Հարաւային Ամերիկայի Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ալիք Մը Սկսած Է. Մարիօ Նալպանտեան

mario-nalbantian
08 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Արժանթինի պետական քաղաքականութեան մաս է, ոչ թէ հատուածական պայքար: Նման կարծիք, ըստ News.am-ի, յայտնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի` ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Մերձսեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, որ գործուն մասնակցութիւն կ՛ունենայ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայ Դատի գրասենեակի գործունէութեան:

«Տարիներ շարունակ մենք պայքարած ենք, եւ այսօր կրնանք միանշանակ ըսել, որ Արժանթինի մէջ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն եւ քաղաքական գործիչ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին կը վերաբերի ամենայն լրջութեամբ: Նոր ընտրուած նախագահն ալ նախապէս եղած է Պուենոս Այրեսի քաղաքապետ եւ 8 տարիներու ընթացքին միշտ աջակցած է մեզի: Հարաւային Ամերիկայի մէջ արդէն իսկ սկսած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ալիք մը, որ պէտք է շարունակել»,- ըսած է Մարիօ Նալպանտեան:

Նալպանտեանի համաձայն, Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք պէտք է անցնիլ նոր հանգրուանի, որուն ընթացքին մեր իրաւական պահանջները պիտի ներկայացնենք: Ըստ արժանթինահայ գործիչին, հայերուն վարած պայքարը օրինակ ծառայած է նաեւ ուրիշ ժողովուրդներու համար, բան մը, որ ողջունելի է:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail