Արուեստագէտներ Սիմոն Աբգարեանի, Սերժ Աւետիքեանի եւ Ռոպէր Կէտիկեանի նամակը Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարին

Lettre des artistes Simon Abgarian, Serge Avedikian et Roper Ketikian au ministre des Affaires étrangères de la France

Արուեստագէտներ Սիմոն Աբգարեանի, Սերժ Աւետիքեանի եւ Ռոպէր Կէտիկեանի նամակը Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարին

04 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարին

«Նոր Յառաջ»

Ֆրանսայի շարժարուեստի եւ թատերական աշխարհի հայ երեք ծանօթ անուններ Սիմոն Աբգարեան, Սերժ Աւետիքեան եւ Ռոպէր Կէտիկեան բաց նամակ մը յղած են Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանին, որ լոյս տեսած է «Մարիանն» շաբաթաթերթի Հոկտեմբեր 29-ի թիւին մէջ։

Ֆրանսայի բոլոր հոսանքներէ երեսփոխաններու եւ ֆրանսահայ բովանդակ համայնքին՝ Արցախը ճանչնալու կոչերուն ի պատասխան՝ Ֆրանսայի «անկողմնակալ» եւ Մինսքի խումբի օրինական շրջանակին մէջ մնալու «անհրաժեշտութեան» մասին նախարարին յայտարարութիւններուն յիշեցումէն ետք՝ նամակին հեղինակները կ՚ըսեն. «Դոյզն գաղափար մը, առաջարկ մ՚իսկ չունեցաք՝ ձեր մտահոգութիւնը արտայայտելու համար ի տես Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան՝ թուրքեւատրպէյճանական դաշինքին կողմէ ռմբակոծման մասին։ Նոյնիսկ մէկ անգամ չդատապարտեցիք ծաւալուն, բիրտ եւ ընդհանուր այդ յարձակումը»։

Ապա, նամակին համահեղինակները նշելէ ետք՝ թէ պատմութեան դասախօս նախարարը անկասկած ծանօթ ըլլալու է Արցախը այսօրուան բարդ վիճակին առաջնորդած մեքենայութիւններու, դաւերու պատմութեան, նախ եւ առաջ կը յիշեցնեն՝ որ ազերի կոչուած ժողովուրդը՝ թաթարներն են եւ նախարարը պէտք է գիտնայ, թէ 1918-ին ինչպիսի պարագաներու տակ ստեղծուեցաւ ա՛յն պետութիւնը, որ պիտի կոչուէր Ատրպէյճան։

Ապա կ՚ըսեն, թէ նախարարին վաճառականական աշխարհահայեացքին մէջ ներկայ պահուն Հայերը ոչինչ կը կշռեն, եւ այդ առումով՝ տրամաբանական է անոր «անկողմնակալ» մնալու պատճառաբանութիւնը։ Սակայն ան իր ուղերձին մէջ աւելցուցած է հետեւեալը, որ կը մղէ հարցեր տալու. «Մեր երկար յարաբերութիւնը նաւթակազային կարեւոր պաշարներով օժտուած նախկին խորհրդային հանրապետութեան՝ Ատրպէյճանի հետ, կը ներկայացնէ գործարքի մեծ կարելիութիւններ միջազգային բազմաթիւ ընկերութիւններու համար»։

«Դուք դիւանագիտական դաշտէն կը զիջիք, ի շահ տնտեսական եւ ֆինանսական գործաբանութեան (pragmatism)։ Գիտենք, որ վաճառականական տեսանկիւնէն՝ բարոյագիտութիւն ըսուածը ոչինչ կ՚արժէ, ժամանակավրէպ դարձած հնութիւն մըն է, որ կը զետեղուի ժամանակի գզրոցներուն մէջ, ուր կը դիզուին անկեալ աշխարհի մը արժէքներն ու առաքինութիւնները», կ՚ըսեն նամակին համահեղինակները ու հարց կու տան. «Կը խօսիք Ատրպէյճանի՝ ինքնակալական բռնատիրութեան մը մասին՝ ժողովրդավար երկրի մը նման։ Կ՚ըսէք նաեւ “մեր երկար յարաբերութիւնը”։ Ի՞նչ բնոյթի յարաբերութիւն եւ երկար՝ երբէ՞ն ի վեր, պարո՛ն նախարար», հարց կու տան անոնք։

Կը խօսին Ալիեւի իր իսկ ժողովուրդին վրայ գործադրած ճնշումներուն, երկրին փոքրամասնութիւններու անդամները իրենց թշնամին չհանդիսացող Հայուն դէմ պատերազմելու ղրկելու, ինչպէս նաեւ երկրին քարիւղային հարստութեան՝ նախագահական ընտանիքին եւ շրջանակին կողմէ թալանուելու երեւոյթներուն մասին։

Այնուհետեւ 1906-էն (ազերիները՝ այն ատեն դեռ թաթարներ) մինչեւ մեր օրերը երկարող թուրքեւատրպէյճանական ջարդերը յիշելէ ետք, կ՚ըսեն թէ՝ «երկու ժողովուրդ, մէկ՝ միակ ատելութիւն» կարգախօսին ջատագով պարոնները այսօր վճռած են իրենց պապերուն սկսած գործը աւարտին հասցնել։ Եթէ հարկ էր,- եւ ըստ երեւոյթին դժբախտաբար հարկ է,- գաղափար մը տալու համար, թէ ինչպիսի՛ մտայնութիւններու դիմակալելու հարկադրուած են Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները, նամակագիրները կ՚ըսեն. «Էրտողան կը խոստանայ, ըսելով՝ “Եթէ շարունակէք այսպէս վարուիլ՝ վաղը ոչ մէկ Եւրոպացի, ոչ մէկ Արեւմուտքցի պիտի կարենայ ապահով ու հանգիստ սրտով նոյնիսկ մէկ քայլ նետել փողոցը, աշխարհի ոչ մէկ տեղ”։ Իսկ Ալիեւ կ՚ըսէ. “Հայերը պիտի որսանք շուներու պէս եւ զանոնք պիտի խեղդենք իրենց արեան մէջ”։ Կամ ալ՝ “Թող [Ֆրանսացիները] Մարսէյը արաբներուն տան”։ Ահաւասիկ ատելութեան աստիճանը եւ յիմարութիւնը, որոնց դէմ յանդիման են Երեւանի եւ Ստեփանակերտի կառավարութիւնները»։

Նամակին վերջաւորութեան, Աւետիքեան, Աբգարեան եւ Կէտիկեան կ՚ըսեն, թէ Արցախը մեր Ալզաս-Լօռէնն է, «զոր պիտի չլքենք երբե՛ք։ Կը հասկնա՞ք։ Դիմադրելէ զատ՝ այլընտրանք չունինք, կը դիմադրենք զաւթողի մը, որ կ՚երազէ մեր բնաջնջումը»։ Կը բացատրեն, թէ Արցախի պատերազմը բնաւ տեղային հակամարտութիւն մը չէ, վկայ՝ թուրք եւ փաքիստանցի զինուորական խորհրդականները, Սուրիայէն, Լիպիայէն, Աֆղանիստանէն եկած՝ գլխատող ճիհատականներու ջոկատները…, որոնք ներկայ են ռազմական տարածաշրջանին մէջ։ Կը թելադրեն աւելի լաւ ականջ տալ Էրտողանի յաւակնութիւններուն։ Վաղը Յունաստանի կարգն է, միւս օր Պալքաններու… «Ձեր ֆինանսական մոլուցքը միթէ՞ կուրցուցած է ձեր ողջմտութիւնը։ Չէ՞ք տեսներ, թէ ի՛նչ կ՚ուրուագծուի։ Արցախի եւ Հայաստանի բնակիչները տարածաշրջանի տարրեր չեն, այլ՝ անոնք այդ տարածաշրջաննե՛րն իսկ են, եւ՝ երկու հազար տարիէ ի վեր։ Անոնք տարածաշրջանի դուռն են, աներեր դռնապանները։

Ձեզի կը մնայ գիտնալ, թէ ի՛նչ կը պաշտպանեն. Պատմութեան դասախօս չէ՞ք միթէ», տողերով կ՚եզրափակուի բաց նամակը։

We Are Our Mountains – Nous sommes nos montagnes – Մենք ենք մեր սարերը – Monsieur ministre des Affaires étrangères de la France

yerakouyn.com/2020/11/05/արուեստագէտներ-սիմոն-աբգարեանի-սերժ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail