ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՆՊԱՏԱԿՍ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ – Որպէսզի ԿԱՐԵՆԱՆՔ վեր կանգնիլ ՊԱՐՏՈՒԱԾի եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՅԱՆՁՆԱԾի ինքնամաշեցման հեղցուցիչ ՃԱՀՃԱՀՈՒՏԷՆ

Ն․ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՆՊԱՏԱԿՍ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ – Որպէսզի ԿԱՐԵՆԱՆՔ վեր կանգնիլ ՊԱՐՏՈՒԱԾի եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՅԱՆՁՆԱԾի ինքնամաշեցման հեղցուցիչ ՃԱՀՃԱՀՈՒՏԷՆ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

ՆՊԱՏԱԿՍ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ

Որպէսզի ԿԱՐԵՆԱՆՔ վեր կանգնիլ ՊԱՐՏՈՒԱԾի եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՅԱՆՁՆԱԾի ինքնամաշեցման հեղցուցիչ ՃԱՀՃԱՀՈՒՏԷՆ

Ն․ Պէրպէրեան

15 Նոյեմբեր 2020

Բարի լոյս՝ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄի յաջորդ ՃԱԿԱՏՈՒՄին նախապատրաստուելու ԶՕՐԱՇԱՐԺին զինուորագրուած ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որուն պահու ՄԻԱԿ եւ ԱՆԴԱՌՆԱԼԻ ՆՊԱՏԱԿն է՝

– Դուրս գա՛լ Հայաստանի եւ հայութեան ռազմաքաղաքական ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ պատճառած խոցերուն ու կորուստներուն վրայ ՍՈՍԿ ՈՂԲԱԼՈՒ հեղցուցիչ այս ՏԻՂՄէն եւ սպառիչ ՈԼՈՐԱՊՏՈՅՏէն։

– Յաղթահարե՛լ ԱԶԳՈՎԻՆ մեր մէջ ծուարած ՊԱՐՏՈՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ու ՀԱՄԱԿԵՐՊՈՒՄի ԱՐԱՏը, որ այս պահուն ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ մեր ԿԱՄՔն ու ՈՒԺը կը կրծէ եւ Ազգն ու Պետութիւնը կը ջլատէ՝ ռազմաճակատները լքած եւ ԹԻԿՈՒՆՔին մէջ «ՆԵՐՔԻՆ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐ» ու «ՀՈՂ ՅԱՆՁՆԱԾ ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐ»․․․ փնտռելով։

– Հունաւորե՛լ ՅԱՌԱՋ ՇԱՐԺԵԼՈՒ մեր ուղին՝ Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարը ՆՈՐՈՎԻ՛, Ազգի ու Պետութեան բոլոր ուժերը միահամուռ ԶՕՐԱՇԱՐԺի բերելով եւ թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին ճակատներու վրայ 32 տարիէ ի վեր մեր թոյլ տուած տատանումներուն ու վրէպներուն ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՎ։

Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ջահակիր ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք «17ականներու» թէ «Փաշինեանականներու» ԻՇԽԱՆԱԿՌՈՒի ԱՒԱԶԱԽՐՈՒՄէն անդին ԿԸ ՍԵՒԵՌԻՆ ու ԼԾՈՒԱԾ ԵՆ վաղուան մեր ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔի նուաճումին անփոխարինելի ԵՐԱՇԽԻՔԻՆ՝ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՈՉ-ԲՌՆԻ ԾԱՌԱՑՈՒՄին, այլեւ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԵՐ ՏՈՒՆը եւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԽՐԱՄԱՏՆԵՐը կարգի բերող ԱՆԱՐԻՒՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ վերանորոգ շղթայազերծումին։

Այսօր ՄԻԱՅՆ ԼՌԵԼՈՒ բարոյական ստիպողութեան տակ կը գտնուին ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի քաղաքական ԲԵՄին վրայ ՍՈՒՏ ու ԿԵՂԾ ԿԱՐԳԱԽՕՍՆԵՐՈՎ աղմկող, իշխանութեան ՂԵԿին շուրջ-բոլորը ԽՄԲԱՊԱՐի ելած հին ու նոր ՎԵՐՆԱԽԱՒի կամ ՎԵՐՆԱՏՈՒՆի բոլոր եւ բազմագոյն մակաբոյծները, որոնք ահա 30 տարիէ ի վեր մեր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՇՒՈՅՆ կը բեմադրեն ՀՈՂ ՅԱՆՁՆԵԼՈՒ կամ ՉՅԱՆՁՆԵԼՈՒ իրենց ԱՆԱՐԳ ՍԱԴՐԱՆՔը – փաստօրէն այլեւս ՍՊԱՌԱԾ իրենց ԼԱՐԱԽԱՂԱՑՈՒԹԻՒՆը, որ պարզապէս ԾԱՌԱՅԵՑ ու կը շարունակէ ՆՊԱՍՏԵԼ իւրաքանչիւրի անձնական՝ ընկերային-կենցաղային պայմաններու ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄին, նոյնիսկ՝ ՅՂՓԱՑՈՒՄին, ի գին մեր պետութեան ու ժողովուրդի ԱՂՔԱՏԱՑՄԱՆ ու ՏԿԱՐԱՑՄԱՆ։

Բարի լոյս՝ իր ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ վճռականութեամբ առաջնորդուող ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐի թէ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐի հետ կամ դէմ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒԵԼՈՒ ԹԱԿԱՐԴը ՄԵՐԺԵԼՈՒ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՆ վրայ խարսխած է իր ազգային ու քաղաքացիական ԶԳՕՆՈՒԹԻՒՆն ու ՊԱՅՔԱՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ մարտունակութիւնը։

Բարի լոյս դաժան ու անհաւասար կռուի մէջ իյնալով հանդերձ վերստին ՈՏՔԻ ԿԱՆԳՆՈՂ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ՝ որուն ՆՊԱՏԱԿԸ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ։

Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail