Ոչ նահանջելու, ոչ յուսալքուելու, ոչ ալ թուլանալու տեղ ու պատճառ ունինք։
Վիճակը բարդ է եւ դժուար, իսկ ո՞ր պատերազմը հեշտ է եւ դիւրին։
Պիտի համախմբուինք, վերադասաւորենք ու վերակազմակերպենք մեր ուժերը, եւ ուժեղ հակահարուածի պատրաստուինք։
Մեր միակ փրկութիւնը մեր յաղթանակի մէջ է, թէ ռազմաճակատի եւ թէ բանակցութիւններու սեղանին վրայ։
Բռնցքուինք ու դիմանանք, դիմադրենք ու հարուածենք։
Սա է միակ ելքը։
Յաղթանակը ուժեղ կամքի մէջ է։
Եւ պիտի յաղթենք։
Րաֆֆի Տուտագլեան