Ամերիկահայերու Բողոքի Ցոյցը՝ Lockheed Martin-ին Դէմ
23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ:
ՏԱԼԱՍ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ խումբ մը ամերիկահայեր բողոքի ցոյց կատարեցին Տալասի մէջ գտնուող Lockheed Martin ռազմարդիւնաբերական ընկերութեան գործարանին մօտ:
Ցուցարարները դատապարտեցին թրքական անօդաչու թռչող սարքերու համար ամերիկեան բաղադրամասեր եւ ճարտարագիտութիւն տրամադրելու ընկերութեան քայլը, որուն պատճառով թրքական անօդաչուները կը ռմբակոծեն Արցախի հայ բնակչութեան տուները:
Ցոյցին մասնակցողները բազմաթիւ պաստառներ բարձրացուցած էին՝ պահանջելով, որ ընկերութիւնը դադարեցնէ ռազմական նշանակութիւն ունեցող սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ:
Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւս դիմած է արտաքին գործոց նախարարութեան, մահաբեր արտածումները կասեցելու պահանջով՝ ակնարկելով յատկապէս թրքական Bayraktar TB2 անօդաչուներուն համար նախատեսուած ամերիկեան բաղադրամասերու վաճառքը:
asbarez.com/arm/378847/ամերիկահայերու-բողոքի-ցոյցը՝-lockheed-martin-ին-դէ/