09 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Հինգշաբթի, 7 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հայ կաթողիկէ համայնքի Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերանային Մանուէլ Պաթագեան եւ Գէորգ Ասատուրեան եպիսկոպոսները:
Վեհափառ հայրապետը ընդունելէ ետք հոգեւոր տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին բարեմաղթութիւնները, անոր հետ քննարկեց Սուրիոյ հայ համայնքին դժուարութիւնները, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի աւարտին, վեհափառ հայրապետն ու հոգեւոր տէրը Սուրիոյ հայ համայնքին իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին եւ շեշտեցին ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու հրամայականը:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com