«Պաքու Տեղեկութիւններ Ունի, Ռուսիայէն, Վրաստանէն Եւ Իրանէն Դէպի Հայաստան Զէնքի Մաքսանենգման Մասին» Կ՛ըսէ Ալիեւ
17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտնած է, որ Պաքու տեղեկութիւններ ունի, թէ Ռուսիայէն քաղաքային օդանաւերով կը հասնին զէնքեր Երեւան: Ան նշեց, որ ռուսական պաշտօնական կողմեր իրեն վստահեցուցած են, թէ Հայաստանի զէնք չեն մատակարարեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ը:
Ազրպէյճանի նախագահը յայտնած է.«Հայաստան ապօրինի կերպով` մաքսանենգման ճամբով, զէնք կը ներածէ: Իրան, Վրաստան, ինչպէս նաեւ Ռուսիա Հայաստանին զէնք չեն մատակարարեր, սակայն զէնքը անոնց հողերէն մաքսանենգութեամբ կը հասնի Հայաստանի»:
Պաշտօնական մատակարարման մասին տեղեկութիւններ չունին: Ընդհակառակը Իրան եւ Վրաստան փակեցին իրենց օդային տարածքն ու ցամաքային սահմանները դէպի Հայաստան զինուորական բեռնափոխադրման դիմաց: Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն, Հայաստանին զէնք կը յանձնուի միայն մաքսանենգման ճամբով», ըսաւ ան:
Ալիեւ մէկ օր առաջ «Սփութնիք»-ին յայտնած էր, թէ Ազրպէյճանի համար կարմիր գիծը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումն է` նշելով, որ որեւէ պարագայի կարելի չէ ոտնահարել Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը:
Ան «Ռուսիա Սեկոտնիա» լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէնին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Այդ մէկը շատ յստակ կերպով հաստատեցինք, եւ Մինսքի խմբակի համանախագահները ատիկա շատ լաւ գիտեն. որեւէ պարագայի կարելի չէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ոտնահարել, Ազրպէյճան որեւէ պարագայի պիտի չհամաձայնի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան»
aztagdaily.com/archives/486532