Զինադադարէն Ետքի Մասին. Յ. Պալեան

Զինադադարէն Ետքի Մասին. Յ. Պալեան

18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ –

Ռուսիա վերահաստատեց, որ Կովկասի մէջ անվիճելի եւ անշրջանցելի իրաւարարը ինք է, պարտադրելով Արցախեան պատերազմի զինադադարը եւ անոր հսկողութեան համար արագօրէն տպաւորիչ միջոցներով շրջան հասցուց բանակ եւ զինական հսկայ միջոցներ:

Զինադադարէ աւելին է հաստատուած դրութիւնը:

Ան յաղթանակն է ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ՝ Թուրքիոյ:

Կովկասի մէջ Ռուսիոյ միակ դաշնակից եւ գործակից Հայաստանի տկարացումը նպաստաւոր է Էրտողանի, որ կը ձգտի տարածաշրջանի իշխող գլխաւոր ուժը դառնալ: Ռուսիոյ հարաւային սահմաններուն վրայ Թուրքիոյ դէմ կանգնած քրիստոնեայ Հայաստանի տկարացումը միայն բացասական անդրադարձ կ’ունենայ ռուսական բազմազգ երկրի ներքին կեանքին մէջ եւ արտաքին սահմաններուն վրայ: Կ’անդրադառնայ նաեւ Ռուսիոյ կապին այն բոլոր ուղղղափառ (orthodox) երկիրներու հետ, որոնց պաշտպանը եղած են ցարերը եւ Խորհրդային Միութիւնը, որոնք եղած են դէպի Միջերկրական իրենց ազդեցութեան գօտին: Իսկ Հայաստանի տկարացումը Էրտողանի Թուրքիոյ առջեւ լայն կը բանայ դէպի հիւսիսային Կովկասի իսլամ եւ թրքացեղ ժողովուրդները, առանց մոռնալու Խրիմի թաթարները: Էրտողան յայատարարած էր, որ Խրիմը ուքրանիական է, որպէսզի Ռուսիոյ իսլամ եւ թրքացեղ ժողովուրդներուն հասնելու բաց ճամբայ ունենայ:

Արցախը կքած է: Ռուսիա Կովկաս վերադարձաւ ոչ միայն հայերը աղէտէ փրկելու, ինչ որ առաջին ակնարկով կրնան մտածել մարդիկ, նաեւ հայեր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այլ իր ազդեցութեան գօտին պաշտպանելու:

Հարց տանք. Ալիեւ եւ Էրտողան սանձարձակ եւ լայնածաւալ նախայարձակում կրնայի՞ն գործել, եթէ վստահ չըլլային, որ Ռուսիա պիտի չհակազդէ: Հակազդելու պատճառ-պատրուակ ալ ընծայուեցաւ. ռուսական ուղղաթիռ մը հարուածուեցաւ ազէրիներու կողմէ, եւ ինկաւ Հայաստանի հողամասին վրայ: Բայց Ռուսիա կրաւորական կեցուածք ունեցաւ, պատժիչ վերաբերում չունեցաւ, նոյն կրաւորականութիւնը ցուցաբերեց, երբ Թուրքիա վար առաւ ռուսական զինուորական օդանաւ մը Սուրիոյ մէջ:

Ի՞նչ պատահեցաւ: Ռուսիա իր շրջանային քաղաքական տիրակալի դերը խաղցաւ եւ զինադադար պարտադրեց, որ ինքնին բացասական չէ: Բայց զինադադարի պայմանները բացարձակ կերպով նկատի չէին առած Հայաստանի եւ հայութեան իրաւունքները, քանի որ անոնք կը հաստատէին թուրք-ազերի ռազմաքաղաքական շահերը, Հայաստանի տարածքով ճամբայ բանալով համաթրքական ծաւալապաշտութեան առջեւ, ցամաքով կապելով Թուրքիան Ատրպէյճանի, հանգրուան մը՝ դէպի Միջին Ասիա եւ անդին, դէպի Չինաստանի Զինճիանկ նահանգի ույղուրներու Ուրումքի քաղաքը: Այս միտքի մարզանք չէ:

Ռուսիա ինչ որ կը շահի մէկ կողմէ, անմիջական ներկայի մէջ, ինքնիրեն համար ապագայի տեղատուութեան հող կը պատրաստէ միւս կողմէ:

Խիստ մակերեսային է այն միտքը, որ Ռուսիա բացասականօրէն տրամադրուած էր Փաշինեանի դէմ, որ իշխանութենէ հեռացուցած էր այն ղեկավարութիւնը, որ ռուսամէտ կը համարուէր: Փաշինեան արտառուսական երաշխիքներ փնտռելով, կը խանգարէր ռուսական գերակայութիւնը, եւ չհասկցաւ որ շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւն եւ ապահովութիւն ռուսական էին: Ինքնագլուխ եւ ազատ քաղաքականութիւն վարել հաշտ աչքով չէր կրնար դիտուիլ Ռուսիոյ կողմէ:

Անցեալին, Մուսկուան հրասայլեր կը ղրկէր հոն ուր իր ազդեցութեան գօտիէն հեռանալու ցնորքներ յայտնաբերուէին: Հիմա ժամանակները փոխուած են եւ Վլատիմիր Փութին անմիջական հակազդեցութիւներով գործող ղեկավար չէ, զինուորական յեղաշրջում կարելի չէր, ընդունելի չէր ըլլար երկրին մէջ եւ միջազգային հանրային կարծիքին կողմէ: Չհակակշռուող կացութեան հետեւանք է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միասնաբար ծրագրուած նախայարձակումը:

Եւ միացեալ հզօր ուժերու դէմ Հայաստան մնաց առանց նեցուկի:

Ապահով նեցուկ հանդիսացաւ Սփիւռքը, որ օգնութեան փութաց, իր նիւթական, քարոզչական եւ երբեմն նաեւ ուղղակի պաշտպանութեան մասնակիցներով:

Իսկ Սփիւռքը, առաջին օթեակի հանդիսատես, հաստատեց, որ ազատ աշխարհ կոչուածը, բացի ասդին անդին յայտնուող զօրակցութիւններէ, որոնք բարոյականի սահմաններէն անդին չանցան, խօսքեր, յօդուածներ, ուրիշ օժանդակութիւն չբերաւ: Իսկ բժշկական կամ բարեսիրական օգնութիւն ուղղուեցաւ զոհին եւ նախայարձակին:

Հակառակ անհաւասար կռուի մտած հայոց գիտակից ինքնապաշտպանութեան եւ զոհաբերութեան, հրաշք կարելի չէր ակնկալել: 45 օրերու ընթացքին հայը կուրծք տուաւ թուրք-ազերի զինուորական ուժին, որուն վրայ գումարուեցան ծախուած մոլեռանդ վարձկանները:

Առանց հայ ժողովուրդը տեղեակ պահելու, քաղաքական-դիւանագիտական մութի մէջ զինադադարի պայմաններ մշակուեցան եւ ընդունուեցան, Հայաստանի կառավարութիւնը անկամ դարձած, պարտուած, հլու-հնազանդ գերիի պէս զանոնք ստորագրեց, ազգի այսօրուան եւ վաղուան համար ըստ ամենայնի մերժելի:

Պարտադրուած խաղաղեցումը ոչ հաշտութիւն է ոչ ալ խաղաղութիւն: Ալիեւի համար Արցախի հարցը չէ լուծուած, քանի որ դեռ հոն հայեր կան: Էրտողանի համար Հայաստան, նոյնիսկ ներկայի պարտադրանքներով բացուաւծ ճանապարհներով, կը խոչնդոտէ համաթուրանական երազի իրականացումը:

Հայաստան պէտք է որ զինադադարի մոխրոտ գորշութիւնը թօթափէ, համազգային վստահութիւն ներշնչող եւ ոչ-սիրողական կառավարութիւն մը կեանքի կոչելով, աշխարհագրական սահմանները անգիտանալով, համայն հայութեան բոլոր իրաւ կարողութիւններուն կոչ ընելով:

Օրակարգ պէտք է ըլլայ անսահմանափակ վերականգնումը:

Վերականգնումը կարգախօս չէ, ան միջոցներու ստեղծում է, անոնց յանձանձումը, նաեւ՝ հայոց տեսական համրանքի ուժի վերածումը:

Ի՞նչ իմաստ ունի ըսել, որ 15 միլիոն ենք, եթէ հայրենի բերդի պարիսպի ետին միայն 3 միլիոն ենք: Եւ պարիսպէն դուրս աւելի քան 10 միլիոն բարեսէր հայրենասէրներ, մանաւանդ խելքաբաշխ վերլուծողներ, գացող-եկող փառատենչիկներ:

Անսահմանափակ վերականգնումին համար անհրաժեշտ է զբօսաշրջութենէ տարբեր հայրենատիրական կազմակերպուած եւ յանձնառու հայրենադարձութիւնը, որուն համար Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակէն աւելին պէտք է:

Զինադադար հաստատուած է: Ռուսիան, Եւրոպան, Ամերիկան, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը կրնան խիղճի հանդարտութիւն զգալ, առանց շատ մտածելու գալիքի մասին, որ միայն հայկական պիտի չըլլայ: Ինչպէս կը գրէր ֆրանսական թերթ մը, Ատրպէյճանը պաշտօնապէս հանրապետութիւն է, բայց իրողապէս՝ սուլթանութիւն, յար եւ նման Թուրքիոյ մէջ եղած Էրտողանի սուլթանութեան: Իսկ սուլթանութիւնը իսլամիստական-համաթուրանական քուրան է, որ պիտի առաջնորդէ նախատեսելի մեծ պատերազմի:

Արցախ եւ Հայաստան գալիքի նախափորձերու դաշտն են, լապորաթորիան:

yerakouyn.com/2020/11/18/զինադադարէն-ետքի-մասին-յ-պալեան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail