Պատերազմի մէջ է Արցախը, պատերազմի մէջ է Հայաստանը, պատերազմի մէջ է Սփիւռքահայութիւնը – Հայութեան գոյամարտն է որ տեղի կ՚ունենայ
Կեցցէ հայոց Սփիւռքը։
Կեցցեն Սփիւռքի մէջ գործող հայկական բոլոր քաղաքական ուժերը։
Կեցցեն բոլոր կազմակերպութիւնները։
Կեցցեն բոլոր գործիչները, ակտիւիստները, կամաւոր աշխատողները, հայ ուսուցիչները, միութիւնները… Բոլորը, բոլորը անխտիր։
Այս պատերազմը Արցախի դէմ յայտարարուած պատերազմ չէ։
Այս պատերազմը ԱՄԲՈՂՋ հայութեան դէմ է։ Հայութեան գոյամարտն է որ տեղի կ՚ունենայ։
Պատերազմի մէջ է Արցախը, պատերազմի մէջ է Հայաստանը, պատերազմի մէջ է Սփիւռքահայութիւնը։
Եւ մենք աշխարհի բոլոր անկիւններու վրայ պիտի չդադրինք կռուելէ, գիշեր ու ցերեկ պիտի պայքարինք ու պիտի դիմադրենք թուրք-ադրբեջանա-ճիհատիսթ ահաբեկիչներուն, մինչեւ վերջնական յաղթանակ։
Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ նպատակ։
Եւ չկասկածիք, ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ։