
05 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ․
Սփիւռքահայ սերունդներու ազգային-գաղափարական կազմաւորման ու ինքնաճանաչման մէջ անփոխարինելի աւանդ ներդրած է Մալխաս, որուն մահուան 54-րդ տարելիցը կ՚ոգեկոչենք Յունուար 4-ի այս օրը։
Վեց հատոր կազմող Մալխասի «Զարթօնք» վէպը բարձի գիրք եղաւ օտար ափերու վրայ հասակ նետած մեր սերունդներուն համար։
Բառին ամէնէն վաւերական իմաստով փուռէն նոր դուրս ելած տաք հացի պէս սփիւռքահայութիւնը լափեց «Զարթօնք»-ը։ Ոչ միայն պատանեկան մեր երեւակայութիւնը գերեցին Մալխասի կերտած հերոսները՝ Վարդանն ու Լեւոնը, Սոնիան ու Եւգինէն, Առիւծ Գեւոն ու Թոփալ Սատանան, այլեւ՝ իւրաքանչիւրէն վարակիչ օրինակ մը, կեանքը իմաստաւորող վարքագիծ մը եւ գաղափարապաշտութեան անմեռ սերմեր արմատ նետեցին հաւաքական մեր էութեան մէջ։
Մալխասի «Զարթօնք»-ով անմահացած կերպարներն ու ազգային-գաղափարական արժէքները ընդգրկեցին 19րդ դարավերջէն մինչեւ 1920ականները երկարած հայոց պատմութեան ամէնէն բախտորոշ, ողբերգական, այլեւ հերոսական ժամանակաշրջանը։ «Զարթօնք»ը փաստօրէն հանդիսացաւ վիպականացուած ժամանակագրութիւնն ու յուշագրութիւնը հայ յեղափոխական շարժման, որուն թէ՛ նուիրեալ մասնակիցներէն եղաւ, թէ՛ իբրեւ անմահ կտակ վիպական շունչով հետագայ սերունդներուն փոխանցողը դարձաւ ինք՝ Մալխաս։
Աւազանի մկրտութեամբ Արտաշէս Յովսէփեանի յեղափոխական ծածկանունն ու հետագային նաեւ գրչանունն էր Մալխասը։ Ան ծնած էր 1877-ին, Տրապիզոն։ Ուսումը ստացած էր Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին մէջ, ուր եւ թրծուած էր դաշնակցականի իր աշխարհայեացքն ու նկարագիրը։ Ուսումը նոր աւարտած՝ հաստատուած էր Սամսոն քաղաքը, ուր ծանօթացած էր հայ յեղափոխական շարժման ու նորաստեղծ Դաշնակցութեան առաջին գործիչներէն Եգիպտացիին (նոյնպէս Տրապիզոնի զաւակ՝ Արտաշէս Դեւեան) հետ, որուն ներշնչումով ալ երիտասարդ այդ տարիքին Մալխաս անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան։ Իր սերնդակիցներէն շատերու պէս ինք եւս ստիպուեցաւ պանդխտութեան դիմելու։ Եղբայրը արդէն պանդուխտ գացած էր Միացեալ Նահանգներ։ Մալխաս հետեւեցաւ եղբօր, քանի մը տարի մնաց Միացեալ Նահանգներ, ուր նոր հիմնուած Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ին կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ՝ ազգային-հայրենասիրական յօդուածներով։
1900-ականներու սկզբնաւորութեան վերադարձաւ Երկիր ու իբրեւ Դաշնակցութեան լիազօր գործիչ ուղարկուեցաւ յաջորդաբար Ուրմիոյ շրջանը եւ Վան։ Իրեն վստահուեցաւ Խոյի եւ Ս. Դաթէի վանքի զէնքերու փոխադրութեան եւ պահեստաւորման գործը։ Մաս կազմեց նաեւ Սասնոյ օգնութեան փութացող զինատար խումբերուն։
1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք հաստատուեցաւ իր ծննդավայրը՝ Տրապիզոն, ուր ձեռնարկեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Խարիսխ» թերթի հրատարակութեան։ Իսկ երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Մալխաս ամբողջապէս նետուեցաւ Տրապիզոնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ։
Այնուհետեւ, Հայ Կամաւորական Շարժման միանալով՝ Մալխաս իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումի դիւցազնական ճակատամարտներուն։ Ընտրուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր եւ պատնէշի վրայ արթուն հսկողի իր նուիրումն ու գործունէութիւնը շարունակեց մինչեւ 1921-ի Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ, անոր աւարտէն ետք, Զանգեզուրի վրայով զանգուածային նահանջը դէպի Պարսկաստան։
Տարագրութեան մէջ եւս, աւելի քան քառասուն տարի, Մալխաս մնաց պատնէշի վրայ։ Վերջնականապէս հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխոյժ եւ ղեկավար մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան ինչպէս կազմակերպչական, նոյնպէս եւ երիտասարդ սերունդներու գաղափարական դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ։
Կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենիք» ամսագրին։ Այդ շրջանին ամբողջացուց իր կոթողական գործը՝ «Զարթօնք»ը, ինչպէս նաեւ յուշագրական երկը՝ «Ապրումներ» խորագրով։
Մալխաս 85 տարեկան էր Դեկտեմբեր 1962-ին, երբ հրապարակային ելոյթներու համար հրաւիրուեցաւ Պէյրութ։ Սրտի կաթուածը, սակայն, թոյլ չտուաւ, որ հայ ազգային-ազատագրական այս մեծ նուիրեալն ու անզուգական յուշարարը ի կատար ածէ նաեւ իր վերջին առաքելութիւնը։ Տարուեցաւ Պէյրութի Սի.Էմ.Սի. հիւանդանոցը, ուր եւ Յունուար 4ին առյաւէտ փակեց իր աչքերը՝ խոր սուգի մատնելով ողջ հայութիւնը, հայրենամերձ գօտիի հայօջախներէն մինչեւ անդր-ովկիանոսեան ափերու մեր գաղութները։
Անկրկնելի Մալխասի յիշատակին նուիրուած այս հակիրճ վկայութեան աւարտին կ’արժէ նշել, որ յունահայութիւնը օրին տասնօրեայ սուգ հռչակեց՝ յարգելու համար Գործը հայոց սերունդներու ազգային-գաղափարական ինքնաճանաչման ի խնդիր այնքան հիմնական եւ անփոխարինելի շունչ ու ոգի ներարկած Հայկական Յեղափոխութեան մեծ վկային։
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com





