Կը Պահանջենք Նիկոլ Փաշինեանի Անյապաղ Հրաժարականը. Թեհրանի եւ Սպահանի Հայոց Թեմերու Առաջնորդներ
18 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ –
Թեհրանի եւ Սպահանի հայոց թեմերու առաջնորդներուն կոչ-նամակը՝ ԻԻՀ-ի մէջ՝ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ա. Թումանեանին
Արցախեան 45-օրեայ պատերազմի հանգուցալուծման կապակցութեամբ, թուականիս Նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած սահմռկեցուցիչ համաձայնագիրը ցնցեց բոլորիս հոգին։
Համաձայնագիր, որ գաղտնի բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք, միանձնեայ պատասխանատւութեամբ, առանց ազգային, եկեղեցական եւ քաղաքական գործիչներու նաեւ հասարակութեան տեղեկացնելու, դրոշմուեցաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրութեամբ՝ թշնամիին սկուտեղի վրայ յանձնելով 30 տարիներու ընթացքին մեր հայորդիներուն արեան գնով ազատագրուած հազարամեայ պապենական հողերը եւ ընդունելով թշնամիի բոլոր նուաստացուցիչ պայմանները, որոնց կարեւորագոյնը կարելի է համարել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի տարիներու նպատակը՝ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ երկու ուղղութիւններով կապ հաստատելու հնարաւորութիւնը, որուն համար պիտի բացուին Հայաստանի հարաւային դարպասները։
Այս դաւաճանական քաղաքական դիրքորոշումը եւ կատարուած գործողութիւնը սկիզբը պիտի ըլլայ Արցախի հայաթափման եւ պիտի վտանգէ Հայաստանի գոյապահպանումը, որն է թուրքի դարաւոր երազանքը։
Ակնյայտ է, որ Նիկոլ Փաշինեանը իր իշխանութեան երկու եւ կէս ամեայ պաշտօնավարման ընթացքին սխալներ թոյլ տուած է արտաքին քաղաքականութեան ոլորտէն ներս՝ չզանազանելով թշնամին եւ բարեկամը, որ եւ նկատուեցաւ Արցախեան 45-օրեայ պատերազմին ընթացքին, որուն արդիւնքը եղաւ Հայ ժողովուրդի արժանապատւութեան կորուստը եւ արձանագրուեցաւ ազգային աղէտը եւ ողբերգութիւնը։
Արդ, Հայ ժողովուրդի համար ճակատագրական այս օրերուն, Իրանահայ երկու Թեմերս, խստիւ դատապարտելով Նիկոլ Փաշինեանի միջոցով իրագործուած պարտուողական, խայտառակ գործարքը եւ, այժմ, նաեւ սեփական իշխանութիւնը պահելու եւ ինքնարդարացման նպատակով, երկրին մէջ ներքին թշնամանք սերմանելու, քաղաքացիական պատերազմ հրահրելու եւ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը վտանգող գործողութիւնները, կը պահանջենք անոր անյապաղ հրաժարականը։ Երիցս դատապարտելի քայլ կը համարուին նաեւ հրաժարականի արդարացի պահանջին դէմ անոր կողմէ ձեռնարկուած ճնշման եւ բռնութիւններու փորձերը։
Առ այդ, կոչ կ՝ընենք իշխանութեան՝ միասնական դիրքորոշում որդեգրելու ժողովրդական ցասումը մեղմացնելու, իրավիճակը առաւել բարդանալէ զերծ մնալու եւ Արցախի ազատագրման եւ ազգային վեհ նպատակներու իրականացման անհրաժեշտ քայլերը ձեռնարկելու առնչութեամբ։
15 Նոյեմբեր 2020 թ.
ԱՂՕԹԱՐԱՐՔ՝
ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՍԱՐԳՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՍԻՓԱՆ ԵՊՍ. ՔԷՉԷՃԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՊԱՀԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
yerakouyn.com/2020/11/17/կը-պահանջենք-նիկոլ-փաշինեանի-անյապաղ/