Ի Գիտութիւն Թուրքերուն եւ Թրքացածներուն… Մենք Սօսի ԵնՔ Կամ՝ Չինարի …

Ի Գիտութիւն Թուրքերուն եւ Թրքացածներուն… Մենք Սօսի ԵնՔ Կամ՝ Չինարի …

18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ –

Թէ ո՞վ է թուրքը, այդ մասին ամենալաւը հայը գիտէ…

Իսկ ո՞վքեր են թրքացածները… անոնք են, որոնք կը յայտարարեն, թէ «Թող Արցախը տրուի թուրքին, միայն նախկինները չգան», անոնք են նաեւ, որ այդ մէկը իրականացուցին «սրբազան» աթոռին կառչած մնալու համար…

Լա՞լ, խղճա՞լ, նողկա՞լ, ապշի՞լ, խելագարուի՞լ… անիմաստ է…

Անիմաստ է… երբ արդէն Շուշին վարկաբեկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն հրամանատարին կողմէ եւ գովաբանուած` թուրքին կողմէ…

Անիմաստ է…. Երբ յանուն աթոռի չկանխուեցաւ հազարաւոր հայորդիներու կեանքը… այնպիսի հայորդիներու, որոնք ազգի սերուցքն են, ընտրեալները, որովհետեւ անոնք գացին կամաւոր եւ չզօրակոչուեցան, գացին անսալով հողի կանչին, զոր գերադասեցին իրենց կեանքէն ու հարազատներու ցաւէն աւելի… 1915-ին, թուրքն ալ նոյն ձեռագրով գլխատեց հայ մտաւորականութիւնը՝ հայ ազգը ոչնչացնելու նպատակով…

Սակայն, ի գիտութիւն թուրքին, մենք սօսի ենք կամ չինարի, ինչքան ալ մեր ճիւղերը կտրէք՝ արմատները խոր են, շատ խոր… Մենք վերստին պիտի խոյանանք… Արցախի Չինարի (Սօսի)՝ աշխարհի ամենահին ծառերէն մէկը վկայ, մենք ձեր պատճառած ցաւը պիտի վերածենք նոր խոյանքի ուժի, որովհետեւ մենք ունինք Սօսէ մայրիկներ, հերոսածին մայրեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին դիմաց ազգովի պէտք է խոնարհինք եւ աջակցինք, որպէսզի իրենց ոգին փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն…

Մտաւորական մոլորուած հասարակութիւն մը կայ, որ կոչ կ’ընէ միասնութեան, երկիրը անցնցում պահելու եւ պետական մտածողութիւն ունենալու հրամայականին… «Միասնութի՜ւն…. Միասնութի՜ւն… բայց ո’չ նախնիներուն»… բարեկամներ միասնութիւն կը նշանակէ բոլորս մէկ, բոլորս միանանք հայրենիքի շուրջ, եւ ոչ թէ Հայրենիքը տուողին շուրջ…

Պետական մտածողութի՞ւն… այդ ինչպէ՞ս կրնայ պետութիւնը քանդողին սատարելը դիտուի որպէս պետական մտածողութիւն։ Այլապէս ինչո՞ւ են Դաշնակցութեան դէմ ուղղուած ձեր մեղադրանքներն ու «դաւաճան» անուանելը, երբ միացաւ Սերժ Սարգսեանի կամ Քոչարեանի իշխանութեան… այնտեղ թալան էր, որ գուցէ եթէ լաւ աշխատանք տարուէր կարենային կասեցնել, բայց դուք ալ գիտէք անհնար է, երբ բացարձակ փոքրամասնութիւն ես։ Թող չի թուի, թէ բոլորովին անսխալական կը համարեմ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս անսխալական մարդ չկայ, այնպէս ալ չսխալող կուսակցութիւն չկայ… սակայն, այնուամենայնիւ, Արայիկ Յարութիւնեանի չիրականացած մեծ ցանկութիւնը վկայ՝ Դաշնակցութեան մասին թալանելու փաստեր չեղան…

Նախկիննե՞ր…. Երկիրը կողոպտողնե՞ր… Ներկայ իշխանութիւնը չի՞ կողոպտեր, թէ բացայայտ կողոպտելը կողոպուտ չէ, կողոպուտի անունը փոխած ու պարգեւավճար դրած են ուրեմն կողոպուտ չէ՞, պատերազմի աջակցութեան համար հաւաքուած «Հայաստան» համահայկական դրամի գումարէն կառավարութեան յատկացնելը կողոպուտ չէ՞…դեռ այլ կողոպուտներ մէջտեղ պիտի գան…

Այդ դրամը միայն մեծահարուստներու նուիրաբերածը չէ, այդ դրամը նաեւ գիւղացիի ծախած վերջին կովու գումարն է, Սփիւռքի մէջ ապրող ու Հայաստան գալու համար գանձանակին մէջ դրամ հաւաքած երեխայի գումարն է, խեղճ ամսականով ապրող ուսուցչուհիի գումարն է, Հայաստանի ու Լիբանանի տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ ապրողի եւ թողակառուի գումարն է, յանուն զինուորի ընկոյզ վաճառող փոքրիկ Մհերի հաւաքած գումարն է…

Իսկ ո՞վ իշխանութիւն բերաւ զիրենք, դուք բերիք, դուք, որ հիմա անոնց դէմ էք։ Բերիք այնպէս, ինչպէս բերիք երկիր ծախողները…

Մի’ ընտրէք մէկը, որուն դէմ էք։ Հասկցէք, որ 5000 դրամի շողքը վայրկեաններ ետք կ’ոչնչանայ, իսկ 5000-անոցներու շնորհիւ ընտրուողը երկիրը կ’ոչկնչացնէ…

Երկիրը զերծ պահենք ցնցումներէ՞. Նախ որեւէ ցնցում չի կրնար վնասել հիմնայատակ փլատակուածը… երկրորդ, պատմութեան մէջ չէ եղած ղեկավար մը, որ երբ նոյնիսկ պարտադրուած հող կը յանձնէ, կը մնայ պաշտօնի վրայ կամ՝ կենդանի….

Հող տուողը, եթէ ունի դրական գէթ մէկ յատկանիշ, պէտք է անցնցո’ւմ հեռանայ, (ինչպէս ըրաւ Հանրապետութեան 3-րդ նախագահը), ո՛չ թէ քաղաքացիական պատերազմ հրահրէ…

Տեսա՞ծ էք արդեօք ղեկավար մը, որ իր երկրի պատերազմի «պարտութիւնը» կը յայտարարէ գերգոհունակ ու յաղթանակ տարածի ժպիտով, կա՞յ ՀԱՅ մը, որ Շուշին կը վարկաբեկէ եւ անունը կու տայ իր անդէմ դէմքին դրոշմելով նողկանքի եւ ատելութեան արտայայտութիւններ…

Մոլորեալներու միւս խումբն ալ դէմ է Փաշինեանին, բայց նախ կ’ուզէ գիտնալ ո՞վ պիտի ըլլայ յաջորդ վարչապետը…

Բարեկա’մ, վարչապետը հրապարակի մէջ չեն ընտրեր, ով ըլլալը պիտի որոշես դուն, քովինդ… բոլոր ընտրողները։ Նաեւ ըսեմ, չկայ նախկին ու ներկայ իշխանութիւն, կայ իշխանութեան շղթայ մը…

Բաց աչքերով նայեցէք իրականութեան, յանուն աթոռի ծախուած է երկիրը (կամ գէթ մէկ մասը), հրապարակ հաւաքուածներուն նպատակը ա’յս պահուն երկիրը փրկելն է։ Անժխտելի է, որ 17 կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը ընտրութիւններու ընթացքին պիտի ձգտի իշխանութեան եւ ատիկա բնական է, բնական է ընտրութիւններու ժամանակ, ոչ թէ հիմա, հրապարակին մէջ։ Ի վերջոյ մէկը պիտի կառավարէ՞ այս երկիրը, թէ պիտի շարունակենք անտէր մնալ…

Կ’ուզէ՞ք քիչ թէ շատ արդար իշխանութիւն ունենալ (բացարձակ արդար իշխանութիւն գոյութիւն չունի), ելքը միայն հետեւեալն է.

-Ներկայ իշխանութիւնը պէտք է հրաժարի

-Միաւորուած քաղաքական ուժերը պէտք է ընտրեն շատ մասնագիտացուած փրկութեան կոմիտէ կոչուած մարմին մը, որ՝

.բանակցութիւններ պէտք է վարէ արտաքին աշխարհի հետ՝ մեր

անդառնալի վնասները հասցնելով նուազագոյնի,

.կարգաւորէ երկրի հրատապ խնդիրները,

.կազմակերպէ ԱԺ ընտրութիւններ (այստեղ է ձեր ընելիքը),

ընտրուած պատգամաւորները պիտի ընտրեն վարչապետ։

Այլ տարբերակ չկայ… ինչքան շուտ՝ այդքան աւելի մեծ կ’ըլլայ յոյսը, որ գոնէ հիմա բռնութեան տակ տժգունած Շուշին կրկին շողայ…

Իսկ Շուշին անպայման կրկին պիտի շողայ, որովհետեւ մենք սօսի ենք կամ՝ չինարի…

ԵՌԱԳՈՅՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail