Ակնարկ. Միացեալ Նահանգները Եւ Արցախի Դէմ Տեղի Ունեցող Պատերազմը
17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար (արտաքին գործոց նախարար) Մայք Փոմփէօ 15 հոկտեմբեր 2020-ին WSB Atlanta -ին տուած հարցազրոյցին հետեւեալ հաստատումները կատարած եւ յոյսը յայտնած է, ըստ Ռոյթըրզ լրատու գործակալութեան (1) տես նաեւ «Ազդակ» (2).
«Այժմ մենք ունինք թուրքերը, որոնք միջամուխ եղան եւ (զինուորական) միջոցներ հայթայթեցին Ազրպէյճանին, աւելցնելով վտանգը, զօրացնելով (Ազրպէյճանի) ռազմական միջոցները, որ տեղի կ՛ունենայ այս պատմական կռիւին մէջ: …Այս տագնապին լուծումը պէտք է կատարուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով, եւ ոչ թէ զինուորական հակամարտութեամբ եւ, հաստատապէս առանց երրորդ կողմերու զինամթերք հայթայթումին, կացութեան մը, որ արդէն վառօդի տակառի վիճակին հասած է»:
Ապա Փոմփէօ կ՛աւելցնէ. «Մենք յոյսով ենք, որ հայերը պիտի կարենան պաշտպանուիլ Ազրպէյճանի կատարածին դէմ, եւ անոնք բոլորը, այդ բանը չպատահած, շիտակ (կատարեալ) զինադադար հաստատուի, ապա նստինք սեղանի շուրջ, եւ դասաւորենք այս հարցը» (“We’re hopeful that the Armenians will be able to defend against what the Azerbaijanis are doing, and that they will all, before that takes place, get the ceasefire right, and then sit down at the table and try and sort through this,”):
Օթանը կառավարող եւ աշխարհին ոստիկանի դերը ստանձնած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը 2 շաբաթ լուռ մնալէ ետք, սկսաւ յայտարարութիւններ կատարել: 27 սեպտեմբերէն ի վեր Ազրպէյճան-Թուրքիա-Իսրայէլ-ահաբեկիչներ Արցախի դէմ շղթայազերծած պատերազմին մասին հաւանաբար վերջին օրերուն այս իր երրորդ յայտարարութիւնն է:
Այս բոլորը տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու եւ Օթանի տուած կանաչ լոյսով, քանի որ այս պատերազմին վայրը՝ Ռուսիոյ հարաւը եւ Իրանի հիւսիսը անկայուն դարձնելը ճի՛շդ իրենց փափաքն է, որպէս զի Վրաստանէն, Ուքրանիայէն եւ չեմ գիտեր ո՞ր երկրէն ետք, նախկին խորհրդային երկիր մը Օթանի անդամ դարձնեն, հոգ չէ, թէ ժողովուրդին եւ երկրին ի՛նչ կը պատահի: Այստեղ յատկանշական է, որ նախագահ Արմէն Սարգսեան օտար լրատուամիջոցներուն տուած իր բոլոր հարցազրոյցներուն ընթացքին այս հարցումը կը հարցնէ, թէ՝ Թուրքիան իբրեւ Օթանի անդամ կանաչ լո՞յս ստացած է, թէ՝ ոչ:
Փոմփէօ ըստ երեւոյթին, շուարած է մեր քաջարի բանակին եւ ժողովուրդին յաղթական դիմադրութենէն, նաեւ, արտասահմանի հայ ժողովուրդին բողոքի ցոյցերէն, յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեղի ունեցող: Հաւանաբար իրենք յոյս ունէին, որ քանի մը օրէն իրենց ծրագիրը կը յաջողէր եւ բոլորը այս կատարուած «անակնկալ» իրողութեան կը հաշտուէին: Սակայն այս երկարատեւ պատերազմը եւ մագլցող զոհերուն թիւը գլխու ցաւ եւ «խղճի ու ամօթի» զգացում յառաջացուցած է Փոմփէօյի մօտ որ կ՛ըսէ «Մենք յոյսով ենք, որ հայերը պիտի կարենան պաշտպանուիլ Ազրպէյճանի կատարածին դէմ, եւ անոնք բոլորը, այդ բանը չպատահած»: Իսկ անհասկնալի է «կատարածին դէմ»-ը եւ «այդ բանը չպատահած»-ը: Արդեօք ցեղասպանութի՞ւն ըսել կ՛ուզէ:
Ամերիկահայութիւնը պէտք չէ վերանորոգէ այս վարչակարգը:
16 հոկտեմբեր 2020
(2) http://www.aztagdaily.com/archives/486420
ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Հովհաննիսյանի և ժամկետային զինծառայող Հարություն Դոխոլյանի ասուլիսը
ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Հովհաննիսյանի և ժամկետային զինծառայող Հարություն Դոխոլյանի ասուլիսը
ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Հովհաննիսյանի և ժամկետային զինծառայող Հարություն Դոխոլյանի ասուլիսը
Posted by Armenpress on Friday, October 16, 2020
ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Հովհաննիսյանի և ժամկետային զինծառայող Հարություն Դոխոլյանի ասուլիսը
aztagdaily.com/archives/486567