Նշմար. Ո՞ւր Փնտռել Ֆրանսացի Ուսուցիչը Գլխատողին Ոճրածին Արմատները
17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Փարիզի հիւիսային շրջանի մէկ արուարձանին մէջ, ոճրագործ ահաբեկիչ մը անցորդներու աչքին առջեւ դաշոյնով մը մորթոտեց ու գլխատեց ֆրանսացի պատմութեան ուսուցիչ մը: Յայտարարուած պատճառը այն է, որ ուսուցիչը վերջերս իր դասարանին մէջ աշակերտներուն ցուցադրած է Մոհամմէտ մարգարէին մէկ ծաղրանկարը եւ խօսած՝ խօսքի ազատութեան եւ հաւատքի ու անհաւատութեան մասին: Ոստիկաններ հետապնդած են եւ 10 կրակոց արձակելով՝ սպաննած են անձնատուր ըլլալ մերժող ոճրագործը: Քաի մը ժամ ետք, ձերբակալուած են քանի մը կասկածելիներ: Երբ այս տողերը կ’արձանագրենք, այլ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած, սակայն հարցը հոն չէ…
Տարբեր կրօններու խորհրդանիշներ եւ հիմնադիր առաջնորդներ ծաղրի ենթարկելը արդեօք որքանո՞վ կը պատշաճի խօսքի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն՝ քննարկելի ու վիճելի հարց է. այս սիւնակին մէջ պիտի չմտնենք այդ բանավէճին մէջ, այլ կը բաւականանաք միայն արձանագրելով, որ ազատութիւն եւ ազատամտութիւն պէտք չէ արհամարհեն տրամաբանութեան եւ մարդկայնութեան սահմանները:
***
Ոճիրը բնականաբար ահաւոր ցնցում յառաջացուց Ֆրանսայի մէջ, արձագանգները քանի մը ժամուան մէջ տարածուեցան աշխարհով մէկ: Նախագահը, պետական անձնաւորութիւններ ու անոնց ձայնակցող տարբեր երկիրներու պատասխանատուներ արդար ընդվզումով դատապարտեցին «իսլամ ծայրայեղական»ի մը գործած ոճիրը, ուսուցիչը նկատեցին նահատակ մը, զօրակցական արտայայտութիւններ հնչեցին՝ գործակցաբար կասեցնելու ոճրային ահաբեկչութիւնն ու պատիժի ենթարկելու նման արարքներու հեղինակները:
Առաջին անգամը չէ, որ Ֆրանսա բեմ կը դառնայ ծայրայեղականներու ոճրային արարքներուն: Մէկ անձի իսկ սպանութիւնը անպայման որ փոթորիկ կը ստեղծէ երկրի տարածքին, եւ արդա՛րօրէն: Ֆրանսա միակը չէ, որ բեմ կը դառնայ հետզհետէ աւելի՛ յաճախակի դարձող նման ոճիրներու: Հազիւ շաբաթ մը առաջ, Գերմանիոյ նախագահը սուր քննադատութեան ենթարկած էր ծայրայեղականներու նմանօրինակ ոճիրները եւ պահանջած էր չբաւականանալ լոկ դատապարտանքի խօսքերով: Անգլիա եւս մաս կը կազմէ այն բեմերուն, ուր ոճրածին ծայրայեղականներ օր ցերեկով նմանօրինակ ոճիրներ գործած են եւ փոթորիկ ստեղծած, թիրախ դարձած են պաշտօնական անձնաւորութեանց եւ համընդհանուր դատապարտանքի:
***
…Արցախը 27 Սեպտեմբերէն ի վեր ամէն օր եւ ամէն ժամ թիրախ է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միացեալ յարձակումներուն, որոնց մասնակից են «իսլամ ծայրայեղականներ»: Հայաստանը զերծ չէ ոճրային արարքներէն: Հայութիւնը, այս յարձակումին շղթայազերծումէն առաջ իսկ, ձայնակցած էր այն ահազանգերուն, որոնք կը հնչեն Թուրքիոյ ոճրագործ պետութեան սանձարձակ ու անմարդկային արարքներուն դէմ: Աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ, պետական առաջնորդներ, հաստատութիւններ եւ մամուլը փաստացի տուեալներ կուտակած են ոճիրներուն մասին, կը բարձրաձայնեն դատապարտումն ու պատերազմի դադրեցման պահանջը: 27 Սեպտեմբերէն ի վեր, հայկական կողմը տուած է աւելի քան 650 զոհ, մեծ մասամբ պատերազմական ոճրագործ պետութիւններուն դէմ ճակատող զինուորներու շարքերէն, սակայն նաեւ պատահական քաղաքայիններ, կիներ, մանուկներ…
Կրկնենք: Ֆրանսացի ուսուցիչի մը կեանքին կորուստը անշո՛ւշտ որ ցաւալի ու դատապարտելի արարք է, ոճրագործներուն նկատմամբ պատժամիջոցներու պահանջը՝ անյետաձգելի հրամայական: Ո՛չ մէկ հայ, աւելին՝ ո՛չ մէկ քաղաքակիրթ անձ, ո՛ւր որ ալ գտնուի, չի՛ կրնար անտարբեր մնալ նման ոճիրներու դիմաց: Հետեւաբար, արդար սպասումը ունինք, որ քաղաքակիրթ ու խաղաղութեան հետամուտ աշխարհը համապատասխան կեցուածք որդեգրէ բազմապատիկ սաստկութեամբ ցաւ պատճառող՝ թուրք-ազերիական ոճիրներուն դէմ, գործնապէս վերջ տայ մահ եւ աւեր սփռող ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ:
Ու եթէ Փարիզի այս դէպքը դիտուի քիչ մը խորաթափանց աչքով, դժուար չէ տեսնել, թէ՝ ո՛ր ազգէն ալ ըլլայ արարքին հեղինակը, անոր ստորագրութիւնը մատնացոյց կ’ընէ այն ոճրագործ պետութիւնը, որ այսօր դարձած է «իսլամական ահաբեկչութեան» մայրաքաղաքը, կը հաւաքագրէ, կը զինէ եւ հոս-հոն ոճրային առաքելութիւններու կը մղէ վարձկանները, որոնք ըստ էութեան աղերս չունին Իսլամին հետ, կապ չունին ո՛րեւէ կրօնի հետ:
Աշխարհը պէտք չէ սպասէ, որ ոճրագործին ձեռքերը ուղղակի ցաւ պատճառեն Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, վաղն ալ չես գիտեր ո՞ր երկրին ու ժողովուրդին, որպէսզի ԳՈՐԾԻ անցնի ոճրագործին ձեռքը կտրելու, ոճրածին ծրագիրներու արմատը չորցնելու համար: Եւ, ի՜նչ խօսք, որ Հայաստան եւ հայութիւնը չեն կրնար իրենց ձայնը չմիացնել այս ոճիրը դատապարտողներուն:
16 Հոկտեմբեր 2020
ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Հովհաննիսյանի և ժամկետային զինծառայող Հարություն Դոխոլյանի ասուլիսը
ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Հովհաննիսյանի և ժամկետային զինծառայող Հարություն Դոխոլյանի ասուլիսը
ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Հովհաննիսյանի և ժամկետային զինծառայող Հարություն Դոխոլյանի ասուլիսը
Posted by Armenpress on Friday, October 16, 2020
ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Հովհաննիսյանի և ժամկետային զինծառայող Հարություն Դոխոլյանի ասուլիսը
aztagdaily.com/archives/486565