Բաց Նամակ Նիկոլ Փաշինեանին – ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Բաց Նամակ Նիկոլ Փաշինեանին

13 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
(Շուշիի պատուոյ քաղաքացի,
Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ,
պետական մրցանակներու դափնեկիր)

Արցախեան վերջին պատերազմին, մտաւորական քանի մը ընկերներուս որդեգրած կեցուածքը կիսելով, հայրենի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան որդեգրած ուղղութեան, քաղաքականութեան, մարտավարութիւններուն, ռազմավարութեան ու կազմակերպական ընթացքին մասին հեռաւոր Լիբանանէն ո՛չ մէկ գրառում ըրի` այն համոզումով ու վստահութեամբ, որ գետնի վրայ իրենք իրենց ընելիքը շատ լաւ գիտեն ու պէտք չունին ո՛չ իմ եւ ո՛չ ալ հեռաւոր ոստաններէ հնչող կարծիքներու:

Իբրեւ լիբանանահայ «Արցախ ֆոնտ»-ի անդամ` հետեւեցայ ինծի վստահուած աշխատանքին, հետս առնչուող օտար երաժիշտներու եւ մտաւորականներու շրջանակներուն մէջ արցախեան հարցը բացատրելու քարոզչական աշխատանք տարի եւ երբեմն ալ գրառումներ կատարեցի ինծի ծանօթ նահատակներուն ի յուշ: Անոնց թիւը, ներառեալ` «Վարանդա» երգչախումբիս նախկին սաները, ցաւօք անցաւ 30-ը…

Այսօր ունինք այն, ինչ որ ունինք:

Հայրենական կորսնցուցած տարածքներ, կիսատ մնացած արի ու դեռատի թռիչքներ, փշրուած երազներ ու սէրեր, խեղուած մանկութիւններ, երեսուն տարիներու ընթացքին ճակտի արդար քրտինքով կառուցուած կամ վերանորոգուած օճախներու կորուստ, համահայկական ճիգերով կերտուած ազգային, կրթական, մշակութային, եկեղեցական ու զինուորական կառոյցներու աւերում, բնահան եղած հայրենակիցներ…

Այսօր հետեւեցայ քաղաքամայր Երեւանի ըմբոստացած հայրենակիցներուս բողոքի ծովածաւալ ցոյցերուն:

Պարտութեան ամօթալի փաստաթուղթի ստորագրման մեղսակից պետական այրերուն բացատրութիւններն ու ինքնարդարացման փորձերը չհամոզեցին զիս:

Շուշիի ազատագրութեան օրէն մինչեւ այսօր, 28 տարիներ շարունակ, հետեւողականօրէն եւ անընդմէջ, ամէն ամառ շտապած եմ Շուշի, ես ինծի համար, իմ մէջս, ինծի տուած երդումիս` ամբողջ կեանքիս ընթացքին Արցախին ու արցախահայութեան ծառայելու առաքելութեանս:

Այս 28 տարիներու ամբողջ ջանքն ու քրտինքը կը խոնարհին սահմանի առաջին դիրքի վրայ կանգնած մէկ հայ զինուորի` մէկ ակնթարթին իսկ առջեւ: Այդքանին իսկ համազօր չեն:

Իսկ դուք, պարո՛ն վարչապետ, քանի որ այնքան ամենագէտ ու ամենակարող ըլլալու յաւակնութիւնն ունիք նման փաստաթուղթ մը ստորագրելու` առանց յարգալիր վերաբերում ունենալու ձեր նախընտրական խոստումին, այն է` ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԱՄՔԸ հարցնելը,

Եւ քանի որ դուք լկտի ինքնասիրահարուածութեամբ տարուած` դոյզն յարգանք իսկ չունիք ձեր իսկ ձեւաւորած խորհրդարանին նկատմամբ,

Աչքերուս մէջ երկար նայելով` պատասխա՛ն տուէք իրենց դեռատի կեանքը ձեր դաւաճանագրով յումպէտս վատնած եղած նախկին սաներուս արիւնին համար,

Պատասխա՛ն տուէք այրիացած նախկին սանուհիիս, որդեկորոյս երաժիշտ գործակցուհիիս, կրկնակի որդեկորոյս մտաւորական ընկերոջս, եղբայրակորոյս սանուհիիս եւ բոլոր հարազատներուս արցունքին համար,

Պատասխա՛ն տուէք Շուշիէն տարհանուած աւելի քան 500 այժմու թէ նախկին սանիկներուս կորսուած մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան համար, անոնց` Շուշիի մէջ կորսնցուցած երջանկութեան ու ժպիտին համար,

Պատասխա՛ն տուէք անոնց ծնողներուն կորսնցուցած տուներուն, ինչքերուն, աշխատավայրերու կորուստներուն ու ձեր պատճառով ու ձեր փոխարռէն` բարոյահոգեբանական ամօթահար վիճակի մէջ ինկած ըլլալուն համար,

Պատասխա՛ն տուէք Այնճարի, Երեւանի, Շուշիի ու Պէյրութի իր ապրելավայրերուն մէջ միա՛յն Շուշին պաշտող 8-ամեայ որդւոյս` «այլեւս պիտի չերթա՞նք Շուշի: Ճի՞շդ է, որ մեր տունը թուրքեր պիտի ապրին: Ճի՞շդ է, որ հայերը պարտուեր են» հարցումներուն…

Եւ եթէ ձեր մէջ մարդկայնութեան փոքր նշոյլ մը մնացած է տակաւին, կը յորդորեմ ձեզի, որ անյապաղ իշխանութիւնը յանձնէ՛ք ձեռնհասներու, որ հայրենիքը դուրս բերեն առկայ ամօթալի ճգնաժամէն:

Հեռաւոր Լիբանանէն կը միանամ հայրենի թէ աշխարհասփիւռ հայութեան մեծամասնութեան բողոքին ու իրենցմէ աղաչելով կը խնդրեմ, որ երբեւէ չշրջանցեն հայրենիքի միասնականութեան, արժանապատւութեան ու այնքան անհրաժեշտ փոխադարձ սիրոյ հրամայականով իմաստաւորուող սահմանները` հայրենիքը զերծ պահելով թշնամին զուարճացնող արիւնալի բախումներէ:

Կոմիտաս. «ՍԻՐԵՑԷ՛Ք ԶԻՐԱՐ, ՇԱ՛Տ ՍԻՐԵՑԷՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՊՐԻ՛Ք…»:

Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail