Զօր. Մովսէս Յակոբեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Մեղադրեց Յանցագործութեան Մէջ

Զօր. Մովսէս Յակոբեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Մեղադրեց Յանցագործութեան Մէջ

Զօր. Մովսէս Յակոբեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Մեղադրեց Յանցագործութեան Մէջ

20 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ –

Երէկ` հինգշաբթի, 19 նոյեմբերին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան նախկին պետ զօր. Մովսէս Յակոբեան անդրադարձաւ 27 սեպտեմբերին սկսած արցախեան պատերազմին եւ մեղադրեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յանցագործութեան մէջ:

Զօր. Մովսէս Յակոբեան 18 նոյեմբերին տուած էր իր հրաժարականը` պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութենէն:

«Ասիկա դաւաճանութիւն չէ, անգրագիտութիւն է եւ պատերազմի արուեստին, ղեկավարման համակարգին չտիրապետել է», յայտնեց ան` յատկապէս նշելով, որ «երկրի վարչապետը հրաման կ՛արձակէ կանգնեցնելու լրացուցիչ համալրումը եւ փոխարէնը կամաւորականները կ՛ուղարկէ առաջնագիծ` պատերազմի երրորդ օրը»: Ըստ անոր, զօրահաւաք չէ կատարուած, եւ հոնկէ ալ ծագած են բոլոր խնդիրները:

Զօր. Մովսէս Յակոբեան դիտել տուաւ, որ պատերազմի ընթացքին վարչապետին տիկինը տեսած է Արցախի ռազմական հրամանատարական կազմին մէջ, անկէ խնդրած է հեռանալ, որմէ 4 ժամ ետք իրեն Երեւան կանչած են` ըսելով, որ վարչապետը կ՛արգիլէ իրեն Արցախ երթալ: Զօրավարը նաեւ պատերազմական վիճակին, Ռուսիոյ կողմէ օժանդակութեան եւ արձանագրուած թերութիւններուն մասին ցնցիչ բացայայտումներ կատարեց:

Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսէն ետք զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեան հրաւիրուեցաւ Յատուկ քննչական ծառայութիւն` հարցաքննութեան, որմէ ետք վերադարձաւ տուն:

Մինչ այդ, վարչապետի մամլոյ բանբեր Մանէ Գէորգեան յայտնեց, որ Մովսէս Յակոբեանի յայտարարութիւններով պէտք է զբաղին իրաւապահ մարմինները, որոնք պէտք է քննեն բոլոր յայտարարութիւնները, եւ անոնք պէտք է պարզաբանուին եւ գնահատականի արժանանան:

aztagdaily.com/archives/490085

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail