Հայկական Զինեալ Ուժերը Կը Նախաձեռնեն Դէպի Շուշի Յառաջացող Թշնամական Ներթափանցման Խումբերու Ոչնչացման Գործողութեան
05 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԱՐՑԱԽ:
Երէկ` մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող պատերազմի ռազմաճակատին վրայ ամբողջ օրուան ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը վարձկան ահաբեկիչներու հետ միասին քանի մը ուղղութիւններով, որոնց կարգին` հիւսիսային, հիւսիսարեւելեան, յարձակման փորձեր կատարած են: «Իբրեւ կանոն, յարձակման փորձեր եղած են վաշտային եւ գումարտակային մարտավարական խումբերով, առանձին ներթափանցող խումբերով», աւելցուց ան:
Ըստ անոր, մարտեր ընթացած են նաեւ հարաւային ուղղութեամբ` Որոտան գետի երկայնքով: «Յատուկ բարձունքի մը ուղղութեամբ մօտաւորապէս վաշտային խումբ մը քանի մը զրահամեքենաներով փորձած է յարձակում իրականացնել, կորսնցուցած է երկու-երեք միաւոր զրահամեքենայ եւ ետ շպրտուած է»:
«Կէօռպակէօռ 2020-ը պիտի շարունակուի: Ես առիթ ունեցած եմ նշելու, որ անտառները, այն հատուածը, որ ոմանք կը նշեն` ձեռքի բազկի երկարութիւն մնացած է` հասնելու Արցախի մայրաքաղաք, իրենց համար պիտի դառնայ դժոխք», նշեց ան:
Մինչ այդ, պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ Բերձոր քաղաքէն հարաւ-արեւելք երկարող ճակատային գիծի հատուածին մէջ 4 նոյեմբերի առաւօտեան ազրպէյճանական ուժերը զրահամեքենաներով նախաձեռնած են հերթական յարձակման: Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները, անցնելով պաշտպանութեան, յստակօրէն կատարած են առաջադրուած մարտական խնդիրները եւ, խոցելով հակառակորդի 3 զրահամեքենայ, կասեցուցած են թշնամիին յարձակումը:
Նոյն օրը Շուշիի եւ Ստեփանակերտի ուղղութեամբ կիրարկուած է ծանր հրետանի: Քաղաքային բնակչութեան մէջ արձանագրուած են տուժածներ, իսկ քաղաքին մէջ` բազմաթիւ աւերածութիւններ:
Արծրուն Յովհաննիսեան ընդհանուր վիճակին մասին խօսելով յայտնեց, որ ներթափանցման փորձ կատարողները հատիկ-հատիկ պիտի բռնուին եւ ոչնչացուին` Արցախի հարաւը ըլլան անոնք, թէ հիւսիսը:
Յովհաննիսեան անդրադարձաւ ազրպէյճանական քարոզչութեան` նշելով, որ Հայաստանի մէջ անիկա իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ:
Ըստ Յովհաննիսեանի, այն մարդիկ, որոնք կը տարուին ազրպէյճանական քարոզչութեամբ, կամքի որոշ թուլութիւններ կը դրսեւորեն, բայց եւ այնպէս անոնք լաւ պէտք է գիտնան, որ պիտի յաղթենք:
Երէկ` չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Շուշիի ուղղութեամբ գրոհի պատրաստուող խմբաւորման ոչնչացման մասին տեսանիւթ հրապարակած է: Օրուան ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները թշնամական ներթափանցող խումբերու հաւանական ներթափանցման ուղղութիւններուն վրայ իրականացուցած են որոնողական գործողութիւններ:
Ստեփանակերտի մէջ բազմաթիւ պայթումներու ձայներ լսուած են: Օդային տագնապի ազդանշանը միացած է քանի մը անգամ:
Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը յայտնած է, որ նախնական տուեալներով կայ մէկ վիրաւոր: Մայրաքաղաքի բնակելի թաղամասերուն հարուած հասցուած է 120 մմ ականանետէ, քաղաքին մէջ կան բազմաթիւ աւերածութիւններ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է շարք մը երկիրներէ Հայաստան հասած սփիւռքահայ եւ օտարերկրացի քաղաքական-հասարակական գործիչներու, միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ:
«Հայե՛րը չեն սկսած այս պատերազմը, անոնք չե՛ն սկսած հրետակոծել քաղաքացիական բնակավայրերը: Եւ կարիք չկայ ասիկա ապացուցելու, քանի որ հայերը պատճառ չունին պատերազմ սկսելու», ընդգծած է նախագահ Արմէն Սարգսեանը` պատասխանելով պատերազմ սկսելու մասին եւրոպացի լրագրողի մը հարցումին:
Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ Թուրքիան լիակատար ռազմաքաղաքական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ազրպէյճանին` ատիկա պատճառաբանելով շարք մը, այդ կարգին` ցեղային եղբայրութեան, միջազգային ենթակառուցուածքներու պաշտպանութեան գործօններով: Մինչդեռ իրականութեան մէջ, անոր համոզումով, Թուրքիոյ նպատակը շրջանին մէջ հաստատուիլն է եւ նոյն այդ միջազգային ենթակառուցուածքները կառավարելը:
Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարած է Սուրիոյ քաղաքացի, ազգութեամբ արաբ Եուսեֆ Ալապեթ Ալ Հաճիի նկատմամբ կալանաւորումը իբրեւ խափանման միջոց կիրարկելու վերաբերեալ վարոյթը իրականացնող մարմինին կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնը: «Արմէնփրես»-ին այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն:
Մեծ Մասրիկ-Սոթք հատուածին մէջ Հայաստանի Զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները երեկոյեան ժամը 8:15-ի սահմաններուն խոցած են թշնամիի մէկ անօդաչու թռչող սարք մը եւս: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան: Աւելի ուշ` երեկոյեան ժամը 9:00-ի սահմաններուն Մեծ Մասրիկ-Սոթք հատուածին մէջ խոցուած է թշնամիի երրորդ անօդաչու թռչող սարք:
aztagdaily.com/archives/488417