Հոգեբանական Պատերազմը Եւ Անոր Հակազդելու Կանոնները. Հայկ Դեմոյեան

The Lions of the Mountain - The Republic Artsakh defense army

Հոգեբանական Պատերազմը Եւ Անոր Հակազդելու Կանոնները. Հայկ Դեմոյեան

26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020

Գրառումներու տակ լացող դէմք տեղադրելով եւ այդ կերպով Ձեր յոյզերն ու ապրումները ներկայացնելով, որեւէ կերպով չէք աջակցիր բանակին, այլ՝ հակառակը։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է պատմաբան Հայկ Դեմոյեան, խնդրելով ուշադիր կարդալ ու հետեւութիւններ ընել։

Թշնամին այլեւս չունի հարուածային այն թափը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ լեռնային ծանր մարտեր վարելու եւ բեկում մտցնելու ռազմական գործողութիւններուն մէջ։ Յարձակման ընթացքը պահելու ջղաձգումներուն զուգահեռ, թշնամին չի թուլացներ հոգեբանական պատերազմի բոլոր կանոններով հայկական զինուժի ու թիկունքի դէմ տարուող յատուկ մշակուած գործողութիւններու կիրառումը։ Այդ նպատակով վարձուած է լրագրողներու, լրատուամիջոցներու եւ ինքնահռչակ ռազմական “փորձագէտներ”ու պատկառելի բանակ մը՝ հայկական կողմին դէմ հոգեբանական պատերազմ վարելու համար։

«Հոգեբանական պատերազմի մարտավարութիւնը կ՝իրականացուի թրքական բանակի՝ հոգեբանական պատերազմ վարելու յատուկ ստորաբաժանումներու կողմէ մշակուած ծրագիրով։ Տեղեկատուական ու հոգեբանական գործողութիւնները հայկական կողմին դէմ կ՝իրականացուին անդադար եւ մեզմէ կախուած է անոր չէզոքացման արդիւնաւէտութիւնը։

Ինչպէ՞ս չէզոքացնել այս քայքայիչ գործողութիւններուն հնարաւոր հետեւանքները։ 1. Չենք դիտեր ազրպէյճանցիներու կողմէ ուղարկուած ՑԱՆԿԱՑԱԾ տեսանիւթ եւ չենք տարածեր զանոնք հասարակական ցանցերով,

2. Ցանկացած տեղեկութիւն ստանալու պարագային կը փորձենք ստուգել անոր սկզբնաղբիւրը եւ կը փորձենք վերլուծել անոր վստահելի ըլլալն ու ճշմարտացիութիւնը,

3. Ձեռնպահ կը մնանք աղմկայարոյց եւ ցնցող լուրեր տարածելու գայթակղութենէն եւ այդ կերպով տեղեկացուած անձ ներկայանալու ցանկութենէն,

4. Հեռախօսազրոյցներու ժամանակ որեւէ տեղեկութիւն չենք հաղորդեր ռազմական գործողութիւններուն կամ թիկունքի առօրեայ իրադարձութիւններուն մասին, որոնք կրնան հետաքրքրութիւն յառաջացնել թշնամիին համար,

5. Ազրպէյճանցի կամ թուրք օգտատէրերու հետ առճակատումներու ժամանակ սադրանքներու չենք տրուիր,

6. Գրառումներու տակ լացող դէմք տեղադրելով եւ այդ կերպով Ձեր յոյզերն ու ապրումները ներկայացնելով, որեւէ կերպով չէք աջակցիր բանակին, այլ ճիշդ հակառակը՝ թշնամիի մօտ տպաւորութիւն կը ստեղծէք, որ իրենց գործողութիւնները ցանկալի արդիւնք կու տան,

7. Այս օրերուն հեռախօսներով լուսանկարելու կամ լուսանկարուելու ժամանակ ուշադիր կը ստուգենք լուսանկարի բովանդակութիւնը եւ կը փորձենք հասկնալ արդեօ՞ք անիկա չէ արձանագրած որեւէ դրուագ կամ պահ, որ կրնայ հետաքրքրել թշնամին,

8. Կը փորձենք հնարաւորինս պահպանել սառնասրտութիւն եւ լաւատեսութիւն՝ գիտակցելով, որ այդ կերպով կ՝աջակցինք առաջնագիծի զինուորին, իսկ թշնամիին յստակ ուղերձ կու տանք, որ որեւէ խուճապային իրավիճակ թիկունքին ուղղութեամբ չկայ»,- գրած է պատմաբանը։

The Lions of the Mountain – The Republic Artsakh defense army

Yerakouyn.com/2020/10/26/հոգեբանական-պատերազմը-եւ-անոր-հակազդ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail