Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Խաղաղ Երկխօսութիւնը Վերսկսելու Որեւէ Նպատակ Չունին. Արայիկ Յարութիւնեան
26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կ՝արձանագրէ, որ հակառակ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու գործադրած ջանքերուն՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական հրադադար հաստատելուն, Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անտեսել եւ խախտել այդ նպատակով ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւնները: Այս մասին նախագահ Յարութիւնեան գրած է Facebook-ի իր էջին վրայ:
«Ինչպէս եւ նախորդ անգամները, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, որ կը վերահաստատէր Մոսկուայի մէջ Հոկտեմբեր 10-ին եւ Փարիզի մէջ Հոկտեմբեր 17-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահներու նախաձեռնութեամբ համաձայնեցուած մարդասիրական հրադադարը կեանքի կոչելու եւ պահպանելու կողմերուն յանձնառութիւնը, այսօր կրկին կոպտօրէն խախտուած է պաշտօնական Պաքուին կողմէ: Յատկապէս օրուան երկրորդ կիսուն Ազրպէյճանը առաջնագիծի ողջ երկայնքով վերսկսած է նախայարձակ գործողութիւնները՝ հրթիռահրետանային միջոցներու կիրառումով:
Այս ամէնը կը հաստատէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, ունենալով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն անվերապահ հովանաւորութիւնը եւ վարձկան-ահաբեկիչներու աջակցութիւնը, որեւէ նպատակ չունին խաղաղ երկխօսութիւնը վերսկսելու եւ բացայայտ կերպով հասկցնել կու տան, որ պիտի շարունակեն ռազմական ջանքերը Արցախի վերջնական հայաթափման ուղղութեամբ: Ուստի, մեր համազգային խնդիրն է պայքարիլ յանուն սեփական հայրենիքի մէջ արցախահայութեան անվտանգ ու արժանապատիւ գոյութեան: Մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու իրաւունքները որեւէ զիջման ենթակայ չեն, եւ այդ հարցով մեր վճռականութիւնը վեր է բոլոր տեսակի հանգամանքներէ ու ցանկութիւններէ»,- գրած է Յարութիւնեանը:
yerakouyn.com/2020/10/26/ազրպէյճանի-իշխանութիւնները-խաղաղ-եր/