Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ներեցէ՛ք Մեզի
14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Սեպտեմբեր 27-էն ի վեր հայոց աշխարհը փոխուած է: Պատերազմի ուրուականը պատեց մեր աշխարհը` մթագնելով երկինքն ու ապագան: Նոյն թշնամին տարբեր դիմակով յարձակեցաւ Արցախ, միանգամընդմիշտ ամբողջացնելու իր անցեալի կիսաւարտ ծրագիրը:
Աննախընթաց եւ անմարդկային գրոհ եւ վայրագութիւն` Արցախի խաղաղասէր ժողովուրդին վրայ: Հերոսական դիմադրութիւն հայ զինուորին եւ կամաւորին կ՛օգնէ, նաեւ ընդհանուր զօրաշարժ` համայն սփիւռքէն: Ողջ հայութիւնը միահամուռ ու միակամ փաստեց համայն աշխարհին իր անսակարկ սէրը եւ նուիրումը հայրենի հողերուն նկատմամբ:
Դժբախտաբար 9-10 նոյեմբեր լուսցող գիշերը սթափեցանք այն լուրով, որ համաձայնագիր մը ստորագրուեր է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, հովանաւորուած` Ռուսիոյ կողմէ: Կոչեցէք զայն անակնկալ դէպք կամ քաղաքական յաջողութիւն, ես պիտի կոչէի` մեր ազգային վեհ եւ ընտիր երազներու վերջ:
Շատ լաւ գիտեմ այդ բարեացակամ եւ բարեմիտ յորդորները, թէ` այսպիսով առաջքը առինք նոր զոհերու, բայց ես կ՛ուզեմ անոնց ըսել, որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար ամբողջ հայ ազգը զինուոր է, եւ ան, որ հայրենիք կ՛ուզէ կերտել, նկատի պիտի առնէ նահատակներ ունենալ. շատ չեմ զարմանար, որովհետեւ համաձայնագիր ստորագրողը հաւանաբար այլ նպատակներ ունէր…
Ես ինծի հարց կու տամ, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին մենք կորսնցուցինք մօտ 350 հազար հայորդի ռուսական բանակին շարքերուն մէջ` ազատագրելու համար Պիելոռուսիան, Լիթուանիան եւ այլ պետութիւններ, իսկ այդ ամէնը` ի սէր համայնավարութեան եւ Ռուսիոյ: Արդեօք այսօր հայութիւնը ի՞նչ շահեցաւ այդ բոլորէն, իսկ երբ հարցը կու գայ հայրենիքը կերտելու, դուք դէ՞մ կը կենաք մեր հազարաւոր մարտիկներուն եւ զինուորներուն… Երբ սփիւռքը աննախընթաց կերպով կը ցնցէ աշխարհը` պահանջելու համար Արցախի իրաւունքները, դուք այդ բոլորը անտեսելով` կ՛որոշէք առանց ազգային լայն խորհրդակցութիւններու Արցա՞խը յանձնել:
Անշուշտ դուք էք քաղաքագէտը` բոլոր տուեալներով, բայց ձեզի կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ վերջին դատաւորը ժողովուրդն է, եւ այսօր ամբողջ հայութիւնը ձեր որոշումին դէմ է, ձեզ կ՛որակէ իշխանապետ-մենատէր: Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ ձեր անունը իբրեւ այն անձը, որ շարունակեց եւ ամբողջացուց նախորդ նախագահներու չամբողջացուցած վաճառքը:
Ես ինծի հարց կու տամ, թէ արդեօք ապագային մենք ի՞նչ պիտի ըսենք մեր զաւակներուն, մեր թոռներուն, թէ` մեր օրով «ծախեցինք» Արցախը, մեր օրով լքեցինք պատմական Արցախը իր ճակատագիրին` յանձնելով զայն մեր դարաւոր թշնամիին, մեր օրով անտեսեցինք հերոսներուն` Ալպերթին, Աշոտին, Վահէին, Արամին, Գէորգին, Խաժակին եւ այլ հազարաւոր վեհերու թափած ընտիր արիւնը մեր սուրբ հողին վրայ, ոչ թէ որովհետեւ մենք վախկոտ էինք, ոչ թէ որովհետեւ մենք մահէն փախուստ կու տայինք, այլ պարզապէս որովհետեւ օրուան մենատէր վարչապետը այդպէս յարմար նկատեց:
Ներեցէ՛ք մեզի, Արցախի ազատագրական պատերազմի հերոսներ, ներեցէ՛ք մեզի, Եղեռնի նահատակներ, այսօր մենք ձեզ անպատուեցինք:
aztagdaily.com/archives/489411