Ընկերս Մինաս Hanskehianը իր ընտանիքին հետ վերջերս հայրենիք տեղափոխուեցաւ, Լիբանանէն – Րաֆֆի Տուտագլեան

Ընկերս Մինաս Hanskehianը իր ընտանիքին հետ վերջերս հայրենիք տեղափոխուեցաւ, Լիբանանէն – Րաֆֆի Տուտագլեան։

Ան հիմա Ագարակ գիւղի մէջ իր կառուցած տան այգիին նուրատունկ ծառերը կը խնամէ, կը շենցնէ իր բակը, կը կանաչացնէ իր պարտէզը։

Սա մեր պատասխանն է մեզ արմատախիլ ընել ուզող թշնամիին։

Պիտի գանք աւելի մեծ թիւերով, աւելի հուժկու եւ աւելի վճռական ու պիտի շէնացնենք Հայաստանի եւ Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հող։

Եթէ կը մտածեն, որ հայութիւնը փախչող ժողովուրդ է, չարաչար կը սխալին թուրք-թաթարական ցեղերը։

Այս հողը հայոց հողն է, արիւնոտ բայց սուրբ, յոգնատանջ բայց ուժեղ։

Այս հողը մեր ուժն է, մեր շունչն է, մեր սիրտն ու հոգին է։

Ուր ալ կը գտնուինք, աշխարհի որ ծայրն ալ երթանք, մեր ներշնչումի աղբիւրը այս հողն է։

Մեր կեանքի իմաստն է այս հողը։

Ձեր գալուստը բարի, սիրելիներ Մինաս եւ Սեդա։

Պայծառ օրերը մեր առջեւում են, ինչպէս կ՚ըսեն մեր հայրենակիցները այստեղ։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail