
05 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Թեհրան Թիֆլիսի հետ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանի տարածքով Վրաստանին կազ մատակարարելու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ panarmenian.net-ը՝ վկայակոչելով Իրանի կազի ազգային ընկերութեան կառավարման տնօրէն Ալիռեզա Քամելիին։
Քամելին նշած է, որ պայմանագիրը ստորագրելու համար կազամատակարարումը պէտք է տնտեսապէս շահաւէտ ըլլայ Վրաստանի համար: Կը նախատեսուի օրական 9-14 միլիոն խորանարդ մեթր կազ մատակարարել Վրաստանին` հիմնականօրէն ելեկտրականութիւն արտադրելու նպատակով: Քամելին նշած է, որ կազամատակարարումը նախատեսուած է Վրաստանի կարիքներուն համար, կազը Եւրոպա պիտի չարտահանուի:
Վրաստանի ուժանիթի նախարարութիւնը իր հերթին յայտնած է, որ դեռ իրանական կողմին հետ յստակ պայմանաւորուածութիւն չկայ: Այդ մասին յայտնած է Վրաստանի ուժանիւթի նախարարութիւնը: «Այս փուլին իրանական կողմին հետ յստակ պայմանաւորուածութիւն չկայ, եւ, բնականաբար, չէ լուծուած նաեւ բնական կազի առաքումներ սկսելու հարցը: Պէտք է նշել, որ Իրան կազ արտադրող խոշորագոյն երկիրներէն է, եւ, բնականաբար, կը շարունակուին բանակցութիւնները տարածաշրջանի բոլոր կարողական առաքողներուն հետ` ապահովելու համար Վրաստանի կայուն եւ անընդմէջ կազամատակարարումը երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ», -կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com





