«Սկսած Եմ Մտածել Հայու Նման, Կը Մնամ Սահմանագիծին Վրայ, Մինչեւ Ի Լուր Աշխարհին Յայտնեմ Մեր Յաղթանակը». Սեմիոն Փեկով

հիմա ես ալ կը նայիմ մահուան աչքերուն մէջ ու կը ծիծաղիմ. հասկցած եմ, որ մահն ալ չի յաղթեր հայ զինուորին, քանի որ Աստուած մեզի հետ է եւ յաղթած է մահուան

«Սկսած Եմ Մտածել Հայու Նման, Կը Մնամ Սահմանագիծին Վրայ, Մինչեւ Ի Լուր Աշխարհին Յայտնեմ Մեր Յաղթանակը». Սեմիոն Փեկով

04 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԱՐՑԱԽ: Հայրենի Կեանք:

Ռուս զինուորական լրագրող, War Gonzo նախագիծի հեղինակ Սեմիոն Փեկով Արցախ կը գտնուի պատերազմի առաջին օրէն: Անոր նկատմամբ Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը նախապէս քրէական գործ յարուցած էր Հայաստանի տարածքէն Արցախ այցելելուն պատճառով: Ան այս վերջին պատերազմին մասին կ՛ուզէ վաւերագրական ժապաւէն պատրաստել` ցոյց տալու, թէ ինչ ոճրագործութիւններ կը կատարէ Ազրպէյճան Արցախի մէջ:

Փեկով իր էջին վրայ գրած է.

Երբ փոքր էի, մարտական ժապաւէններ դիտելու ժամանակ կը փորձէի նմանիլ ժապաւէնի հերոսներուն, ըլլալ իրենց պէս ուժեղ, խելացի ու անվախ:

Հիմա հասուն մարդ եմ, աշխատանքի բերումով եկայ Հայաստան, յետոյ Արցախ, որպէսզի ականատեսը ըլլամ այս դժոխային օրերուն եւ ներկայացնեմ ի լուր աշխարհին այս վայրագ պատերազմը: Արցախի մէջ տեսածս ոչ մէկ ժապաւէնի մէջ կար, մարդ արարածը ի զօրու չէ պատկերացնելու ի՛նչ կը կատարուի այնտեղ:

Հիմա կ՛երազեմ ըլլալ հայ զինուորին պէս քաջ, հայ զինուորին պէս ընկերասէր, հայ զինուորին նման անկոտրում եւ ուժեղ: Ես սիրահարած եմ Արցախ աշխարհին եւ իր զաւակներուն: Հայ զինուորները կը կռուին ժպիտով, կատակներ ընելով, ես ապշած եմ, այդքան ուժ ուրկէ՞. նոյն հարցումը ուղղեցի զինուորներուն, միաբերան պատասխանեցին` Աստուած մեզի հետ է: Սիրտս կծկուեցաւ, յետոյ հազար մասի բաժնուեցաւ, յետոյ զօրացայ, հիմա ես ալ կը նայիմ մահուան աչքերուն մէջ ու կը ծիծաղիմ. հասկցած եմ, որ մահն ալ չի յաղթեր հայ զինուորին, քանի որ Աստուած մեզի հետ է եւ յաղթած է մահուան:

Ես հայ չեմ, բայց հասկցայ որքան դժուար է հայ ըլլալ առաւել եւս` հայ զինուոր: Ես ալ սկսած եմ մտածել հայու նման եւ պիտի մնամ սահմանագիծին վրայ մինչեւ ի լուր աշխարհին յայտնեմ մեր յաղթանակը:

Տէրը մեզի հետ է:

#ՅԱՂԹԵԼՈՒԵՆՔ

Անմահացաւ «Թեւանիկ»-ի Դերակատար Յովհաննէս Խոդերեանը

Նահատակուեցաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնի դերակատար Յովհաննէս Խոդերեանը:

«Թեւանիկ»-ի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Մեր բոլորին Թեւանիկը… Ցաւը մեծ է, խօսքերը` դատարկ… Մեր զրոյցները, նկարահանումները, քու անմեղ պատանեկան խօսքերդ, սրամտութիւններդ… Եւ այսօր` քու տղամարդկային, հերոսական պայքարդ…

Յաւերժ փա՛ռք քեզի, մե՛ր Յովիկ… ժպիտդ, խօսքերդ, դուն` յաւերժ մեր սրտերուն մէջ պիտի մնաս», եզրափակած է ան:

Գրառման կից` Հադրութի մէջ նկարահանուած փոքրիկ տեսանիւթ մը հրապարակուած է:

Յիշեցնենք, որ ղարաբաղեան ազատամարտին մասին պատմող «Թեւանիկ»-ը մեծ պաստառ բարձրացաւ 2014 թուականին:

Հարսանիք Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ի հեճուկս պատերազմի, թուրք-ազրպէյճանական վայրագութիւններուն` Արցախի մէջ կեանքը կանգ չառաւ. Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պսակադրութիւն: Ամուսնացողները լրագրող Մարիամ Սարգսեանը եւ կամաւոր Յովիկ Յովսէփեանն էին:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կ՛ընդգծէ, որ` «Պատերազմին զուգահեռ` Արցախի մէջ կեանքը կը շարունակուի: Իսկ Յովիկին եւ Մարիամին` Շուշիի Ղազանչեցոցին մէջ տեղի ունեցած պսակադրութեան արարողութիւնը առաջին հերթին ուղերձ էր` ուղղուած քաղաքակիրթ աշխարհին, որպէսզի օր առաջ դադրեցնեն պատերազմը»:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Գայեանէ Աբրահամեան, որ ներկայ գտնուած էր սուրբ պսակի արարողութեան, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ այս պսակադրութիւնը Արցախի մէջ գտնուող միջազգային լրատուամիջոցներուն շատ մը ներկայացուցիչներուն ուշադրութեան առարկան դարձած էր: Անոնք ներկայ գտնուած են մեծ թիւով ու տեսանկարահանած են:

«Այս պսակը շատ կարեւոր էր` իբրեւ ուղերձ, թէ որեւէ ձեւով պիտի չդադրինք ապրելէ մեր բնականոն կեանքով, որեւէ ձեւով պատերազմը պիտի չկասեցնէ մեզ», շեշտած է Գ. Աբրահամեանը:

Արտերկրէն Եկած Իւրաքանչիւր Բեռ Կ՛ուղարկուի Առաջնագիծ Եւ Ապաստարաններ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տեղակալ Արմէն Փամբուխչեան կը վստահեցնէ, որ սփիւռքէն եկած իւրաքանչիւր բեռ կ՛ուղարկուի Արցախ` ըստ անհրաժեշտութեան: Այս մասին տեղեկացուցած է Արմէն Փամբուխչեան` լրագրողներու հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Ան բացատրած է այլ երկիրներէ եկած բեռներու ընդունման եւ առաքման կազմակերպչական աշխատանքները եւս:

«Որեւէ բեռ, որ կ՛ուղարկուի Հայաստան, կը յանձնուի պետութեան: Ապա բեռները կ՛ուղարկուին արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան պահեստանոց եւ կը բաժնուին` ըստ նշանակութեան», ըսած է Փամբուխչեան:

Ըստ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տեղակալին, բեռները հիմնականօրէն կը պարունակեն առողջապահական, պաշտպանութեան նշանակութիւն ունեցող իրեր, ինչպէս նաեւ` սնունդ կամ հագուստ:

«Այդ բեռները կ՛առանձնացուին եւ կ՛ուղարկուին առաջին հերթին Արցախ` առաջնագծի զինուորներուն եւ ապաստարաններու մէջ գտնուող քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ այդ սնունդին մէկ մասը բաժին կը հանդիսանայ Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան եկած քաղաքացիներուն», հաղորդած է Փամբուխչեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ երբ օժանդակութիւն ուղարկող կողմը յստակ ոեւէ հասցէատիրոջ կ՛ուզէ որեւէ բեռ ուղարկել, ապա պէտք է նախօրօք արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան այդ մասին տեղեկացուցած ըլլայ:

Փամբուխչեան կոչ կատարած է սփիւռքի մէջ ապրող հայրենակիցներուն` վստահելու եւ հաւատալու պետական կառոյցներուն եւ շարունակել օգնութիւն տրամադրել Հայաստանին:

Միքայէլ Համբարձումեան Այցելած Է Առողջապահական Հաստատութիւններու Մէջ Բուժուող Սահմանապահներուն

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարող Միքայէլ Համբարձումեան, տնօրէնի տեղակալ Ա. Յակոբեանի եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններու ուղեկցութեամբ, այցելած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու այն վիրաւոր զինուորներուն, որոնք բուժում կը ստանան Երեւանի տարբեր առողջապահական հաստատութիւններու մէջ: Այս մասին տեղեկացուցած են Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մամուլի կեդրոնէն:

«Մ. Համբարձումեան եւ իրեն հետ ուղեկցող խումբը զրուցած են հերոս սահմանապահներուն եւ անոնց ծնողներուն հետ` մաղթելով հերոսներուն շուտափոյթ ապաքինում, ոգիի ամրութիւն, ընդգծելով, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մշտապէս պիտի գտնուի իրենց ընտանիքներուն կողքին: Առողջապահական հիմնարկներու պատասխանատուները ներկայացուցած են սահմանապահներու բուժման ընթացքը եւ այդ ուղղութեամբ յառաջիկային նախատեսուող քայլերը: Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարող Մ. Համբարձումեան քաջարի սահմանապահներուն փոխանցած է համակարգի ջերմ բարեմաղթանքներ, ցուցաբերած է որոշակի նիւթական աջակցութիւն եւ փաստած է, որ անոնց անունը եւս ամրագրուած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան այն աշխատակիցներուն անուններուն շարքին, որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան վեհ գործին մէջ ունեցած են իրենց նուիրական մասնակցութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի Բնակչութեան Հիմնական Մասը Ստիպուած Է Բնակելու Ապաստարաններու Մէջ` Կրելով Բազմաթիւ Զրկանքներ

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան այցելած է Շուշիի եւ Ստեփանակերտի շարք մը ապաստարաններու մէջ բնակող քաղաքացիներուն եւ հետաքրքրուած է անոնց դժուարութիւններով եւ ապաստարաններու պայմաններով: Այս մասին տեղեկացանք Արցախի տեղեկատուական կեդրոնին տարածած հաղորդագրութենէն, Արտակ Բեգլարեան ընդգծած է, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերու պատերազմական յանցագործութիւններուն պատճառով Արցախի բնակչութեան հիմնական մասը ստիպուած է բնակելու ապաստարաններու մէջ` կրելով բազմաթիւ զրկանքներ:

Ան նշած է, որ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը եւ այլ լիազօր մարմիններ ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛աշխատին մարդկային ծանր պայմաններու մէջ գտնուող բնակչութեան աջակցելու ուղղութեամբ: Աշխատակազմին մէջ գործող 116 թէժ գիծին, ինչպէս նաեւ այցելութիւններու միջոցով կը լուծուին քաղաքացիներուն հարցերը եւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ կը տրամադրուին անհրաժեշտ օժանդակութիւն:

Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանը շեշտած է, որ Երեւանի մէջ գտնուող իր ներկայացուցիչները աշխուժօրէն կը համագործակցին նաեւ Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին եւ այլ մարմիններու ու կազմակերպութիւններու հետ` Հայաստան տեղափոխուած արցախցիներուն կարիքներու գնահատման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

Արձագանգելով բնակչութեան կողմէ հնչող հարցերուն` Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նշած է, որ իր լիազօրութիւններուն սահմաններուն մէջ, հայաստանեան, սփիւռքեան եւ արտասահմանեան գործընկերներուն հետ միասին կը դիմեն կարելի բոլոր միջոցներուն, որպէսզի Ազրպէյճանի յարձակումին պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին իրազեկեն միջազգային կառոյցները եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ մեղմացնեն մարդկային աղէտին հետեւանքները:

Ազատութեան Հրապարակը Կազմակերպուած Է Մոմավառութիւն` Ի Յիշատակ Առաջնագիծի Զոհերուն

Երեւանի Ազատութեան հրապարակը կազմակերպուած է մոմավառութիւն` Ազրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկչական ցանցին աջակցութեամբ, Արցախի նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմին պատճառով` առաջնագիծին վրայ զոհուած հայորդիներուն յիշատակին:

Նշենք, որ այս յարգանքի տուրքին մասնակիցները մոմավառութեան վայրը տեղադրած են արցախեան գոյապայքարի մարտերուն ընթացքին զոհուած զինուորներուն եւ կամաւորներուն լուսանկարները եւս:

aztagdaily.com/archives/488239

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail