Թէ Ինչո՛ւ Պրն. Վարչապետը Պէ՛տք Է Հեռանայ. Շաղիկ Մկրտիչեան
16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Տաժանք է հազարաւոր մեռելներդ գրկած, կուրծքիդ սեղմած, այրող մորմոքով գրիչ վերցնել ու փորձել խօսիլ:
Բայց անհրաժեշտ է ատիկա մեր ազգային գոյութենական պայքարի այս նորագոյն զարգացումին` Արցախի կորուստին ի տես: Կոտրած տաշտին քով կանգնած ենք` սահմռկած, թեւաթափ. ի՞նչ ընել:
Այս վայրկեանին անհնար է մեր պարտութեան պատճառներուն եւ անձնատուութեան պատասխանատուութեան վերաբերեալ անաչառ վճիռ արձակելը: Ապագային պիտի կատարուին արցախեան երեսնամեայ մաքառումի անփառունակ այս աւարտին քննարկումն ու գնահատումը: Ատիկա պիտի գայ անկասկած: Թէ` Խորհրդային Միութեան փլուզումի խորապատկերին վրայ, հայկական արիւնով շահուած հայկական այս փոքր հողատարածքի պահպանումին ու զարգացումին համար ի՛նչ կատարած են վերջին երեսուն տարիներու իշխանութիւնները, պետութեան ղեկավարները, պատմութեան դատաստանին պիտի արժանանայ անպայմա՛ն: Հիմա ատոր ժամանակը չէ՛, հիմա Արցախը յանձնուած է պրն. Փաշինեանին կողմէ: Դաւաճանութի՞ւն, անբան ապիկարութի՞ւն, նախապէս լարուած թակա՞րդ. վաղուց պատրաստուած կատակերգա-ողբերգութեան մը վերջին արիւնալի արա՞ր… կարելի չէ այդ մասին հիմնաւորեալ լուրջ խօսք ըսել հիմա: Բայց այն, թէ Արցախի յանձնումը` մութին մէջ առանձին կատարուած, պատմական խարանի ծանր քար մըն է պրն. վարչապետին վիզէն անքակտելի շղթայով կապուած` անժխտելի իրականութիւն է: Այդ շղթան ու քարը մեր վիզին անցընելն ու գլորիլը անմտութիւն պիտի ըլլայ. պրն. վարչապետը պէ՛տք է հեռանայ:
Միւս կողմէ, յետ համաձայնագիրին, ժողովրդային բողոքի շարժումը խանգարելու իշխանութեան փորձերը, ապօրինի ձերբակալութիւններն ու հարցաքննութիւնները, պաստառներով հեռարձակուած ոճիրի սպառնալիքներն ու քաղաքացիական պատերազմի մղող խօսքերը, այս ճգնաժամային պահերուն պրն. Փաշինեանին անյայտ անկիւն մը ապաստանիլն ու պաստառով, ինքնագոհ, ոչինչ ըսող ելոյթներ ունենալը մեծապէս պատուազրկած են գործող վարչապետի պաշտօնը, որ ամբողջովին կորսնցուցած է իր արժանահաւատութիւնը. պրն. վարչապետը պէ՛տք է հեռանայ:
Ընդհանուր պատմութեան մէջ պարտեալ քաղաքական անձնաւորութիւններու քաղաքական ճակատագիրի ցցուն օրինակներ կան. 1940-ին Ֆրանսա ներխուժած Գերմանիոյ հետ անձնատուութեան զինադադար կնքած մարաջախտ Փէթէն, մօտաւորապէս հինգ տարի, գրաւող գերմանական ուժին որպէս լծակից` արժանացաւ ժողովրդային ընդյատակեայ դիմադրութեան, պատերազմէն ետք ալ դատուեցաւ ու դատապարտուեցաւ: Իր մտասեւեռումներուն գերի, բռնատէր Հիթլեր, պարտուող Գերմանիոյ համատարած քանդումները արհամարհելով, Պերլինի իր պունքըրին մէջ ծուարած` շարունակեց միանձնեայ կառավարումը, յոխորտանքով կառչած մնաց իր դիրքին եւ ի վերջոյ ինքնասպանութեամբ աւարտեց կեանքը: Ժողովուրդէն ու կառավարական կառոյցէն գաղտնի պրն. Փաշինեանի ստորագրած փաստաթուղթը Արցախի հարցի հանգուցալուծման ամէնէն վատ տարբերակն է Հայաստանի համար. եթէ պրն. վարչապետը յամառի ու կառչած մնայ իր աթոռին, պիտի կորսուի բանակցութիւններով կարգ մը ժխտական կէտեր բարեփոխելու կարելիութիւնը: Պրն. Փաշինեան պէտք է ընդունի, որ ինք անատակ է այդ բանակցութիւնները ի շահ Հայաստանին վարելու, քանի արդէն զիջած է շատ բան: Նկատել կը տրուի ներկայիս, թէ ռուսական զօրքերու մեծաթիւ ներկայութիւնը Արցախի մէջ նշան մըն է, թէ պատերազմը պիտի չվերսկսի, թէ խելացի արեւելումով ու դիւանագիտական լուրջ գործով կարելի պիտի ըլլայ որոշ չափով մեղմացնել այս ծանրագոյն վիճակը. տակաւին բանակցութիւններ չեն սկսած, տակաւին հրադադար է միայն, տակաւին ազերի զօրքերը ամէն տեղ չեն, թերեւս իշխանական նո՛ր դէմք մը կարենայ որոշ բարեփոխում մտցնել համաձայնութեան մէջ: Պրն. վարչապետը պէ՛տք է հեռանայ:
Երկու դիտարկում կ՛ընեն բողոքի այս շարժումին դէմ եղողները:
Առաջին` միասնականութեան հարցը:
Անոնք նկատել կու տան, թէ պատերազմական այս վիճակին մէջ պրն. վարչապետին հրաժարականը պահանջելը պառակտում կը ստեղծէ ժողովուրդին մէջ: Արդ` դիտել տանք, թէ պրն. Փաշինեանի երկուքուկէս տարուան իշխանութեան ամենացցուն ձեռքբերումը ազգի պառակտումն է, որ ստացած է իշխանութիւններու կողմէն իսկ սահմանուած «պաշտօնական» անուն` սեւի ու սպիտակի: Պատերազմի սկիզբէն իսկ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը յայտարարեցին, թէ կը դադրեցնեն իրենց քննադատութիւններն ու իրենց բոլոր կարելիութիւնները կը դնեն կառավարութեան տրամադրութեան տակ. անոնք յարգեցին իրենց խոստումը, մինչ պրն. վարչապետը մութին մէջ գործեց ու ամբողջ ազգը դրաւ կատարուած սարսափելի իրողութեան` Արցախի կորուստին առջեւ, ահագնային չափով մարդկային զոհերու գնով: Ուրեմն «միասնականութիւն»-ը չէ յարգուած, պրն. Վարչապետը խաբած է ազգը, ալ ինչի՞ պիտի ծառայէ այդքան փնտռուած միասնականութիւնը, եթէ ոչ միայն ու միմիայն մէ՛կ անձի իշխանութեան շարունակութեան, իշխանութիւն, որ աղէտալի եղաւ բոլորիս համար: Ու մե՛նք հիմա հարց տանք` եթէ իր հրաժարականով փոքր կարելիութիւն մը ձեռք պիտի բերենք համաձայնութեան ժխտական կէտերը մեղմացնելու, ատենը չէ՞, որ պրն. վարչապետը հետամուտ ըլլայ միասնականութեան ու հրաժարի ի շահ ազգային շահին…: Պրն վարչապետը պէ՛տք է հեռանայ:
Երկրորդ` «Նախկինները…»:
Որքան ալ անհաւատալի թուի խելամիտ անձին, հայրենիքի թաւալգլոր անկումին առջեւ, անոր գոյութեան իսկ սպառնացող վտանգը անտեսելով, հայ իրականութեան մէջ կը գտնուին ու կը գործեն տակաւին մարդիկ, որոնք հայ զանգուածները «կը սարսափեցնեն» ո՛չ թէ Արցախի կորուստին հետեւանքներով, ո՛չ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ գծագրուող ապագայի մութ հորիզոնով, այլ… «նախկիններու վերադարձ»-ի այլեւս հնամա՛շ, դէպքերու ներկայ հանգրուանին ոչ դիպուկ ու անհեթեթ դարձած, երեխայ վախցնող վհուկի խամաճիկով: «Նախկին»-ի մասին կը խօսուի կարծես… կարօտաբաղձութեամբ, ահարկու ներկան եւ անստոյգ ապագան վերամբարձելու (sublimer) համար…:
Եւ այսպիսի կեցուածք կը դրսեւորեն կարգ մը հայ երիտասարդնե՛ր, ուսեա՛լ, համալսարանաւարտ, «յառաջադէմ» գաղափարներու հետամուտ տղաք ու աղջիկներ: Ընկերաբանները երեւի օր մը ուսումնասիրեն այս արտառոց երեւոյթին տուն տուող պատճառները: Հիմա, սակայն, հայ գիտակից, յանձնառու երիտասարդը ժամանակ չունի՛ վատնելու եւ վարանելու: Շա՛տ արագօրէն պէտք է կողմնորոշուի ան եւ հայ իրականութեան ներկայէ՛ն մեկնի: Վ՛երջ մակերեսային, քարացած մտային կաղապարումներուն, պիտակաւորումներուն. վե՛րջ յետադարձութեան (rռgression): Առիւծասիրտ զինուորն ու կամաւորը չվարանեցան, կռուի դաշտ նետուելէ առաջ անհեթեթ հարցեր չդրին, նուիրաբերեցին իրենց լաւագո՛յնը:
Իսկ կռիւը չէ՛ աւարտած, ան բազմաթիւ ճակատներու վրայ է այժմ:
Առաջի՛նը, հիմնակա՛նը, ներքի՛ն կռիւն է, մտքի՛ ազատագրումի, մտածումի խորութեա՛ն կռիւը, որմէ պիտի բխի լուրջ յանձնառութիւն` մեր հայրենիքի, ազգի գոյութեան եւ դրական ապագայակերտումի ճամբուն վրայ:
Երկրորդը` քաղաքական բաւիղէն դուրս գալու պէտք եղած կա՛մքը, գիտելի՛քը, ճկունութի՛ւնը եւ անկեղծութի՛ւնը դրսեւորելու կռիւն է:
Երրորդը գիտակցական կռիւն է, անդրադարձը, թէ արցախեան պայքարը շղթայուած է մեր ազգի պատմական լինելիութեան եւ կը ներառէ մեր պատմութեան բոլո՛ր ժամանակներն ու տարածքները: Չորս հազարէ աւելի նահատակներու խորանով այս մէկը արդէն դարձաւ սրբազան եւ անվերադարձ ուխտ:
Ճանապարհը երկար է. առաջին փուլը, ամէնէն մօտիկն ու հասանելին, հիմնական խոչընդոտը` պրն. Փաշինեանը համոզելն է, որ լքէ իր աթոռը:
Պրն. վարչապետը պէ՛տք է հեռանայ:
yerakouyn.com/2020/11/16/թէ-ինչո՛ւ-պրն-վարչապետը-պէ՛տք-է-հեռանա/