Ազրպէյճանական Յարձակումին Հայոց Բանակը Կը Շարունակէ Ուժգին Հակազդել

The Lions of the Mountain - The Republic Artsakh defense army

Ազրպէյճանական Յարձակումին Հայոց Բանակը Կը Շարունակէ Ուժգին Հակազդել

20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Իլհամ Ալիեւ Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Հանդիպելու

Երէկ` երկուշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2020-ին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցներու ընթացքին թէ՛ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած են, որ պատրաստ են հանդիպիլ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիներ գտնելու համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատասխանեցին, Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, Մոսկուայի մէջ հանդիպելու պատրաստակամութեան վերաբերող հարցումին:

«Պատրա՞ստ էք երթալ Մոսկուա, որպէսզի հանդիպում ունենաք ձեր պաշտօնակիցին հետ` Ռուսիոյ միջնորդութեամբ», հարցուցած է լրագրողը: Փաշինեան պատասխանած է. «Ես արդէն ըսի` մենք միշտ ըսած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճամբով: Ցաւօք, Ազրպէյճանն է, որ համաձայն չէ այս տեսակէտին: Մեր դիրքորոշումն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճամբով: Եւ ես պատրաստ եմ ներդրելու անհրաժեշտ ջանքերը` նման արդիւնքի հասնելու համար, այդ կարգին` երթալ, հանդիպիլ, խօսիլ: Բայց մենք բոլորս պէտք է հասկնանք, որ լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխզիջումի վրայ: Ի միջի այլոց, եթէ հակառակ կողմէն չկայ փոխզիջման պատրաստակամութիւն, մենք պատրաստ ենք պայքարելու մինչեւ վերջ` Լեռնային Ղարաբաղի մեր ժողովուրդին իրաւունքին, մեր հայրենակիցներուն իրաւունքներուն համար: Ասիկա Հայաստանի կառավարութեան, Հայաստանի ժողովուրդին, հայկական սփիւռքին դիրքորոշումն է: Եւ ես կը կարծեմ, թէ ասիկա ազնիւ եւ կառուցողական դիրքորոշում է»:

ԹԱՍՍ-ի լրագրողի նոյն հարցումին Ազրպէյճանի նախագահը իր կարգին պատասխանած է, որ Պաքուն պատրաստ է հայկական կողմին հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններու` Մոսկուայի մէջ կամ այլուր:

«Մենք միշտ պատրաստ ենք հանդիպում ունենալու Մոսկուայի եւ որեւէ այլ քաղաքի մէջ, որպէսզի վերջ դնենք դիմակայութեան եւ գտնենք լուծման ուղիներ», ըսած է Ալիեւ:

19 հոկտեմբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գլխաւորեց Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին, որուն, բացի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներէն, մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց, Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձաժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցիչ, պատգամաւոր Արման Աբովեան:

Նիստին, որ սկսաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին աղօթքով, քննարկուեցան ազրպէյճանաթրքական յարձակումին իբրեւ հետեւանք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու թշնամիին հակազդելու ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը:

19 հոկտեմբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ: Վարչապետը անդրադարձաւ ազրպէյճանական-թրքական յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք ստեղծուած կացութեան եւ հայկական կողմին քայլերուն ու գործողութիւններուն, նաեւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Հանդիպումին մասնակցեցան Հանրապետական կուսակցութեան խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով, ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց, պատգամաւոր Արման Աբաջանեան, Քաղաքացու որոշում կուսակցութեան գործադիր մարմնի քարտուղար Սուրէն Սահակեան, Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութեան փոխնախագահ Լեւոն Զուրաբեան եւ այլն:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 19 հոկտեմբերին ընդունեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Երկրի ղեկավարը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց թեմակալ առաջնորդին` պատերազմական այս ծանր ժամանակաշրջանին Արցախի մէջ գտնուելուն եւ իր աջակցութիւնը բերելուն համար` ընդգծելով, որ պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցին միշտ եղած է ժողովուրդին եւ իշխանութեան կողքին, յատկապէս օրհասական պահերուն միասին յաղթահարած են բոլոր դժուարութիւնները:

Բագրատ եպս. Գալստանեան նախագահին փոխանցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը եւ նշեց, որ, անկախ ստեղծուած իրավիճակէն, հաւատացած է, որ Աստուծոյ զօրութեամբ եւ ազգային միասնական ջանքերով կրկին կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել նետուած մարտահրաւէրը եւ պատուով յաղթահարել Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յանցաւոր պատերազմի փորձութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, թէ Արցախի եւ Ազրպէյճանի հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին մէջ 19 հոկտեմբերին երեկոյեան մարտական գործողութիւններու ուժգնութիւնը որոշ չափով նուազեցաւ:

Երէկ, 19 հոկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան դիտել տուաւ, որ հիւսիսային ուղղութեամբ թշնամին կենդանի ուժի զգալի կորուստներ ունեցած է, իսկ հարաւի մէջ ծանր մարտեր ծայր առած են օրուան ընթացքին: Վերջին տուեալներուն համաձայն, ազրպէյճանական կազմը պատերազմի ընթացքին արդէն կորսնցուցած է 195 անօդադու թռչող սարք, 16 ուղղաթիռ, 22 ինքնաթիռ, 566 միաւոր զրահամեքենայ, 4 ՏՕՍ համազարկային կրակի ծանր հրետանային համակարգ եւ ունեցած է անձնակազմի 6259 կորուստ:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանի կարծիքով` միջազգային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու յայտարարութիւնները Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ, արդիւնք չեն տար որովհետեւ, յստակ գործողութիւններ անհրաժեշտ են:

Ըստ Բեգլարեանի` միջազգային կառոյցները պէտք է յստակ քայլերու դիմեն կազմակերպեն այցելութիւններ, արձանագրութիւններ կազմեն, պատժամիջոցներ կիրարկեն:

Լեռնային առիւծերը, արցախի պաշպանութեան բանակը

aztagdaily.com/archives/486749

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail