Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կը Ձախողեցնէ Թշնամիին Բոլոր Յարձակողական Գործողութիւնները
03 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԱՐՑԱԽ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Ջալալ Յարութիւնեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ կայուն ծանր:
Պաշտպանութեան բանակը 2 նոյեմբերին հրապարակեց զոհուած զինուորներու անուններ: Մարտերուն ընթացքին զոհուած են պաշտպանութեան բանակի փոխհրամանատար, գնդապետ Արթուր Սարգսեան եւ Արցախի հերոս, գնդապետ Սերկէյ Շաքարեան: Լուրը հաղորդեց պաշտպանութեան նախարարութիւնը: 4 հոկտեմբերին գնդապետ Շաքարեան արժանացած էր Արցախի հերոսի կոչման:
Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հայկական կողմը տապալած է օրուան ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն բոլոր յարձակողական գործողութիւնները: 2 նոյեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Ան դիտել տուաւ, որ երեկոյեան եւս մարտերը կը շարունակուին: Ընդհանուր առմամբ 2 նոյեմբերի յարձակողական գործողութիւնները, որոնք երեք-չորս ուղղութեամբ եղած են, տապալած են: Մարտունիի ուղղութեամբ թշնամին կրցած է վերցնել մէկ-երկու դիրք` Մարտունիէն հարաւ` Ճարտարի ուղղութեամբ: Կիրարկուած են վաշտ, գումարտակ չափի ստորաբաժանումներ: Աշխուժ կերպով կը գործածուի օդուժ, քանի մը բնակավայրեր ռմբակոծուած են:
Յովհաննիսեան նշեց, որ իրավիճակը վերահսկելի է, հակառակորդին շարժումները, վերախմբաւորումները կը նկատուին եւ հիմնականին մէջ հրետանիի կրակով կը խոցուին:
Պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ 1-2 նոյեմբեր լուսցող գիշերը թէժ մարտեր ընթացած են ազրպէյճանական-արցախեան ճակատային գիծի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ: Երկու հանգուցային դիրքերու ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմը վաշտի կազմով ձեռնարկած է յարձակման, որ միջդիրքային յամառ մարտերու իբրեւ արդիւնք բանակային ստորաբաժանումներուն կողմէ կասեցուած է: Թշնամին մեծ կորուստներով դիմած է փախուստի: Փախչող թշնամին արգելափակուած է ձորերէն մէկուն մէջ, եւ հայկական ուժերը ականանետային դիպուկ կրակով շարունակած են վերջինիս լիակատար ոչնչացման գործողութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի պատասխանատու Սուրէն Սարումեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Արցախի նկատմամբ կրկին կիրարկած են իրենց տրամադրութեան տակ եղած գրեթէ ամբողջ զինանոցը:
«Անոնք հիմնականին մէջ Շուշիի ուղղութեամբ եղած են, սակայն, ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը լարուած եղած է ամբողջ ռազմաճակատին վրայ: Բացի ատկէ, թշնամին կրկին անօդաչու թռչող սարքեր փորձած է կիրարկել մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մերձակայքը, բայց այդ սարքերը հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու կողմէ խոցուած են», յայտնեց Սուրէն Սարումեան:
Ըստ անոր, հակառակորդը օրուան ընթացքին շարունակած է հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնել խաղաղ բնակավայրերուն: Հարաւարեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը փորձած է սահմանագիծին մօտեցնել զրահամեքենան: Բանակի ստորաբաժանումներուն ձեռնարկած գործողութիւններուն շնորհիւ խոցուած է թշնամական 1 հրասայլ, իսկ մնացածները քաշուած են:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի հերոսներ Վլատիմիր Բալայեանի եւ Շահէն Մեղրեանի անուան կամաւորական ջոկատներու ազատամարտիկներու հետ:
«Հայոց պատմութեան այս կարեւորագոյն շրջափուլին մէջ, երբ վտանգուած են մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու մեր ազգային շահերը, անոնց դերակատարութիւնը անգնահատելի է, ինչպէս եղած է Վլատիմիր Բալայեանի ու Շահէն Մեղրեանի պարագային: Հայրենի հողի փրկութեան համար անոնց գործած սխրանքներուն մասին խօսելու դեռ շատ առիթներ պիտի ունենանք, բայց յընթացս պարտաւոր ենք հանդիպիլ, քննարկել իրավիճակը եւ պարգեւատրել», նշեց Արցախի նախագահը:
Նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան տեղեկացուց, որ Շահէն Մեղրեանի անուան` շահումեանցիներէ կազմուած կամաւորական ջոկատի տղաները` հրամանատար Ռոլանտ Այտինեանի գլխաւորութեամբ, Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց գիւղի շրջակայքը նախորդող օրերուն մերձամարտ վարած են 22 հոգիէ կազմուած թրքական յատուկ նշանակութեան ջոկատի մը հետ` վերացնելով անոնցմէ 20-ը: Միայն երկուքը կրցած են փախուստ տալ: «Հրամանատարը կ՛ըսէ, որ, մեծ ցանկութեան պարագային, կրնային նաեւ այդ երկուքն ալ վերացնել, բայց աչքերով տեսածի մասին իրենց շրջապատին պատմելու կարելիութիւն տուած են: Փա՛ռք մեր հայրենիքի հերոս պաշտպաններուն», նշեց Պօղոսեան:
Վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու ներգրաւումը Արցախի դէմ ծաւալած յարձակումներուն մէջ սպառնալիք է ո՛չ միայն Արցախի եւ Հայաստանի, այլ նաեւ միջազգային անվտանգութեան, եւ այս խնդիրը պէտք է դառնայ միջազգային հետաքննութեան առարկայ: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Արձանագրենք` 10 միլիոն բնակչութիւն եւ նաւթային ահռելի եկամուտներ ունեցող Ազրպէյճանը 2020 թուականի յուլիսէն ետք ինքն իրեն խոստովանեցաւ, որ ի վիճակի չէ սեփական ուժերով լուծել իր անվտանգութեան խնդիրները, եւ դիմեց հազարաւոր վարձկաններու օգնութեան, որուն համապարփակ ապացոյցները մենք արդէն ունինք», ընդգծեց վարչապետ Փաշինեան:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի` 2 նոյեմբերին ստորագրած հրամանագիրին համաձայն, Լեւոն Գրիգորեան զերծ կացուցուեցաւ Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարի պաշտօնէն: Այդ նախարարին պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս վերապահուած են փոխնախարար Արմէն Թովմասեանին: Այս մասին տեղեկացուց Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութիւնը:
Նախագահ Յարութիւնեանի մէկ այլ հրամանագիրով` վաղաժամկէտ դադրեցուած են Արցախի Հանրապետութեան հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնախումբի նախագահ Արտակ Միրզոյեանի լիազօրութիւնները` անոր դիմումին համաձայն:
Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Արցախի խաղաղ բնակավայրերը թիրախաւորելէ բացի, ազրպէյճանական-թրքական ուժերը Արցախի գրեթէ բոլոր շրջաններու անտառային գօտիներուն մէջ կիրարկած են հրկիզող հրթիռներ:
2 նոյեմբերին` ժամը 18:10-ի շուրջ, ազրպէյճանական կողմը հրետանային միջոցներէ կրակ արձակած է Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական դիրքերուն եւ Դաւիթ Բեկ բնակավայրին ուղղութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են մէկ զոհ եւ երկու վիրաւորներ:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը 2 նոյեմբերին յայտարարած է, որ, շարունակաբար խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթները, Ազրպէյճանը թիրախաւորած է Արցախի շարք մը քաղաքացիական բնակավայրեր ու ենթակառուցուածքներ: Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը այս մասին հաղորդագրութիւն մը տարածած է:
aztagdaily.com/archives/488160