ԱՐԹՆՑԻ՛Ր, ՀԱ՛Յ ՄԱՐԴ – սփիւռքէն հազիւ 300 կամաւորներ եկած են Հայրենիք, ՍԱ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ Է – Գէորգ Եազըճեան
31 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
– Սրտագին կոչ աշխարհասփիւռ հայրենակիցներուս -Երբ կը կարդաք այս տողերը, հաւանաբար արդէն վերադարձած ըլլամ Արցախի մէջ գտնուող այն զօրամասը, ուր կը գտնուէի ամսուան կէսէն ի վեր:
Բացառուած չէ, որ այս ըլլայ կեանքիս վերջին գրութիւնը: Մի՛ ցնցուիք առաջին պահուն յոռետեսական թուացող այս կանխատեսումէն:
Ընդհակառակը՝ ես յոյժ լաւատես եմ եւ վստահ, որ հիմնովին պիտի շրջենք կացութիւնը ռազմաճակատներուն վրայ:
Կարեւորը ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ կերտումն է, վերադառնամ վահանո՞վ, թէ՞ վահանի վրայ:
Ձեզի կը դիմեմ երեք խնդրանքով.
Ա) Մի՛ տրուիք հայանուն արարածներու սադրանքներուն, որոնք կը հաւասարեցնեն իշխանութիւնները պետականութեան, առաւել եւս՝ Հայրենիքին հետ, եւ այս ճակատագրական պահուն իշխանափոխութիւն ու սովորական ժողովրդավարական գործընթացներ կը պահանջեն: ՊԱՏԵՐԱԶՄ Է, կատակ չէ, իսկ պատերազմի ժամանակ ԱՆՎԵՐԱՊԱՀՕՐԷՆ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆ ՎԵՐԱԴԱՍԻՆ ՀՐԱՄԱՆՆԵՐԸ՝ հաշուետուութեան պահանջը յետաձգելով ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԵՏՔ:
Իշխանութիւնները գնայուն են, պետականութիւնը՝ բացարձակ արժէք, իսկ Հայրենիքը՝ յաւիտենական արժէք:
Բ) Իմ տեղեկութիւններով եւ դիտարկումներով, մեր զինուորները շատ լաւ ապահովուած են սնունդով, հանդերձանքով, վերջին օրերուն համալրուեցան նաեւ նոր ստացուած զէնք-զինամթերքով, այդ շարքին՝ հակա-ԱԹՍական զէնքերով:
Նենգ թշնամին երեւի տեղեակ է նաեւ այս բոլորէն, ու ան, նկատի ունենալով այս փաստը, եւ նաեւ այն, որ կռիւները հիմնականին մէջ տեղափոխուած են լեռնային շրջաններ, կը փորձէ ներթափանցող խափանարար փոքր խումբերու միջոցով լեռներէն ու անտառներէն թափանցել բնակավայրեր, զանոնք ներսէն գրաւել, ապա նոր միայն իր ծանր զրահամեքենաները հասցնել այդ բնակավայրերը:
Թափանցման փորձերը կը կատարուին առաւելաբար գիշերը:
Հայրենիքի պաշտպանները անոնց կը դիմադրեն աներեւակայելի խիզախութեամբ: Սակայն աւելի արդիւնաւէտ դիմակայելու համար կարիքը կայ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ՏԵՍՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ամենատարբեր տեսակի հեռադիտակներու՝ monocle, binocle, աչքերուն ակնոցի նման տեղադրուողներ, գլխուն վրայ տեղադրուողներ, վիզէն կախուող ու երկու ձեռքով կրելիներ:
Ասոնց գինը կը տարբերի ըստ տեսակին եւ ըստ տուեալ հեռադիտակի յատկանիշներուն՝ հեռաւորութեան ճշգրտում, յստակատեսութիւն եւ այլն:
Կրկնեմ՝ կարեւորը ԳԻՇԵՐՆԵՐԸ ՏԵՍՈՂՈՒԹԻՒՆ ապահովող պէտք է ըլլան: Մեր բանակին ու կամաւորներուն այդպիսի պիտոյք նուիրել փափաքողները կրնան դիմել ԳԵՂԱՐԴ կայքի հասցէով:
Գ) Եւ վերջին ու ամենակարեւոր խնդրանքս կամ յորդորս: Լաւ է որ սփիւռքահայերդ, մանաւանդ երիտասարդները կը մասնակցին ցոյցերու, դրամահաւաքներու եւ զօրակցական ուրիշ միջոցառումներու:
Սակայն Արցախի լեռներուն մէջ թուրք ու ահաբեկիչ խաժամուժը նման քայլերով անհնար է կանգնեցնել: Քաղաքակրթութենէն առհասարակ անտեղեակ այդ ջոլիրին դիմակայելու միակ միջոցը ՏԵՂՒՈՅՆ ՎՐԱՅ ԶԷՆՔԸ ՁԵՌՔԻՆ ԴԻՄԱԴՐԵԼՆ Է, ԵՒ ԹՇՆԱՄԻՆ ԱՆԽՆԱՅ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼԸ: Պատերազմի սկիզբէն աւելի քան մէկ ամիս ետք, 4-5 միլիոն գնահատուող դասական սփիւռքէն հազիւ 300 կամաւորներ եկած են Հայրենիք,այսինքն՝ 10000 հոգիէ աւելի սփիւռքահայէ մէկ հոգի եկած է լաւագոյն պարագային:
ՍԱ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ Է:
Երբ կարդաք այս գրութիւնս, անմիջապէս ձգեցէ՛ք ամէն գործ եւ նկատառում, եւ առաջին իսկ օդանաւով եկէ՛ք Հայրենիք՝ մեր բոլորիս սուրբ մայրը պաշտպանելու:
Մի՛ փորձէք պատճառաբանութիւններ յօրինել ձեր ԴԱՍԱԼՔՈՒԹԻՒՆԸ արդարացնելու համար:
Յաւիտենական խարան պիտի դրոշմուի ձեր ճակատին՝ եթէ չանսաք Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի՝ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար կամաւոր գալու կոչին:
Վերի առաջին ու երրորդ կէտերը չգործադրելու պատճառները եղան այն հիմնական պատճառներէն, որով 100 տարի առաջ ճիշդ այս օրը խայտառակ պարտութիւն կրեցինք Կարսի մէջ, որուն հետեւեցաւ անկախ պետականութեան կործանումը:
ԿԱՐՍԸ ԵՐԲԵՔ ՊԷՏՔ ՉԷ՛ ԿՐԿՆՈՒԻ: ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԱՆԷ՛ԾՔ ՈՒ ԱՄՕ՛Թ ՆՄԱՆ ԿՐԿՆՈՒԹԻՒՆ ԹՈՅԼ ՏՈՒՈՂ ՓՈՔՐՈԳԻՆԵՐՈՒՆ:
ՀԱՅԵ՛Ր, ՈՏՔԻ՛, ԴԷՊԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ:
Գէորգ Եազըճեան
30 Հոկտեմբեր 2020, կէսօր
www.facebook.com/