Թուրքիան Արձագանգած է Պէյրութի Մէջ Թրքական Դեսպանութեան Դիմաց Հայերու Կողմէ Էրտողանի Նկարը եւ Թրքական Դրօշակը Այրելուն
30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
Թուրքիոյ ԱԳՆ–ն տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ խստօրէն «կը դատապարտէ» Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ հայ ցուցարարներու կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկարի եւ թրքական դրօշակի այրումը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 26-ին տեղի հայկական համայնքը ցոյց կազմակերպած էր Պէյրութի մէջ թրքական դեսպանատան դիմաց՝ իբրեւ աջակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ ընդդէմ թուրք–ազրպէյճանական ահաբեկչական գործունէութեան։ Ցոյցին ընթացքին, ի նշան բողոքի, հայ երիտասարդները այրած էին Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի դրօշակները։
«Մենք տեղեկացուած ենք, որ թրքական դրօշակն ու մեր նախագահի նկարը այրուած են Հոկտեմբեր 26-ին Պէյրութի մէջ դեսպանատան դիմաց հայ երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուած ցոյցին ընթացքին։ Մենք խստօրէն կը դատապարտենք այս ստոր արարքը մեր դրօշակին եւ մեր նախագահին նկատմամբ եւ կ՝ակնկալենք, որ անհրաժեշտ գործողութիւնները կը կիրառուին բոլոր պատասխանատուներուն նկատմամբ»,– նշուած է թրքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։
yerakouyn.com/2020/10/29/թուրքիան-արձագանգած-է-պէյրութի-մէջ-թր/