«Սապահ» Հրապարակած է ՔԱԿ-ի Օժանդակող Երկիրներու Ցանկը. Հայաստանը 13-րդն Է

PKK-Female
07 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Թրքական իշխանամէտ «Սապահ» թերթը հրապարակած է այն երկիրներու ցանկը, որոնք իբրեւ թէ կ՚աջակցին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ)։

Առաջին դիրքի վրայ է Ռուսիան, որ ըստ իշխանամէտ օրաթերթին, ՔԱԿ-ին կը մատակարարէ RPG տիպի նռնականետեր, 60մմ ականանետեր, զինամթերք, հեռակառավարուող ականներ, գիշերային տեսողութեան սարքեր, Քալաշնիքով տեսակի գնդաձիրներ։

Ըստ կայքի պնդումներուն, ՔԱԿ-ին մատակարարուող Քալաշնիքով տեսակի գնդաձիրներու 70 առ հարիւրը, իսկ հրթիռներու 65 առ հարիւրը ռուսական արտադրութիւն են։

«Անգլիան իր բեռնափոխադրող օդանաւերով ՔԱԿ-ին կը մատակարարէ ականանետեր, իսկ ՔԱԿ-էն գրաւուած գնդաձիներու մէկ մասը բրիտանական արտադրութիւն է», կը պնդէ «Սապահ»։

Գերմանիան, ըստ թրքական օրաթերթի պնդման, հրթիռներ կը մատակարարէ, նաեւ կը մարզէ ՔԱԿ-ի անդամները։

Միացեալ Նահանգներ ՔԱԿ-ին կ՚օժանդակեն տարբեր տեսակի զինատեսակներով՝ յատկապէս ռումբերով։

ՔԱԿ-ին օժանդակողներու շարքին կը նշուին նաեւ Իտալիան, Չինաստանը, Սպանիան, Իսրայէլը, Սուրիան, Իրաքը, Հոլլանտան, Պելճիքան, Յունաստանը, Ֆրանսան, Դանիան եւ Սերպիան։

Ցանկին մէջ 13-րդ դիրքի վրայ է Հայաստանը։ Թրքական իշխանամէտ թերթը կը գրէ, թէ ՔԱԿ-ի անդամները «ահաբեկչական կրթութիւն» կը ստանան Հայաստանի հետախուզական ստորաբաժանմուներու կողմէ։

http://horizonweekly.ca/news/details/78905

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail