Սկսած Եմ Մտածել Հայու Նման, Կը Մնամ Առաջնագիծի Վրայ, Մինչեւ Ի Լուր Աշխարհին Յայտնեմ Մեր Յաղթանակը. Սեմիոն Փեկով

I Have Started To Think Like An Armenian, I Will Stay On The Front Line Until I Announce Our Victory To The World. Semyon Pekov

Սկսած Եմ Մտածել Հայու Նման, Կը Մնամ Առաջնագիծի Վրայ, Մինչեւ Ի Լուր Աշխարհին Յայտնեմ Մեր Յաղթանակը. Սեմիոն Փեկով

02 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020

Երբ փոքր էի, մարտաֆիլմեր դիտելու ժամանակ կը փորձէի նմանիլ ֆիլմի հերոսներուն, ըլլալ իրենց պէս ուժեղ, խելացի ու անվախ։

Հիմա հասուն մարդ եմ, աշխատանքի բերումով եկայ Հայաստան, յետոյ Արցախ, որպէսզի ականատեսը ըլլամ այս դժոխային օրերուն եւ ներկայացնեմ ի լուր աշխարհին այս վայրագ պատերազմը։ Արցախի մէջ տեսածս ոչ մէկ ֆիլմի մէջ կար, մարդ արարածը ի զօրու չէ պատկերացնելու ինչ կը կատարուի այնտեղ։

Հիմա կ՝երազեմ ըլլալ հայ զինուորի պէս քաջ, հայ զինուորի պէս ընկերասէր, հայ զինուորի նման անկոտրում եւ ուժեղ։ Ես սիրահարուած եմ Արցախ աշխարհին եւ իր զաւակներուն։ Հայ զինուորները կը կռուին ժպիտով, կատակներ ընելով, ես ապշած եմ, այդքան ուժ ուրկէ՞նոյն հարցը տուի զինուորներուն, միաբերան պատասխանեցին՝ Աստուած մեր հետ է։ Սիրտս կծկուեցաւ, յետոյ հազար մասի բաժնուեցաւ, յետոյ զօրացայ, հիմա ես ալ կը նայիմ մահուան աչքերուն մէջ ու կը ծիծաղիմ․ հասկցած եմ, որ մահն ալ չի յաղթեր հայ զինուորին, քանի որ Աստուած մեր հետ է եւ յաղթած է մահին։

Ես հայ չեմ, բայց հասկցայ, որքան դժուար է հայ ըլլալ առաւել եւս՝ հայ զինուոր։ Ես ալ սկսած եմ մտածել հայու նման, եւ կը մնամ առաջնագիծի վրայ այնքան ժամանակ, մինչեւ ի լուր աշխարհին յայտնեմ մեր յաղթանակը։

Տէրը մեր հետ է

#ՅԱՂԹԵԼՈՒԵՆՔ

Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ

yerakouyn.com/2020/11/02/սկսած-եմ-մտածել-հայու-նման-կը-մնամ-առաջ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail