Արցախի Թէ՛ Հարաւային, Թէ՛ Հիւսիսային Ուղղութեամբ Մարտերը Կը Շարունակուին, Հայկական Բանակը Կրկին Վար Առաւ Անօդաչու Սարքեր

Aliyev, we greet you. Welcome to hell, welcome to the boiling boiler room - don't miss the opportunity to bring the colorful terrorists with you ...

Արցախի Թէ՛ Հարաւային, Թէ՛ Հիւսիսային Ուղղութեամբ Մարտերը Կը Շարունակուին, Հայկական Բանակը Կրկին Վար Առաւ Անօդաչու Սարքեր

21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020

Պատերազմին ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան բանակը շուրջ 1 տասնեակ «Պայրաքտար» թրքական անօդաչու թռչող սարքեր խոցած է: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին գրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Խոցուած սարքերէն ոչ մէկը, սակայն, պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ ինկած է: Կարծես վերջապէս «Պայրաքտար»-ի բեկորներ ունինք, որմէ ակնյայտ կը դառնայ, որ անիկա արտադրուած է սեպտեմբերին, իսկ գերժամանակակից տեսախցիկը Քանատայի մէջ արտադրուած է յունիսին, յայտնած է ան:

Ըստ վարչապետին, ասիկա կը փաստէ Թուրքիոյ անմիջական ներգրաւուածութիւնը Արցախի դէմ մղուող ահաբեկչական պատերազմին եւ անոր նախապատրաստութիւններուն մէջ:

«Եւ այն երկրները, որոնք «Պայրաքտար»-ի անհրաժեշտ բաղադրամասեր կը մատակարարեն Թուրքիոյ` այս փաստին բերումով պէտք է հետեւին Քանատայի օրինակին եւ կասեցնեն հետագայ մատակարարումները», գրած է Փաշինեան:

Իսկ Թուիթըրի իր էջով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, թէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հաստատած է, որ Ազրպէյճան կը ղեկավարուի ցեղապաշտական իշխանութեան կողմէ, որ կը փառաբանէ հայերու նկատմամբ ցեղային բռնութիւնները եւ ցեղային ատելութիւն կը սերմանէ հասարակութեան մէջ:

«Արցախի հայերուն Ազրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ ապրիլ պարտադրելը կը խախտէ միջազգային իրաւունքը», գրած է վարչապետ Փաշինեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 20 հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորները` Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ:

Նախագահ Յարութիւնեան ներկայացուցած է թուրք-ազրպէյճանական յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակը եւ նշած, որ այն ծաւալապաշտական նկրտումները, զորս ունին Ազրպէյճանի գործող իշխանութիւնները, պէտք է անպայման քաղաքական գնահատական ստանան:

Անդրադառնալով ռազմաճակատին տիրող դրութեան` նախագահը ընդգծած է, որ առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, աւելի ծանր մարտերը կ՛ընթանան Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր, Կովսական եւ Միջնաւան համայնքներուն մէջ:

Թշնամին հարաւային ուղղութեամբ` Խուտաֆերինի ջրամբարի մեծ կորուստներ կրելով կը նահանջէ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան:

Ան հրապարակած է նաեւ Արցախի պաշտպանութեան բանակին կողմէ խոցուած թրքական «Պայրաքտար» TB2 տեսակի հերթական անօդաչու թռչող սարքի մնացորդներու լուսանկարները:

20 հոկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ Արցախի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին, իրավիճակը լարուած է:

«Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն ազրպէյճանական զինուած ուժերը նորէն յարձակողական գործողութիւններու ձեռնարկած են ե՛ւ հիւսիսային, ե՛ւ հարաւային ուղղութիւններով: Աւելի յամառ մարտեր ընթացած են հարաւային ուղղութեամբ, այդ մարտերուն ընթացքին մեր զօրքերը յաջողութեամբ կասեցուցած են թշնամիի յարձակողական քանի մը գրոհները եւ ետ շպրտած ելման բնագիծեր: Այս պահու դրութեամբ ալ իրավիճակը լարուած է, մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին», ըսած է Յովհաննիսեան:

Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները յաջողած են խոցել ազրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց կարգին` թրքական «Պայրաքտար» տեսակի:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 հոկտեմբերին գրած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան պետի առաջին տեղակալ-զօրավար Տիրան Խաչատրեանին եւ 5-րդ բանակային ջոկատի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Անդրանիկ Փիլոյեանին պիտի շնորհուի Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչում:

cross of ashod yergat

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Արցախ տարուեցաւ հայոց բանակի Աշոտ Երկաթի խաչը, որուն մէջ զետեղուած են Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքները:

Այս մասին Դիմատետրի իր էջին գրած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան: 20 հոկտեմբերին` ժամը 10:00-ին այդ խաչով Պարգեւ սրբազան, հոգեւորականներուն հետ, գնդերէցներու մասնակցութեամբ, օրհնեց հայոց աշխարհի չորս կողմերը եւ հայոց բանակը` ի նպաստ խաղաղութեան եւ հայոց յաղթանակին:

The Mountain Lions, The defense army of the Republic Artsakh

aztagdaily.com/archives/486873

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail