Հայաստանի Եւ Աշխարհի Տարբեր Երկրներու Ասորիները Հայ Ժողովուրդի Կողքին Են

Հայաստանի Եւ Աշխարհի Տարբեր Երկրներու Ասորիները Հայ Ժողովուրդի Կողքին Են

Հայաստանի Եւ Աշխարհի Տարբեր Երկրներու Ասորիները Հայ Ժողովուրդի Կողքին Են

05 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԱՐՑԱԽ:

Արցախի դէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած վայրագութեան առաջին իսկ օրէն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ աշխարհի տարբեր երկրներու ասորիները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին: Ոչ միայն տարբեր նախաձեռնութիւններով օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն, այլ Հայաստանի մէջ բնակող շատ մը ասորիներ զինուորագրուեցան եւ մեկնեցան Արցախ: Հայաստանի մէջ ասորական համայնքի ներկայացուցիչ, ցեղասպանագէտ Անահիտ Խոսրովեան նշեց, որ մօտաւորապէս 150 զինուորական արդէն իսկ Արցախի մէջ է, որոնց շարքին` ժամկետային զինծառայողներ, պայմանագրային զինուորականներ եւ կամաւորներ:

Ան ցաւով յայտնեց, որ հինգ զոհ ունին, նաեւ` վիրաւորներ եւ անհետ կորածներ, աւելցնելով, որ բաւական մեծ թիւով ասորիներ կրկին զինուորագրուած են Արցախ երթալու համար:

Ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ աշխարհի տարբեր երկրներու ասորիները միացած են այս պայքարին: Անահիտ Խոսրովեան նկատել տուաւ, որ տարբեր երկրներու մէջ հայ համայնքի բողոքի ցոյցերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ տեղի ասորիները: Արդէն ամբողջ աշխարհէն մօտաւորապէս 100 հազար ամերիկեան տոլար գումար փոխանցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին: Իրենց ֆինանսական աջակցութիւնը յայտնած են ոչ միայն անհատ քաղաքացիներ, այլեւ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ` ասորական եկեղեցին:

Ան ըսաւ, որ բաւական գործունեայ են Հայաստանի մէջ ապրող ասորիները: Վերին Դուինի մէջ երեխաները կազմակերպած են միրգերու վաճառք, որուն հասոյթը` շուրջ մէկ միլիոն դրամ, փոխանցուած է հիմնադրամին: Ասորիները օգնութեան ձեռք երկարած են Հայաստանի մէջ ապաստանած արցախցիներուն` անոնց տրամադրելով անհրաժեշտ սննդամթերք:

Անահիտ Խոսրովեան ըսաւ, թէ ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանի թիկունքին կանգնած է Թուրքիան, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդն է, եւ այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ, 100 տարի առաջուան ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է, աւելցնելով, որ տարիներ առաջ Մերձաւոր Արեւելքի ահաբեկիչներուն դէմ պայքարի ընթացքին զոհ գացին նաեւ ասորիները:

Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ

horizonweekly.ca/en/հայաստանի-եւ-աշխարհի-տարբեր-երկրներո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail