Կոչ իմ հայրենակիցներուն համայն Հայկական սփիւռքին, առանց հրաւէր սպասելու թռչինք մինչեւ Արցախ, ֆիզիքապէս մահուան Յաղթելու

հիմա ես ալ կը նայիմ մահուան աչքերուն մէջ ու կը ծիծաղիմ․ հասկցած եմ, որ մահն ալ չի յաղթեր հայ զինուորին, քանի որ Աստուած մեր հետ է եւ յաղթած է մահին - Յաղթանակի Աստուածը անմահ է

Կոչ իմ հայրենակիցներուն համայն Հայկական սփիւռքին, առանց հրաւէր սպասելու թռչինք մինչեւ Արցախ, ֆիզիքապէս մահուան Յաղթելու ինչպէս Հայ զինուորը

04 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – Յաղթելու ենք Մահուան ծիծաղելով,,,,,յանձնուինք հայրենիքին ինք մեզ կը ճանապարհէ

Ժամանակն է ֆիզիքական օգնութեան ձեռք երկարենք մեր հայրենակիցներուն հայաստանի եւ արցախի:

Այսօր կարդացի Գէորգ Եազըճեանի երկտողը որը լոյս կը ճառագայթէ հետեւեալը, «Պատերազմի սկիզբէն աւելի քան մէկ ամիս ետք, 4-5 միլիոն գնահատուող դասական սփիւռքէն հազիւ 300 կամաւորներ եկած են Հայրենիք
Այսօր հայրենիքը եւ սփիւռքը «պարտադրուած պատերազմին» իրենց գոյութիւնը պաշտպաանելու համար պարտաւոր են միասնաբար դէմ դնել այսօրուայ ցեղասպանութեան:

Այսօր մեր սրբութիւնները պղծողները միասնաբար որոշում առած են բնաջնջել եւ արմատախիլ ընել մեր հայրենիքէն:

Այսօրուայ պատերազմը մի քանի օրուայ ու ամսուայ պատերազմ չէ, այլ երկարատեւ եւ կրնամ ըսել որ կեանքի մահի պատերազմ է:

Ուրեմն, ինչ գոյնի որ ես, կեանքի գինով պարտականութիւնը կատարելու համար, ճամբորդական տոմսը գնել, հասնիլ երկիր եւ կամաւոր արձանագրուիլ քանի օրուայ որ յարմարութիւն ունի:

Յաղթելու ենք Մահուան ծիծաղելով,,,,,

Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ

հիմա ես ալ կը նայիմ մահուան աչքերուն մէջ ու կը ծիծաղիմ․ հասկցած եմ, որ մահն ալ չի յաղթեր հայ զինուորին, քանի որ Աստուած մեր հետ է եւ յաղթած է մահին – Սեմիոն Փեկով

God above, down Armenian Army – The Lions of the Mountain – The Republic Artsakh defense army

եւ պիտի համոզուիք, որ Յաղթանակի կրակը անմար է, Յաղթանակի Աստուածը անմահ է, Յաղթանակը ՄԵՐՆ Է… – Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail