Հայկական Բանակը Կը Շարունակէ Խիզախօրէն Ետ Մղել Ազրպէյճանական Յարձակումները

Հայկական Բանակը Կը Շարունակէ Խիզախօրէն Ետ Մղել Ազրպէյճանական Յարձակումները

17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020

Երէկ` ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին տեղեկացուց, որ Արցախի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ երեկոյեան եւս կը շարունակուին դժուար ու ծանր մարտերը, յատկապէս` հարաւային ուղղութեամբ, աւելցնելով, որ նոյն օրը կանուխ ժամերուն Ազրպէյճանի զինուած ուժերը ե՛ւ հիւսիսի, եւ հարաւի մէջ երկար հրետակոծումէ ետք, որուն ընթացքին կիրարկուած են նաեւ այլ օդային յարձակման միջոցներ` անօդաչու թռչող սարքեր, հրթիռներ, օդուժ, անցած են լայնածաւալ յարձակման: Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը նշեց, որ օրուան ընթացքին ազրպէյճանական օդուժը կատարած է նաեւ որոշակի թռիչքներ, իսկ հայկական կողմը կրցած է չէզոքացնել որոշ թռչող սարքեր:

Հայկական Բանակ

Յովհաննիսեան ըսաւ, որ 15-16 հոկտեմբեր լուսցող գիշերը, յատկապէս լուսադէմին, թշնամին հրետանիի գործածութեամբ սաստիկ կրակ բացած է Մարտունի քաղաքի եւ Կարմիր Շուկայ բնակավայրի ուղղութեամբ, իսկ առաւօտեան` Բերդաշէն համայնքին ուղղութեամբ: Ռմբակոծուած են Հատրութի շրջանի Տող, Քաշաթաղի շրջանի Տիգրանաւան, Այգեհովիտ եւ Աղաւնոյ բնակավայրերը, իսկ աւելի ուշ` Ստեփանակերտը:

16 հոկտեմբերի ուշ գիշերին ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքեր թռիչքներ կատարեցին Հայաստանի Սիւնիքի մարզի կարգ մը շրջաններու ուղղութեամբ եւ հարուածեցին Հայաստանի զինուած ուժերու ենթակառոյցներ` վնասելով նաեւ քաղաքացիական կառոյցներու:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաջարկեց Ղարաբաղի հարցի լուծման հայեցակարգը հիմնել «Անջատում` յանուն փրկութեան» սկզբունքին վրայ:

«Անջատում` յանուն փրկութեան» սկզբունքը, որ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքի ժամանակակից դրսեւորումն է, իրաւունք կու տայ առանձին խումբերու, ժողովուրդներու ինչպէս անջատուիլ որեւէ պետութենէ, երբ առկայ է խտրականութեան, մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներու կամ ցեղասպանութեան վտանգ, այնպէս ալ կը բացառէ միացումը պետութեան մը, եթէ միաւորումը պիտի առաջնորդէ վերը նշուած նոյն հետեւանքներուն: Ասոր վրայ պիտի հիմնուի Ղարաբաղի հարցի լուծման մեր հայեցակարգը, իսկ վարձկան-ահաբեկիչներու ներգրաւուածութիւնը ընթացիկ պատերազմին, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ահաբեկչական գործելակերպը նման միջազգային ըմբռնման հասնելու իրական հնարաւորութիւն կու տան», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց վարչապետ Փաշինեան:

Վարչապետը աւելցուց, որ ամբողջ հայութեան ներուժը պէտք է կեդրոնացուի այս խնդրի լուծման վրայ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունեց Ռուսիոյ Տումայի պատգամաւոր, «Միասնական Ռուսիա» խմբակցութեան անդամ Վիտալի Միլոնովը:

Նախագահը Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ քննարկուեցան ազրպէյճանական-թրքական ահաբեկչական յարձակման իբրեւ հետեւանք տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Երկուստեք ընդգծեցին տարածաշրջանի կայունութիւնը խաթարող գործողութիւններու եւ արտաքին ու ահաբեկչական ուժերու ընդգրկման անթոյլատրելիութիւնը: Առանձնազրոյցին ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ռուս պատգամաւորին` այցելութեան եւ ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Ռուսիոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` տագնապի լուծման եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման առումով:

Վիտալի Միլոնով հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի հետ, որուն հետ քննարկեց 27 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ` Թուրքիոյ աջակցութեամբ եւ վարձկաններու մասնակցութեամբ սանձազերծուած պատերազմին իբրեւ հետեւանք տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

Թովմասեան շնորհակալութիւն յայտնեց Միլոնովին` նման դժուար ժամանակաշրջանին Արցախ այցելելուն համար, նաեւ ընդգծեց Ռուսիոյ կարեւոր դերակատարութիւնը` դէպի խաղաղութիւն տանող բանակցութիւններուն ընթացքին եւ տագնապի լուծման գործընթացին մէջ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` ռազմական ապրանքներ դէպի Թուրքիա արտածելը կասեցնելուն համար:

Վարչապետ Փաշինեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Արցախի մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին: Զրուցակիցի ուշադրութեան յանձնուեցան ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ կործանարար ներգրաւուածութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատուելու այդ երկրի անընդունելի նկրտումները:

Ընդգծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի անխափան կիրարկման սկզբունքային նշանակութիւնը:

Քանատայի վարչապետը խոր մտահոգութիւն յայտնեց ստեղծուած իրավիճակին գծով եւ յոյժ կարեւոր նկատեց տագնապը խաղաղ ուղիով լուծելը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մասնակցած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուոր, շարքային Մարատ Մանուկեանի հոգեհանգստեան արարողութեանը:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ` ամէն օր` կէսօրին, մինչեւ յաղթութիւն, Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բոլոր տաճարներու զանգերը տասը վայրկեան պիտի ղօղանջեն եւ պիտի հնչէ մաղթանք-աղօթք` ի զօրակցութիւն հայոց բանակի:

aztagdaily.com/archives/486497

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail