ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻՆՔ․ՊԷՏՔ Է ՇԱՀԻՆՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ – Ն․ Պէրպէրեան

Ն․ Պէրպէրեան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻՆՔ․ՊԷՏՔ Է ՇԱՀԻՆՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ – Ն․ Պէրպէրեան

11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – Ն․ Պէրպէրեան:

Այս կամ այն ԱՆՀԱՏԷՆ, ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ թէ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ վեր է ու ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻ ԱՐԺԷՔ՝Ազգին ու Հայրենիքին քաղաքական անօթը կազմող ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆը

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄԻԻՆ պարտադրած վերջին հարիւրամեակի աննախադէպ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ պատերազմին ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿՐԱԾ Հայաստանի եւ Հայութեան ՊԵՏԱԿԱՆԱՏԷՐ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ԱՐԵԱՆ եւ ՀՈՂի ամփոխարինելի կորուստներու ահաւոր գնով՝ ամբողջական կորուստէ եւ ստոյգ ցեղասպանութենէ ԿՐՑԱՆ ՓՐԿԵԼ Հայոց Ազգն ու Հայրենիքը։

Բարի լոյս՝ թէժ եւ օրհասական կռուի ժամանակ միայն ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ դրօշը պարզած եւ անվեհեր մարտնչած, իսկ անհաւասար ուժերով մղուած գօտեմարտի աւարտին գահավէժ անկումի մատնուած եւ, ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ԿՈՐՈՒՍՏը կանխելու անձկութեամբ, նախայարձակ թշնամիին զէնքի ուժով պարտադրած ՆՈՒԱՍՏԱՑՈՒՑԻՉ «ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ»ի պայմանագիրը ընդունած ՀԱՅՈՑ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ բոլոր ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ՝ պետական պատասխանատուներէն մինչեւ շարքային մեր զինուորները։

Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական միտքը ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ այն բոլոր ԱՆՁՆՈՒՐԱՑ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք պատերազմի ՅԱՂԹԱԿԱՆ պահերուն ԴԱՓՆԻՆԵՐԸ մեր հերոս նահատակներուն բաժին հանեցին, այլեւ ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏը կորսնցուցած ըլլալու ԴԱՌՆԱՂԷՏ իրողութիւնը ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՑԱՒԱՏԱՆՋ ԱՉՔԵՐՈՎ ընդունեցին, իսկ այսօր ԱՆՎԱՐԱՆ ՈՏՔԻ ԿԱՆԳԱԾ ՄՆԱԼՈՎ՝ ոգի ի բռին պայքարը կը շարունակեն ու ՀԱՅՈՑ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ռազմաքաղաքական վերականգնման համար ելքեր կ՚որոնեն գալիք անխուսափելի ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՊՍԱԿԵԼՈՒ յանձնառու վճռակամութեամբ։

Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ԻՐԱՒԱՏԷՐ բոլոր զաւակներուն, որոնք 21րդ դարու 20 թուականին ԱԿԱՆԱՏԵՍն ու միաժամանակ ԶՈՀը դարձան Հայաստանի ու Հայութեան դէմ մոլեգնած համաթրքական այս ԱՆԱՐԳ ՀԱՐՈՒԱԾԻՆ, մանաւանդ՝ հայասպանական նորագոյն այս սադրանքին իրենց ՄԵՂՍԱԿԻՑ թէ ՊԻՂԱՏՈՍԵԱՆ «ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ»ը տուած ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀի ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ նենգ խաղին։Այլապէս՝ ԷՐՏՈՂԱՆ ուրկէ՞ կանաչ լոյս պիտի ստանար եւ համարձակութիւնը ունենար ՊԱՔՈՒԷՆ ՂԵԿԱՎԱՐԵԼՈՒ 21րդ դարու հակահայ ՍԱԴՐԱՆՔի նորագոյն այս արարին․․․ գործարկման «ՅԱՋՈՂ» ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի բոլոր ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ եւ ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ այս միացեալ ու մահացու ԳՐՈՀԻՆ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ՝ համահայկական ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ԲՌՈՒՆՑՔ յառաջացնելու, այլեւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԵՐ ՈՒԺԻՆ անփոխարինելի գրաւականը՝ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ բախտորոշ ԿՌՈՒԱՆը ՀԶՕՐԱՑՆԵԼՈՒ, Ազգի ու Հայրենիքի ՎԷՐՔԵՐը ԴԱՐՄԱՆԵԼՈՒ եւ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐը ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ հրամայական ՄԻԱԿ ՕՐԱԿԱՐԳով կ՚առաջնորդուին։

Եւ հազար ամօթ 5րդ շարասիւնի գձուձ պատեհապաշտութեան ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ ԵՂԱԾ բոլոր այն փերեզակներուն, որոնք «ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԾԱԽՈՂ» եւ «ՀՈՂ ՅԱՆՁՆՈՂ», աւելի՛ն՝ ՆԵՐՔԻՆ ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐ կը փնտռեն ՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ մէջ․․․

Աւերակներու վրայ թագաւորելու գնով իշխանութիւն կը մուրան անարժաններ, որոնք դեռ շաբաթ մը առաջ պատերազմի յաղթական փուլերու ԴԱՓՆԻՆԵՐը միայն իրենց արդար իրաւունքը հռչակելու եւ իւրայիններուն ՎԵՐԱՊԱՀԵԼՈՒ աղմուկով լեցուցած էին համացանցն ու դիմատետրը, իսկ այսօր Հայաստանի Ազգային Ժողովի դահլիճը ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՇՏԱՐԱԿի կը փորձեն վերածել եւ Օփերայի հրապարակին վրայ ԿԵՂԾ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԱՐԲՈՒՔ կը սարքեն։

Բարի լոյս՝ հաւասարապէս ՅԱՂԹԱՆԱԿի, ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ թէ ՕՐՀԱՍի բոլոր ՊԱՀԵՐՈՒՆ խուճապի չմատնուող, գլուխը բարձր եւ ճակատը բաց ու պայծառ պահելու ԱՆԲԱՍԻՐ ՆԿԱՐԱԳՐՈՎ գործող ՀԱՅՈՑ ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք այս կամ այն ԱՆՀԱՏԷՆ, ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ թէ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ վեր կը դասեն՝ ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻ ԱՐԺԷՔ կը դաւանին Ազգին ու Հայրենիքին քաղաքական անօթը կազմող ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆը՝ իր բոլոր ՍՏՈՐՈԳԵԼԻՆԵՐՈՎ, որոնց պահպանման ու պաշտպանութեան համար ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆը միակ ու բարձրարժէք ՓԱՌԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆը կը հանդիսանայ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԱՄԷՆ ՀԱՅՈՒ։

God above, down Armenian Army – The Lions of the Mountain – The Republic Artsakh defense army

Mer-oughin.am/2020/11/11/ճակատամարտը-կորսնցուցինք․պէտք-է-շահ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail