիւնը, որ նոր կը ծնի, հայկական նոր արիւն մը ունի իր մէջ՝ հրդեհաշունչ եւ զգայավառ:

Կը հաւատամ, որ շատ շուտով, նոր արուեստ որոնելու ուղիին մէջ, ան պիտի հանդիպի կնճռոտ, բայց անհրաժեշտ կրօնական հարցերուն եւ իր վերածնութեան տաճարի մէջ պիտի ընդունի աստուած մը, որ կ՚ապրի եւ կը մղէ ստեղծելու:

Յիսուսը զոր կը սիրեմ, թող ներէ ինծի: Չէի ուզեր զայն տեսնել գունատ եւ աղքատ, ինչպէս կը ներկայնայ մեզի: Գիտեմ, որ ան պիտի նախընտրէր երկրորդ Գողգոթա մը, քան թէ այն անգոյն կեանքը, զոր կը վարէ Հայ հոգւոյն մէջ:

Ես կը զգամ՝ Յիսուս Նազովրեցին կ՚արդարացնէ զիս:

Կոստան Զարեան

«Մեհեան»

* Անշուշտ մեր թանձրամիտները paradoxsal եւ «անհասկնալի» պիտի գտնեն իմ գաղափարներս: Անոնց համար չէ գրուած այս յօդուածը, այլ այն փոքրամասնութեան համար, որ լրջօրէն կը խորհի Հայ արուեստի ապագային վրայ:

http://arevelk.am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail