Արցախի Հանրապետութիւնը Պիտի Մնայ Հայկական

Արցախի Հանրապետութիւնը Պիտի Մնայ Հայկական

Արցախի Հանրապետութիւնը Պիտի Մնայ Հայկական

30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020

Թուրք-ազերիական ոճրագործ պետութիւններու կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու առաջին իսկ ժամերէն, ՀՅԴ երիտասարդականը ողջ ներուժով նետուեցաւ պայքարի առաջնագիծ՝ պատերազմի զանազան ճակատներու վրայ իր ներդրումը ունենալու։ Այս գոյամարտը կը մղուի բազմաթիւ ճակատներու վրայ: Հասնելու համար ամբողջական յաղթանակի, պէտք է իւրաքանչիւր ճակատի վրայ գերազանցենք մենք մեզի։

Այդ ճակատներն են․

• Քաղաքական-յարաբերական եւ դիւանագիտական ճակատ. պէտք է խթանել Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գործընթացը, պարտադրելով Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ դատապարտելով քոչուոր ցեղին մեր բնօրրանը ներխուժելու ռազմական փորձը։
• Քարոզչական եւ տեղեկատուական ճակատ. պարտինք համայն աշխարհին ներկայացնել հայութեան դիրքորոշումը, ստեղծել հայանպաստ մթնոլորտ, կանխել թշնամիին եւ իր սպասարկուներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած կեղծ եւ սուտ լուրերու տարածումը
• Պէտք է օժանդակել արցախահայութեան եւ Հայոց Բանակին, զանազան ձեւերով. նուիրատուութիւններով, անմիջական անհրաժեշտութեան դեղորայք ու ապրանքներ ղրկելով։
Եւ վերջապէս, հիմնականը՝
• Արցախեան ռազմաճակատ. պէտք է պաշտպանենք մեր հայրենիքի սահմաններն ու Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը։

Անցնող մէկ ամսուայ ընթացքին, ՀՅԴ Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները Հայրենիքի ու Սփիւռքի մէջ իրենց ուրոյն դերը ունեցան այս բոլոր ճակատներուն վրայ մղուող պայքարին մէջ, համախմբելով հայ երիտասարդութեան բոլոր շերտերը։

Մենք, որպէս համահայկական-երիտասարդական կառոյց, աշխատանքի լծած ենք մեր միջազգային քաղաքական կապերը։ Զանազան միջոցներով՝ ամենօրեայ լայնածաւալ ցոյցերով, ոտքի հանած ենք զանազան երկիրներու հայկական գաղութները։ Միջազգային հանրութեան ու երիտասարդական քաղաքական միութիւններուն տրամադրած ենք ճշգրիտ տեղեկութիւններ Արցախեան հակամարտութեան ծագումնաբանութեան, ինչպէս նաեւ մարտի դաշտին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ, մասնաւորաբար շեշտելով որ Հայկական բանակը չի պայքարիր միայն Ատրպէյճանական կանոնաւոր բանակին դէմ, այլ նաեւ Թուրքիոյ յատուկ ջոկատայիններու եւ մի քանի ահաբեկչական միաւորներու դէմ։

Փաստօրէն, հայութիւնը այսօր կը դիմակայէ պանթուրանական ծրագիրը։ Իմ համոզմամբ հետեւեալ քայլերով եւ գործողութիւններով է որ պէտք է հասցնենք այս գոյամարտը իր յաղթական աւարտին՝

• Դէմ ենք ամէն տեսակի պարտուողական տրամադրութիւններուն։
• Կը մերժենք որեւէ լուծում որ չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը:
• Արցախի անկախութեան ճանաչումը Հայաստանի եւ համաշխարհային ընտանիքի կողմէ մեր յառաջիկայ գործունէութեան առաջնահերթութիւնն է։
• Անհրաժեշտ է ներքին միասնականութիւնն ու ազգի բոլոր ուժերու զօրաշարժը, ապահովելու համար յաղթանակը:
• Մեր կազմակերպուածութիւնն է, որ պիտի կարենայ մեր ջանքերը դարձնել արդիւնաւէտ՝ թիկունքին եւ ռազմաճակատին վրայ:
• Քաղաքական դիւանագիտական ճշգրիտ արեւելումն ու հաշուարկները անհրաժեշտ են Արցախի ազատագրական պայքարի հայանպաստ լուծումին։
• Այս պատերազմը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ մեր ազատագրական պայքարը երկարատեւ է. իւրաքանչիւր հայ եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը, ներկայի զգացական հայրենասիրութիւնը պէտք է վերածէ հետեւողական յանձնառութեան եւ յարատեւ կռուի վճռակամութեան:

Հակազդելու ժամանակը սպառած է։ Ժամանակն է կազմակերպուելու, եւ հետեւելով վերոնշեալ սկզբունքներուն՝ իրականացնել լայնածաւալ հակայարձակում, բոլո՛ր ճակատներով։

Արցախի Հանրապետութիւնը պիտի մնայ հայկական։ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները յանձնառու են ( իրենց բաժին յանձնառութիւնն ունին) Արցախի գոյամարտի յաղթական եւ վերջնական աւարտի սուրբ գործին։ Այս սուրբ գործը պիտի պահանջէ կատարեալ նուիրում եւ անսակարկ զոհողութիւն։ Ռազմաճակատի վրայ հայ ժողովուրդին տուած բազմաթիւ զոհերու կողքին, նահատակուած են ՀՅԴ երիտասարդականի մեր սիրելի ընկերները՝ Արամ Գրիգորեան, Վիգէն Մուրադեան, Բենիամին Նալբանդեան, Էրիկ Գալստեան։

Պիտի շարունակենք պայքարը յանուն մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն։ Յաւերժ փառք մեր նահատակներուն:

Արշակ Մեսրոպեան
ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու

Վերը աստուած, վարը հայկական բանակ – Լեռնային առիւծները, արցախի պաշպանութեան բանակ

yerakouyn.com/2020/10/30/արցախի-հանրապետութիւնը-պիտի-մնայ-հայ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail