Անդրադարձ. Ամերիկեան Ռազմավարութիւնը, Հարաւային Կովկասը, Հայաստանը, Արցախը Եւ Ռուսիան – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
19 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Վերը աստուած, վարը հայկական բանակ: – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Շատ յստակ է, որ այժմու «հակառուս» իշխանութիւնը որեւէ օգուտ չունի Հայաստանի եւ Արցախի ապագային համար: Այս Իշխանութիւնը շատ արագ պէտք է հեռանայ, որպէսզի նոր իշխանութիւնը լաւագոյն յարաբերութիւններ վերամշակէ Ռուսիոյ հետ, երբ տակաւին մանրամասնութիւններ կան, որոնք կարելի է ի նպաստ հայկական կողմին լուծել»:
Յաջորդական չորս յօդուածներով վերոնշեալ նիւթին մասին անդրադարձ կատարուեցաւ. 2020-ի 17 հոկտեմբերին` «Միացեալ Նահանգները Եւ Արցախի Դէմ Տեղի Ունեցող Պատերազմը» (1), 23 հոկտեմբերին` «Արցախը Զոհ` Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարութեան Ա.» (2) , 27 հոկտեմբերին` «Արցախը Զոհ` Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարութեան Բ.» (3) եւ 16 նոյեմբերին` «Յեղափոխութիւնը Նոր Սեւն Է. Ինչպէ՞ս Արեւմտեան Դրամը Կը Հոգայ Տապալէ-Քու-Կառավարութիւնդ Դասապահերը» (4):
1. Ռուսամէտ Մոլտովան` Ուքրանիոյ եւ Ռումանիոյ կողմէ շրջապատուած, դէպի Սեւ ծով ելքով:
2. Փոքր Քալինինկրատը` Ռուսիոյ մաս կը կազմէ` առանց հողային կապ ունենալու Ռուսիոյ հետ, Պալթիք ծովուն եզերքին:
Այս բոլոր գրութիւններուն միտք բանին` Միացեալ Նահանգներ-ՕԹԱՆ (Հիւսիսային Ատլանտեան դաշինքի կազմակերպութիւն) ընդդէմ Ռուսիա մրցակցութեան մասին է` նպատակ ունենալով նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրները հեռացնել ռուսական ազդեցութեան գօտիէն եւ միացնել ամերիկեան ազդեցութեան տակ գտնուող ՕԹԱՆին` միեւնոյն ժամանակ տկարացնելով Ռուսիան:
Ռէնտ ռազմավարական ուսումնասիրութեան կեդրոնը հետեւեալ 6 կարելիութիւնները կը յանձնարարէր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, որոնց բոլորը արդէն ընթացքի մէջ են: Վերջինը Մոլտովան է, ուր նախագահական ընտրութիւններ կը կատարուին, որ պիտի աւարտի 15 նոյեմբեր 2020-ին, ուր ռուսամէտ եւ հակառուս թեկնածուներ կը պայքարին: Քիչ առաջ հաղորդուեցաւ, որ հակառուս թեկնածուն շուրջ 57 տոկոս քուէներով պիտի յաղթէ: Ուրեմն Միացեալ Նահանգները 100 տոկոս կը գործադրեն նշեալ ռազմավարութիւնը, որ ստորեւ կը յիշեցնեմ (2).
1.- Ուքրանիոյ մահացու (զինատեսակ) օժանդակութիւն տրամադրել:
2.- Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն զօրակցութիւնը աւելցնել,
3.- Պիելառուսիոյ մէջ իշխանափոխութիւն յառաջացնել,
4.- ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՈՐԾԵԼ,
5.- Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնել,
6.- Ասպարէզ կարդալ Մոլտովայի մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան:
Մեզ` Հայաստանն ու Արցախը հետաքրքրող չորրորդ կէտը յար եւ նման է Վրաստանի մէջ պատահածին, կը մէջբերեմ. «Վրաստանը, Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէին, եւ այժմ Ռուսիան կը շարունակէ նկատառելի կշիռ պահպանել շրջանին վրայ: Օգոստոս 2008-ին, անջատողականներու հետ խաղաղութեան համաձայնութիւնները խզուելէն ետք, Վրաստանը կարճատեւ պատերազմ սկսաւ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ` Վրաստանի կիսանկախ (ինքնավար) ռուսամէտ երկու նահանգներուն դէմ: Պատերազմը աղէտալի եղաւ Վրաստանի համար: Ռուսիան արագ միջամտեց եւ, ի վերջոյ, գրաւեց այս տարածաշրջանները, նոյնպէս` կարճ ժամանակի համար նաեւ Վրաստանի այլ հատուածներ: Վրաստանը 14 օգոստոս 2008-ին, Ռուսիոյ միջամտութենէն 8 օր ետք, զինադադարի պայմանագիր ստորագրեց: Սակայն ռուսական ուժերը կը շարունակեն մնալ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ մէջ, որոնք երկուքն ալ յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը»:
Այս պատերազմին ընթացքին Վրաստանի դաշնակից Միացեալ Նահանգները մարտանաւեր ղրկեցին Սեւ ծով, որոնք սակայն մի՛այն դիտեցին պատերազմը` առանց միջամտելու… Վրաստանը եւ Ուքրանիան զոհ գացին ամերիկեան-սորոսեան գունաւոր յեղափոխութեան` հողամասեր կորսնցնելով եւ մնալով անկայուն, առաջինին պարագային` Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան, իսկ Խրիմը` երկրորդին պարագային: Զուգահեռները` նմանութիւնը Հայաստանի վերջին շուրջ երկու տարիներու պատմութեան հետ շատ յստակ են:
Հայաստանի «յեղափոխութիւնը», սակայն, «գունաւոր» չկոչեցին, այլ` «թաւշեայ», իբր թէ քողարկելով «շարժումին» հակառուս բնոյթը, «փտածութեան դէմ պայքար» լոզունգով… (5): Սակայն հեգնականը ա՛յն է, որ Հայաստանը շուրջ 30 տարի է շրջափակուած է արեւելքէն եւ արեւմուտքէն, միւսներուն նման ծովային սահման իսկ չունի, ուստի «Արեւմուտքէն», եթէ կամենան նոյնիսկ, ուղղակի օգնութեան կարելիութիւն չկայ:Սակայն, «յեղափոխականները» ինկան ամերիկեան թակարդին մէջ, եւ երբ 27 սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի վրայ թուրք-ազերի-իսրայէլ-ահաբեկիչներ պատերազմը սկսաւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը` Մայք Փոմփէօ ըսաւ. «Մենք յոյսով ենք, որ հայերը պիտի կարենան պաշտպանուիլ Ազրպէյճանի կատարածին դէմ», այսինքն մենք ոչի՛նչ պիտի ընենք, տոկացէ՛ք…(1), Ճի՛շդ Վրաստանի նման:
«Փտածութեան դէմ պայքար» լոզունգով, սակայն, իրականութեան մէջ, հակառուս օրակարգով, ծնունդ առաւ «թաւշեայ յեղափոխութիւնը», ինչպէս որ սորված էին «յեղափոխութեան» առաջնորդները ամերիկեան հովանաւորութեամբ հաւաքներուն, Փրակայի եւ երեք անգամ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հակառուս շարժումի դասապահերուն ընթացքին, ուր ապագայ ցոյցերու առաջնորդները սորվեցան նոյնիսկ սուտ լոզունգներով` ամբոխավարութեամբ ժողովուրդին մէջ իշխանութեան դէմ ատելութիւն սերմանել (4):
Վահրամ Էմմիեան շատ լաւ կը բացատրէ Փաշինեանի իշխանութեան հակառուս գործունէութիւնը «Բարացուցական անհեթեթութիւն» յօդուածին մէջ (6), կը մէջբերեմ. «Դժբախտաբար Հայաստան եւս միացաւ «գունաւոր յեղափոխութիւններ»-է ետք տարածքներ կորսնցուցած երկիրներու` Վրաստանին ու Ուքրանիոյ շարքին, երբ 1001 անգամ գրգռեց ռուսական արջը: Արդարեւ, փոխան Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընտրեց հակառուս օրակարգ մը, որուն բազմաթիւ օրինակներէն են ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի դէմ դատական հայցի յարուցումը, որ Ռուսիոյ վարկին հասցուած մեծ հարուած մըն էր, ինչպէս նաեւ ԵԽԽՎ-ի մէջ անոր կուսակցութեան ներկայացուցիչներու Ռուսիոյ ԵԽԽՎ վերադարձին դէմ քուէարկելու անմտութիւնը: Այս բոլորի կողքին, Փաշինեան նաեւ նեղացուց Իրանը` Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալով»:
Իմ կողմէս պիտի աւելցնեմ նաեւ երկու իրողութիւն եւս: Առաջինը` Երեւանի մէջ նախկին խորհրդային երկիրներու երիտասարդական խումբերու, հակառուս յեղափոխութիւն կազմակերպելու առ նուազն 3 հաւաք-վարժութեան կազմակերպումը: Այսինքն Երեւանէն կազմակերպել ամերիկեան` հակառուս յեղափոխութիւններ` նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ (4):
Երկրորդը` 30 սեպտեմբեր 2018-ին, Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան 2018-2019-ի տխրահռչակ խորհրդական` Ճոն Պոլթընի (որուն լաւ ծանօթ է լիբանանահայութիւնը եւ Միջին Արեւելքը) այցելութիւնը Հայաստան (7), որմէ ետք Հայաստան-Իրան գործակցութիւնը նուազեցաւ, քանի որ Հայաստան կարգ մը պարագաներու յիմարօրէն կիրարկեց Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներէն ոմանք` վտանգելով մեր լաւագոյն դրացիին` Հայաստանի եւ Արցախի հետ միա՛կ անկաշկանդ հարաւի սահմանին` Իրանի հետ յարաբերութիւնը:
Պոլթընի այցելութեան մասին «Եուրազիանեթ» կայքէջը հետեւեալ խորագիրը գործածած էր. «Պոլթընի` Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ նշանառութեան անուղղակի զոհը Հայաստա՞նը պիտի ըլլայ», ուր կը գրէ (8).
«Ինչպէս կը սպասուէր, Պոլթընի այցը Հարաւային Կովկասի պետութիւններուն` Վրաստանին, Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կեդրոնացաւ ներգրաւելու զանոնք` Իրանը մեկուսացնելու Ուաշինկթընի ճիգերուն:
«Անցեալին Միացեալ Նահանգները միւս կողմ նայած են Հայաստան-Իրան կապերուն, նոյնիսկ երբ Իրանի դէմ լայնածիր պատժամիջոցներ սահմանած էին` հասկնալով, որ Հայաստանը քիչ ընտրանքներ ունէր: Պոլթընը, սակայն, հասկցուց, որ բարեացակամութիւնը վերջանալու վրայ է: Մինչ Միացեալ Նահանգները կ՛աւելցնեն ճնշումը Իրանին վրայ, Հայաստան-Իրան սահմանը «յատկանշական հարցի պիտի վերածուի» ըսաւ Պոլթըն «Ազատութիւն ռատիօկայան»-ին տուած հարցազրոյցին. «Մենք պիտի սեղմենք Իրանը, քանի որ կը հաւատանք, թէ անոնց վարմունքը Միջին Արեւելքի եւ իրողապէս համաշխարհային առումով չարամիտ է եւ պէտք է փոխուի:
3. Պոլթըն եւ Փաշինեան: 4. Մայա Սանտու Մոլտովայի հակառուս թեկնածուն:
«Պոլթըն ընդունեց, որ կը հասկնայ, թէ ինչո՛ւ Հայաստանը Իրանին պէտք ունի, սակայն ատոր լուծումը Ազրպէյճանի հետ հակամարտութեան վերջ տալուն մէջ կը կայանայ: Պոլթընի այս հարեւանցի` թեթեւամիտ դիւանագիտութիւնը ղարաբաղեան հարցին մէջ, յաջորդեց նախորդ շաբաթ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու ընթացաւարտ դեսպան Ռիչըրտ Միլզի կողմէ տրուած հակասական, խնդրայարոյց հարցազրոյցին, ուր ան կ՛ըսէր, որ «անհանգստացնող» է այն, թէ` որքան քիչ է թիւը հայերուն, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ յօժար են զիջումներ կատարել Ազրպէյճանին: «Դառն իրականութիւնը այն է, որ որեւէ լուծում կը պահանջէ վերադարձնել գրաւեալ տարածքներուն որոշ մասը», ըսաւ Միլզը EVN Report լրատուական կայքէջին:
«Մինչ, առարկայականօրէն ճիշդ, սակայն Միլզի եւ Պոլթընի զոյգ յայտարարութիւններուն ազդեցութիւնը Երեւանի մէջ պատճառեց ա՛յն, որ Փաշինեանի նոր կառավարութեան նախնական քայլերը դէպի Արեւմուտք կը վարձատրուէր Երեւանի դիրքին հանդէպ համակրանքի ակնյայտ բացակայութեամբ: Բացի այդ, Թրամփի վարչակազմը քիչ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Կովկասի նկատմամբ, նոյնիսկ` ցած մակարդակով: Նաեւ քիչ է հաւանականութիւնը, որ Ուաշինկթըն փոխադարձաբար Հայաստանին որեւէ բան ունի շնորհելու` Պոլթընի առաջարկած զգայացունց քայլերուն դիմաց:
Փակագիծ մը բանալով` Պոլթըն, որ 2005-2006 Միացեալ Նահանգներու ՄԱԿ-ի մէջ դեսպանն էր, Ընդհանուր ժողովին առջեւ ցեղապաշտական արտայայտութիւն ունեցաւ` հարց տալով, որ միթէ հրեայ անձը եւ պաղեստինցին հաւասար արժէ՞ք ունին… բարձր գերադասելով հրեան:
Ռուսիան «կարդացած» էր Ռէնտի թելադրանքները (անշուշտ պէտք չունի կարդալու), սակայն Հայաստանը` ո՛չ: Հայաստանի վերոնշեալ ընթացքը` քաղաքական անձնասպանութիւն էր, որ «հմուտ» կերպով կատարեց այս իշխանութիւնը` առանց պաշտպանելու Հայաստանի շահերը, այլ գիտակցաբար, կամ` ոչ, պաշտպանելով ՕԹԱՆ-ի շահերը: Քաղաքագէտ ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար վերոնշեալ այս յիմար ընթացքը:
Ռուսիան, ինչպէս որեւէ երկիր, ի՛ր շահերը պաշտպանեց եւ «գրաւեց» Արցախը, ինչպէս կարգ մը ազերիներ այդպէս կը տեսնեն Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութիւնը, քանի որ ազերիներուն ակնոցով Արցախը ազրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» մաս կը կազմէ:
Եզրակացութիւն. Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ը ձախողեցան այս փուլին, եւ Ռուսիան շահեցաւ, այնպէս` ինչպէս Ռէնտը գուշակեց, ու այժմ Ռուսիան փոխանակ Հարաւային Կովկասէն հեռանալու, աւելի ամրացուց իր ներկայութիւնը, հաստատուելով նաեւ Արցախի մէջ` թշնամիներուն ակնոցով` Ազրպէյճանի մէջ: Ռուսիոյ համար բնա՛ւ դժուար չէ 5 տարին 50-ի կամ աւելիի վերածելը, շատ են հնարքները, որոնց պատճառով որեւէ կողմ պիտի չհամարձակի չնորոգել անոնց ներկայութիւնը: Իսկ մենք` Հայաստան, Արցախ եւ հայ ժողովուրդ եղանք մեծագոյն կորսնցնողը: Սակայն վերջերս, իւրաքանչիւր օր, փոքր դրական արտայայտութիւններ կը լսենք յատկապէս Ռուսիոյ նախագահ Փութինէն:
Շատ յստակ է, որ այժմու «հակառուս» իշխանութիւնը որեւէ օգուտ չունի Հայաստանի եւ Արցախի ապագային համար: Այս Իշխանութիւնը շատ արագ պէտք է հեռանայ, որպէսզի նոր իշխանութիւնը լաւագոյն յարաբերութիւններ վերամշակէ Ռուսիոյ հետ, երբ տակաւին մանրամասնութիւններ կան, որոնք կարելի է ի նպաստ հայկական կողմին լուծել:
Կարեւորագոյնը կը մնայ չկորսնցնել հաւատքն ու կորովը` դուրս գալու համար կատարուած այս ահաւոր դաւադրութենէն:
17 նոյեմբեր 2020
(1) http://www.aztagdaily.com/archives/486567
(2) http://www.aztagdaily.com/archives/487136
(3) http://www.aztagdaily.com/archives/487443
(4) http://www.aztagdaily.com/archives/489550
(5) http://www.aztagdaily.com/archives/478868
(6) http://www.aztagdaily.com/archives/489433
(7) https://armenianweekly.com/2018/11/01/john-boltons-trip-to-armenia-draws-strong-reactions/
(8) https://eurasianet.org/after-bolton-takes-aim-at-russia-and-iran-is-armenia-the-collateral-damage
aztagdaily.com/archives/489920