Ըստ «Ուոր Կոնզօ» Նախագիծին` Հասանով Ազատ Կացուցուած Է Իր Պաշտօնէն. Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կը Շարունակէ Լուրջ

Թշնամին Կրած է Մարդկային Ու Ռազմական Սարքերու Մեծ Կորուստներ

Ըստ «Ուոր Կոնզօ» Նախագիծին` Հասանով Ազատ Կացուցուած Է Իր Պաշտօնէն. Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կը Շարունակէ Լուրջ Վնասներ Հասցնել Թշնամիի Կենդանի Ուժին Եւ Սարքերուն

04 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020

Երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող պատերազմի ռազմաճակատի գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով Ազրպէյճանի զինուած ուժերը վարձկաններու հետ միասին շարունակած են յարձակողական գործողութիւնները, սակայն կորսնցնելով զգալի ռազմամթերք եւ կենդանի ուժ, ետ շպրտուած են: Ասոր պատճառով ալ նուազած է յարձակումներուն աշխուժութիւնը:

Արծրուն Յովհաննիսեան աւելցուցած է, որ տարբեր գիւղերու ուղղութեամբ հակառակորդը շարունակած է հետախուզական ներթափանցման փորձերը, սակայն յաջողութիւններ չէ արձանագրած:

«Կանուխ առաւօտեան Մարտունի քաղաքէն հարաւ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները զրահամեքենաներու, օդուժի, հրետանիի աջակցութեամբ փորձած են յարձակում իրականացնել, սակայն, կորսնցնելով զրահամեքենաներ եւ զգալի թուով կենդանի ուժ, ետ շպրտուած են ելման բնագիծեր: Ամբողջ օրուան ընթացքին մեր ստորաբաժանումները, յատկապէս հրետանային կրակով, շարունակած են թշնամիի ուժերու ոչնչացումը:

«Հիւսիսային ուղղութեամբ` Քարվաճառի հատուածին մէջ, քանի մը անգամ թշնամին փորձած է ծխածածկոյթի քողի տակ դիակները հանելու պատրուակով ներթափանցում իրականացնել դէպի հայկական կողմի միջդիրքային տարածութիւններ, բայց յայտնաբերուած եւ հեռահար կրակով ոչնչացուած է ու ետ շպրտուած», յայտնեց Յովհաննիսեան:

Ըստ անոր, Ազրպէյճան, գոնէ ցամաքային զօրքերու` հետեւակի ու զրահամեքենաներու մասով, կարծես արդէն չկայ, գոյութիւն չունի: Եւ այդ մնացորդները հաւաքելով տարբեր տեղերէ, գումարելով վարձկանները, ահաբեկիչները, ընտրանի ստորաբաժանման մնացորդները` կը փորձեն տարբեր յարձակումներ իրականացնել:

Երեկոյեան «Սմերչ» կայանէ հրթիռակոծուած են Ստեփանակերտ եւ Շուշի քաղաքները: Կան տուժածներ, հրդեհներ բռնկած են: Ստեփանակերտի մէջ թիրախ դարձած է «Մօր եւ մանկան կեդրոնը», այդ պատճառով ալ արձանագրուած են վիրաւորներ: Այլ հրթիռ մըն ալ ինկած է Ստեփանակերտի մանկապարտէզներէն մէկուն մօտ, ինքնաշարժ մը այրած է:

Ռուսական «Ուոր Կոնզօ» նախագիծի «Թելեկրամ»-ի ալիքը կը յայտնէ, որ Թուրքիան Ռուսիոյ հետ ունեցած կապերուն համար հրամանատարութենէն ազատել տուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը:

Նախագիծի ստացած տուեալներուն համաձայն, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը փաստացի ազատ կացուցուած է զինուած ուժերու հրամանատարութենէն, որուն պատճառը անոր ունեցած սերտ կապերն են ռուս զօրավարներու հետ:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի մէջ պաշտպանութեան բանակի ուժերու ու կամաւորականներու գործողութիւններուն շնորհիւ թշնամական ահաբեկչական խմբաւորումները, անոնց յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները կրած են մարդկային ու ռազմական համակարգի մեծ կորուստներ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցած եւ մինչեւ այսօր հարաւարեւելեան ճակատային գիծին մէջ (Շեխեր-Կարմիր Շուկայ – Թաղավարդ բնագիծ) շարունակուող մարտական գործողութիւններուն հետեւանքով բանակի ուժերն ու կամաւորականները թշնամիին համար իսկական դժոխք կազմակերպած են մեր անտառներուն եւ ձորերուն մէջ: Թշնամական ահաբեկչական խմբաւորումները, յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները կրած են ու կը շարունակեն կրել մարդկային ու զինուորական մեքենաներու, սարքերու մեծ կորուստներ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի 1 նոյեմբեր 2020-ի հրամանագիրով, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) փոխտնօրէն, գնդապետ Նորայր Միրզոյեանին շնորհուած էր հազարապետ-զօրավարի զինուորական կոչում:

3 նոյեմբերին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն, զօրավար-տեղակալ Կամօ Աղաջանեան այցելեց մարտական դիրքեր եւ, ԱԱԾ-ի ծառայողներուն ներկայութեան, Նորայր Միրզոյեանին յանձնեց հազարապետ-զօրավարի ուսադիրները:

ԱԱԾ-ի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորայր Միրզոյեանին եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ծառայողներուն` անձնուիրական ծառայութեան ու նուիրումին համար եւ շեշտեց, որ այս կարեւորագոյն շրջանին ԱԱԾ-ն մեծ դերակատարութիւն ունի եւ պատերազմի առաջին օրերէն, ըլլալով մարտական գործողութիւններու առաջին գիծին վրայ, պատուով կը կատարէ իրենց առջեւ դրուած մարտական առաջադրանքները:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ, քաղաքացիական բնակավայրերու եւ կառոյցներու թիրախաւորման զուգահեռ, յատկապէս վերջին օրերուն Ազրպէյճանի զինուած ուժերը դիտաւորեալ կերպով հրդեհ կը յառաջացնեն Արցախի անտառածածկ տարածքներուն մէջ, ըստ նախնական տուեալներուն, հիմնականին մէջ սպիտակ ֆոսֆորի արգիլուած զինատեսակ օգտագործելով:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի փաստահաւաք առաքելութեան շրջանակներուն մէջ պարզուած է, որ ազրպէյճանական կողմի Արցախի անտառներու դիտաւորեալ հրկիզումը կը կրէ համատարած բնոյթ եւ կ՛ընդգրկէ բոլոր շրջանները:

Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը (ԱԻՊԾ) եւս անդրադարձաւ այս հարցին եւ նշեց, որ Արցախի տարածքին մէջ ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ կը գործածուի նոր զինատեսակ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան անդրադարձաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան, ըստ որուն, շրջան տեղափոխուած ահաբեկիչներուն թիւը կը մօտենայ երկու հազարի:

Դիմատետրի իր էջին վրայ նախագահ Յարութիւնեան գրեց, որ Լաւրովին կը վստահեցնէ, թէ հակաահաբեկչական պայքարին ընթացքին Արցախի մէջ կրցած են ոչնչացնել այդ ահաբեկիչներուն կէսէն աւելին (մահացած եւ վիրաւորուած), իսկ յառաջիկային աւելի վճռական պայքար պիտի մղեն` ողջ մնացածները ամբողջութեամբ վերացնելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական, պաշտպանութեան նախկին նախարար, հազարապետ-զօրավար Վաղարշակ Յարութիւնեան «Հայկական ժամանակ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 1997 թուականին կնքուած պայմանագիրին համաձայն, անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիա պիտի կատարէ Հայաստանի նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները: Յարութիւնեանի համաձայն, Հայաստանի վարչապետին նամակէն ետք արդէն սկսած են խորհրդակցութիւնները: Անոնց իբրեւ արդիւնք պիտի որոշուին Ռուսիոյ միջամտութեան չափը, տեսակը եւ անհրաժեշտութիւնը:

God above, down Armenian Army – The Lions of the Mountain – The Republic Artsakh defense army
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail