Լիբանանահայ Երիտասարդները Բողոքի Ցոյց Կատարեցին Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Կեդրոնատեղիին Առջեւ
24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայկական ուսանողական-երիտասարդական միութիւններու, ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Պէյրութի կեդրոնատեղիին առջեւ` նպատակ ունենալով լիբանանահայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան բողոքի ձայնը հասցնել` Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ Ազրպէյճանի գործած վայրագ աքթերուն եւ միջազգային օրէնքի դրժումներուն գծով:
Բողոքի ցոյցին ընթացքին մասնակից երիտասարդներն ու ուսանողները հանդէս եկան կանչերով, դատապարտումի եւ Արցախի հայ ժողովուրդին զօրակցութեան լոզունգներով: Մասնակիցներու անունով ընթերցուեցաւ Ազրպէյճանի դէմ դատապարտումի միացեալ խօսք երեք լեզուներով` արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն: Այս խօսքին ընդմէջէն լիբանանահայ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները դատապարտեցին Ազրպէյճանի անիրաւ եւ միջազգային օրէնքներու դէմ գործած արարքները, նաեւ կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ին, որ իր կարգին դատապարտէ այս դրժումները եւ ճանչնայ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:
Բողոքի աւարտին մասնակիցներու անունով բողոքագիր փոխանցուեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին: Մասնակիցները նաեւ ներկայացուցիչին եւ տեղական լրատուամիջոցներուն յանձնեցին խտասալիկներ, որոնք կը բովանդակեն Արցախեան հարցին մասին պատմական տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ 27 սեպտեմբերէն սկսեալ Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումներու վերաբերող մանրամասնութիւններ:
www.aztagdaily.com/archives/487158